Բարձր հովանաւորութեամբ՝ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Շահէ Արք. Փանոսեանի, Կիրակի, 12 Դեկտեմբեր, 2021-ին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, ներկայութեամբ՝ քոյր համայնքներու ներկայացուցիչներուն, Այնճարի քաղաքապետ՝ Վարդգէս Խօշեանի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Պարոյր Տէր Ղուկասեանի, «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի անդամներուն,Գերեզմանատան մատրան վերանորոգութեան բարերար ու նախկին պետական նախարար՝ Վրէժ եւ Սալմա Սապունճեան ամոլին, պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ հոծ բազմութեան, Այնճարի գերեզմանատան Ս.Եղիա- Ս.Թովմաս մատրան պաշտօնական բացման առիթով, հոգեւոր հովիւ՝ Տէր Միւռոն քհնյ. Աւետիսեան մատուցեց Սուրբ եւ անմահ պատարագ, իսկ Առաջնորդ Սրբազանը իր հայրական պատգամը փոխանցեց հաւատացեալ ժողովուրդին:
Սրբազան Հայրը իր պատգամով, անդրադարձաւ այսօրուան տիրող կեանքի դժուարութիւններուն եւ իբրեւ օրինակ վեր առաւ Ս.Պօղոս առաքեալին Թեսաղոնիկեցիներուն ուղղուած երկրորդ նամակին առաջին գրութիւնը, ուր առաքեալը իր խօսքերուն մէջ քրիստոնեաներուն կ՛ըսէ. «Եղբայրնե՛ր, պարտք կը զգանք եւ արդար կը գտնենք ձեզի համար միշտ գոհութիւն յայտնել Աստուծոյ, որովհետեւ ձեր հաւատքը հետզհետէ աւելի կ՛աճի եւ ձեզմէ իւրաքանչիւրին սէրը իրարու հանդէպ աւելի կը խորանայ: Աստուծոյ եկեղեցիներուն մէջ մենք կը պարծենանք ձեզմով, այն հաւատքին եւ համբերութեան համար, որ դուք ցուցաբերեցիք ձեր կրած բոլոր հալածանքներուն եւ նեղութիւններուն մէջ» (Բ. Թս, 1.3,4):
Եզրակացնելով պատգամը, Սրբազանը վերոնշեալ նամակէն մէջբերեց եղբայրասիրութեան գաղափարը ու ըսաւ, թէ արդի ժամանակները իրենց բերած նորաձեւութիւններով շատ բան փոխած են մեր կեանքին մէջ, որոնք պատճառ կը հանդիսանան մոռնալու մեր համայնքն ու մեր հարազատները. ուստի յորդորեց ժողովուրդին մնալ անսասան իրենց քրիստոնէական հաւատքին մէջ եւ չկորսնցնել ուժանակութիւնը՝ մասնաւորաբար մերօրեայ կեանքի դժուարին պայմաններուն մէջ:
Այնուհետեւ գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Եղիա- Ս. Թովմաս վերանորոգուած մատուռի օծման ու օրհնութեան հանդիսաւոր կարգը: Աւարտին, Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց մատրան վերանորոգման նիւթաբարոյական աջակցութիւնը բերած բարերար ամոլին եւ յատկապէս՝ բարձրօրէն գնահատեց հոգեւոր հովիւին Այնճար հայաւանէն ներս եօթը տարիներու անխոնջ ու նուիրեալ աշխատանքը, եւ առիթէն օգտուելով համայն գիւղացիներուն անունով անոր հրաժեշտի խօսք ուղղեց ու մաղթեց, ըսելով. «Այնպէս ինչպէս, որ Այնճարի հօտիդ վստահութիւնն ու սէրը շահեցար, նոյն թափով ու ոգիով աշխարհի որ ծագին ալ որ գտնուիս, շարունակես քու սրբազան առաքելութիւնդ ի պայծառութիւն հայ ազգիս ու եկեղեցւոյս»:
Սրբաազան հօր գնահատանքէն զերծ չմնացին նաեւ Այնճարի Ազգային Գերեզմանատան յանձնախումբն ու Թաղական խորհուրդը իրենց կատարած շինիչ աշխատանքին համար:
Օրուան հոգեպարար արարողութիւնները աւարտեցան Այնճարի ժողովուրդին ուղղուած Առաջնորդի բարեմաղթութիւններով եւ օրհնութիւններով: