Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ուսուցչաց տօն

Ուսուցչաց տօնին առիթով դարձեալ քաղցր բախտը կ’ունենանք մտածելու անոնց մասին, որոնք նուիրումով ու ծառայութեամբ, մեր դպրոցներուն ճամբով, վաղուան կեանքին համար կը պատրաստեն մեր ժողովուրդի զաւակները:
Պատահականութիւն չէ Ուսուցչաց տօնը եւ ոչ ալ` արհեստականօրէն ստեղծուած առիթ: Ընդհակառա՛կը, ան կու գայ մեր ընկերութեան երախտաւոր գիտակցութենէն` հանդէպ այն նուիրեալներուն, որոնք` իբրեւ դաստիարակներ, ոչ միայն իրենց ժամանակէն, կարողութենէն ու մտքէն կու տան, այլեւ մարդը կրթելու, ազնուացնելու եւ ընկերութիւնը գիտակից ու քաղաքակիրթ դարձնելու համար նաեւ ինքզինքնին կու տան:
Ուսուցչաց տօնը վստահաբար մեզի համար նախ առիթ է ողջունելու լիբանանահայ մեր վարժարաններուն կրթական մշակները, որոնք նուիրումով, համբերութեամբ ու բծախնդրութեամբ ոչ միայն մեր զաւակներուն միտքը կը մշակեն, այլեւ անոնց մէջ կը զետեղեն մեր ազգային գերագոյն շահերուն ու ձգտումներուն գիտակցութիւնը:
Այս առթիւ մեր հաւաքականութիւնը պէտք է զգայ, թէ ուսուցիչը հայ դպրոցին ճամբով կը շարունակէ շատ բան տալ հայ կեանքին, մասնաւորաբար` լիբանանահայ մեր կեանքին, որ նկարագրով տիրականօրէն կը մնայ հայկական, որովհետեւ հայ դպրոցը իր նախախնամական դերով այնքան սերտօրէն կապուած կը մնայ մեր կեանքին:
Արդարեւ, հակառակ մեր ապրած տեսակաւոր խնդիրներուն ու դժուարութիւններուն ու մեր աշխատանքներուն մէջ նշմարուող նահանջին, տակաւին մեր իրականութեան մէջ կայ նուիրումի եւ խղճամիտ աշխատանքի փաստ, կայ մտաւոր չքաւորութեան դէմ պայքարելու պատրաստակամութիւն, կայ նախկին սերունդներուն կերտած հայեցի աւանդը պահելու եւ զայն յաջորդող սերունդներուն փոխանցելու յանձնառութիւն ու հոսանքն ի վեր թիավարելու խիզախ կեցուածք: Այդ բոլորը կը կատարուին հայ դպրոցի երդիքին տակ եւ առաւելաբար մեր ուսուցիչներուն անգնահատելի վաստակովն ու նուիրումովը:
Մեր ժողովուրդը պէտք է գիտակցի, որ անհաշիւ տագնապներու բովէն անցնող լիբանանահայ մեր կեանքը կը մնայ կանգուն, որովհետեւ անցնող տասնամեակներուն հայ դպրոցը իր իւրայատուկ դրոշմը հաստատած է այդ կեանքի բոլոր ոլորտներուն վրայ: Այդ իսկ պատճառով լիբանանահայութեան յոյսը կապուած կը մնայ Լիբանանին, ուր մեր ամրութեան ամենազօրեղ յենարանը կը մնայ հայ դպրոցը, որուն գոյացուցած արդիւնքին շնորհիւ մեր ընկերութիւնը չի գունաթափիր, այլ վաղուան լուսաւոր տեսիլքներու ակնկալութեամբ, կը մնայ հաւատարիմ ու աննահանջ` յամառօրէն կառչած իր արմատներուն ու ազգային աւանդին:
Իրենց տօնին առիթով խաղաղ եւ անփորձանք կեանք կը մաղթենք մեր բոլոր ուսուցիչներուն եւ կ՛աղօթենք, որ աշխարհի փոթորկող քամիներուն դիմաց մեր վարժարաններուն մէջ հաւատքով ու քրտինքով կերտուածը դիմանայ երկար:
Եւ վերջապէս, մեր կեանքի պայմաններուն մէջ կրնայ շատ բան փոխուիլ, սակայն հայ դպրոցին նկատմամբ ու մեր ուսուցիչներուն հանդէպ մեր սրտերը կը մնան ընդմիշտ երախտագէտ:
Աղօթարար`
ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ