Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ուսուցիչներու Աշխատավարձերու Յաւելումներու Նոր Օրէնքի Քննարկումի Բ. Հաւաք

Չորեքշաբթի, 24 յունուար 2018-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններու եւ կրթական պատասխանատուներու երկրորդ ներկայացուցչական հաւաքը, որուն նպատակն էր միասնաբար քննարկել ուսուցիչներու աշխատավարձերուն գծով պետութեան կողմէ սահմանուած յաւելումներու նոր օրինագիծը եւ իրազեկ դառնալ այն բոլոր ճիգերուն, որոնք վերոյիշեալ նպատակով ի գործ կը դրուին տեղական սեփական վարժարաններու եւ մասնաւորաբար Կաթողիկէ վարժարաններու համախմբումին կողմէ:

Յայտնենք, որ նշեալ հաւաքին մասնակցեցան գաղութի համայնքային եւ միութենական վարժարաններու բոլոր ներկայացուցիչները:

Հաւաքին մասնակից վարժարաններու պատասխանատուները հերթաբար, ամփոփ ձեւով զեկուցեցին ուսուցիչներու աշխատավարձերու յաւելումներուն գծով տուեալ վարժարանի պատասխանատուներուն կողմէ ցարդ առնուած քայլերուն ու որդեգրուած քաղաքականութեան մասին:

Ներկաները հաւաքաբար հասատատեցին, որ պետութեան կողմէ սահմանուած յաւելումներու ամբողջական կիրարկումը ո՛չ միայն վեր է հայ վարժարանին ունեցած նիւթական կարողութենէն, այլեւ աննախընթաց տագնապ մը պիտի ստեղծէ բոլոր վարժարաններուն, ինչ որ կարելի չէ դարմանել միայն ծնողներուն գործակցութեամբ: Ներկաները բարձրօրէն գնահատեցին հայ վարժարաններու ուսուցիչներուն հասկացողութիւնն ու գործակցութեան ոգին:

Անոնք հաստատեցին, որ ներկայ տնտեսական դժուարին պայմաններուն մէջ, մեր վարժարաններու ծնողները կրթաթոշակի նոր յաւելումներուն պատճառով բնականաբար պիտի գտնուին նոր դժուարութիւններու դիմաց, եւ այս գծով կ՛ակնկալուի, որ անոնք ցուցաբերեն համապատասխան հասկացողութիւն եւ զօրակցութիւն: Ներկայացուցիչները նշեցին, որ առաւել կամ նուազ չափով պիտի դժուարանան նաեւ իր ամբողջութեամբ կիրարկել յաւելումներու օրինագիծը: Այստեղ պէտք է շեշտել, որ սեփական վարժարաններու եւ մասնաւորաբար Կաթողիկէ վարժարաններու համախմբումին կողմէ պետական պատկան մարմիններուն հետ քննարկումները կը շարունակուին` առաւել եւս բիւրեղացնելու գործնականացման ընթացքը:

Աւարտին, հաւաքին մասնակիցները անհրաժեշտ նկատեցին յառաջիկայ փուլին եւս շարունակել տուեալներու փոխանակման եւ ընդհանուր քաղաքականութեան մը որդեգրումին նպաստող տեղեկատուական նոյնօրինակ հաւաքները, կոչ ուղղեցին լիբանանահայ գաղութի համայնքապետներուն եւ պատասխանատուներուն, որպէսզի առաջնակարգ օրակարգի վրայ զետեղեն հայ վարժարաններուն դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ ի հարկին նաեւ դիմեն այդ դժուարութիւնները վերացնող համասփիւռքեան ու համահայկական ճիգերու:

Այս առիթով, Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան Առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեան հաստատեց, որ կը թուի, թէ ներկայ փուլին, հայ դպրոցը ո՛չ միայն սկսած է օրըստօրէ կորսնցնել իր բարեկամներն ու աջակիցները, այլեւ մնալ մինակ: Սրբազանը յոյս յայտնելով, որ միացեալ ճիգերով դարձեալ կարելի պիտի ըլլայ շրջանցել հայ դպրոցին դիմաց յարուցուած տագնապեցնող այս փուլը, շեշտեց, որ այո՛, լիբանանահայ վարժարանները պահելու համար անհրաժեշտ է բոլոր մակարդակներուն վրայ մէկտեղել գաղութային մեր կարողականութիւնը, որպէսզի հայ դպրոցով մեր միջավայրը շարունակէ մնալ ազգային դիմագիծ ու նկարագիր ունեցող հարազատ միջավայր: