Լիբանանահայութեան պատմութեան էջերուն վրայ ոսկեայ տառերով յաղթանակ մը արձանագրուեցաւ: Յաղթանակ մը, որ կը մարմնաւորէ անցեալէն եկած եւ մինչեւ 21-րդ դար հասած հայ ժողովուրդի քաղաքակրթութեան ձգտումը: Չորեքշաբթի, 23 նոյեմբեր 2016-ի երեկոյեան պանծալի ու հիասքանչ մթնոլորտի մը մէջ կեանքի կոչուեցաւ լոյսի ու գիտութեան շքեղ կառոյց մը, որ շուտով պիտի դառնայ լիբանանահայութեան միջնաբերդը, հոգիի ու միտքի դարբնոցը եւ մնայուն աւիշ հայթայթող հաստաբուն կաղնին:
Չորեքշաբթի, 23 նոյեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, բարձր հովանաւորութեամբ եւ ձեռամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի բացումը կատարուեցաւ Ազգային միացեալ վարժարանին: Վեհափառ հայրապետը Ազգային միացեալ վարժարանի սեմին հայրապետական օրհնութեան գիրով իր օրհնութիւնը տուաւ, ապա հատեց ժապաւէնը եւ միացաւ հանդիսականներուն: ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը հնչեցուց Լիբանանի ու Հայաստանի քայլերգները, ապա բացուած յայտարարուեցաւ պաշտօնական հանդիսութիւնը, որուն ներկայ էին հայ երեք յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներ, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Լիբանանի ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան, նախկին նախարար Լէյլա Սոլհ-Համատէ, Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետները, կուսակցութիւններու, միութիւններու եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, աշակերտներ եւ հիւրեր:
Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Ազգային միացեալ վարժարանի տնօրէն Թալին Հաւաթեան-Մարտիրոսեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ լիբանանահայութեան պատմութեան ընթացքին հայակերտման, ազգային ինքնութեան պահպանման, ազգային պատկանելիութեան գիտակցութեան զարգացման հոլովոյթին մէջ ազգային վարժարանները ունեցած են անժխտելի դերակատարութիւն` իրենց իւրայատուկ դրոշմը ձգելով նորահաս սերունդներուն դաստիարակութեան վրայ: Ան հաստատեց, որ Ազգային միացեալ վարժարանը` հաւատարիմ այս տեսլականին եւ առաքելութեան, պիտի շարունակէ նոյն ուղիով կերտել վաղուան հայ մարդը` հաղորդակից իր պատմութեան եւ մշակոյթին, յանձնառու իր ներուժը անսակարկ նուիրող ազգային կեանքի աշխուժացման եւ անոր վերելքին: Թալին Հաւաթեան-Մարտիրոսեան եզրափակեց խօսքը ըսելով. «Միացեալ վարժարանը պիտի դաստիարակէ վաղուան լիբանանահայ քաղաքացին` օժտուած 21-րդ դարուն համար անհրաժեշտ եւ էական նկատուող բոլոր հմտութիւններով: Արդիականացած ուսումնական ծրագիրները, բարեփոխուած կրթական համակարգը, արդիւնաւէտութեան ձգտող դասաւանդման մեթոտները, ուսուցիչներու մասնագիտական հմտացումը պիտի դառնան Ազգային միացեալ վարժարանի աշխատանքներուն հիմքը: Բոլորիս գործակցութեամբ, բայց մանաւանդ բոլորիս ամուր հաւատքով եւ ճիգերով, հաստատ քայլերով կ՛ուղղուինք դէպի ուսումնական փայլուն ապագայ»:
Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան խօսքը արտասանեց Յակոբ Հաւաթեան: Ան ըսաւ, թէ Ազգային միացեալ վարժարանը արդէն կը դառնայ ապրող իրականութիւն մը: Յաղթանակներն ու նուաճումները կերտելէն աւելի զանոնք պահելն ու պահպանելը եւ լիիրաւօրէն կենսաւորելը հրամայական անհրաժեշտութիւններ են եւ կ՛ենթադրեն նոյնքան աշխատանք, զոհողութիւն եւ հաւաքական ու միասնական ճիգ եւ նուիրում:
Յ. Հաւաթեան պատմական օրուան առիթով երախտագիտութիւն յայտնեց Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի, Սրբոց Քառասնից Մանկանց, Աբգարեան, Աքսոր Գասարճեան եւ Ռուբինեան վարժարաններու անցնող տասնամեակներուն ծառայած տնօրէնութիւններուն, խնամակալութիւններուն, տիկնանց օժանդակ յանձնախումբերուն, բարերարներուն, ուսուցիչներուն եւ անձնակազմերուն, որոնց ճիգին ու վաստակին արգասիքն է, որով կ՛ապրի հայութիւնը, եւ որով կը հպարտանանք: «Վաստակաշատ այդ բոլոր սերունդներուն նկատմամբ մեր մեծագոյն երախտապարտութեան դրսեւորումը այսօր պիտի ըլլայ իրենց սկսած առաքելութեան շարունակականութեան ապահովումը, որ կարելիութիւն պիտի դառնայ շնորհիւ այս նոր կրթական կառոյցին,- ըսաւ Յ. Հաւաթեան եւ աւելցուց,- այս կառոյցին հիմնումով հայերէն խօսելու, հայօրէն շնչելու, հայկականութեամբ լեցուելու եւ հպարտանալու ու միաժամանակ լիբանանցի լաւ քաղաքացի դառնալու եւ իբրեւ ուսումնատենչ ու ապագայատեսիլ երիտասարդ կազմաւորուելու հայավայել կարելիութիւն կ՛ընձեռուի ներկայ սերունդին»:
Ան յանուն Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան եւ Ազգային առաջնորդարանի բոլոր կառոյցներուն խոստացաւ` ոչ մէկ ճիգ խնայել հայեցի, առողջ սերունդներու պատրաստութեան սրբազան ու ազգային առաքելութեան մէջ, հայ դպրոցը վերածել յաւելեալ ճառագայթող ներկայութեան, գուրգուրալ հայ կրթական մշակի կոչումին վրայ եւ զայն դարձնել մեր կեանքին մէջ մնայուն դերակատար: «Կը խոստանանք ճիգ չխնայել մեր ժողովուրդի զաւակներուն մօտ կասեցնելու հայկական արժէքներէ, աւանդութիւններէ եւ ապրումներէ ամէն տեսակի օտարացման փորձութիւն»:
Յ. Հաւաթեան յիշեցուց եւ հաստատեց Ազգային երեսփոխանական ժողովի եւ Ազգային մարմիններու վճռակամ որոշումը, որ Ազգային միացեալ վարժարանի կրթական առաջին զանգէն առաջ Ազգային առաջնորդարանը փակած պիտի ըլլայ նախկին դպրոցներու հետ առնչուող նիւթական իր բոլոր պարտաւորութիւնները: Ան եզրափակելով խօսքը ըսաւ. «Աշխատանքը կը սպասէ բոլորիս, եւ հաւաքական պատասխանատուութեամբ ու անպայման հաստատ քայլերով մեր սերունդները պիտի առաջնորդենք դէպի լուսաւոր ապագայ»:
Ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Տաւիղ» նուագախումբը` ղեկավարութեամբ Մկրտիչ Միքայէլեանի, ապա խօսք առաւ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ: Ան ըսաւ, թէ հայ ժողովուրդի զաւակները 1915-ին բազմաթիւ արհաւիրքներէ անցնելով կրցած են հասնիլ Լիբանան: Ան ըսաւ, թէ հակառակ ամէն տեսակ դժուարութեան, հայ ժողովուրդի զաւակները չընկրկեցան, դիմագրաւեցին խոչընդոտները եւ ապրեցան կառուցելով: Կառուցեցին եւ մաս կազմեցին Լիբանանի շինարարական կեանքին: Նախարարը գնահատեց հայերուն ներդրումը կրթութեան եւ գիտութեան մարզին մէջ, որուն մեծագոյն վկան այն գեղեցիկ կառոյցն է, որուն յաջողութեան համար ժողովուրդի զաւակներուն միջեւ պէտք է ամբողջական համագործակցութիւն հաստատել:
Նախարարը աւարտեց խօսքը ըսելով. «Լիբանանահայերը այս երկրին լիիրաւ ու արդար քաղաքացիներն են: Իսկ մենք լիբանանահայութեան կողքին ենք, այսօր աւելի քան երբեք պատրաստ ենք ձեր կրթական արդար իրաւունքներուն նեցուկ կանգնելու, որպէսզի ձեր լաւագոյնը տաք կրթական, բժշկական եւ ընկերային բոլոր մարզերուն մէջ»:
Ելոյթ ունեցաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ Ազգային միացեալ վարժարանի բացման հանդիսութիւնը արժանայիշատակ օր է ո՛չ միայն լիբանանահայութեան համար, այլեւ ամբողջ հայութեան համար, որովհետեւ մեր կրթօճախները միշտ եղած են հայ ժողովուրդի ողնաշարը, այն առանցքը, որուն շուրջ կառուցած ենք մեր մտաւոր ժառանգութիւնը: Այս պայմաններուն մէջ որեւէ նոր կրթօճախի հիմնում առկայութիւնն է այն շարունակականութեան եւ կամքին, որ հայ ժողովուրդը ունեցած է եւ պիտի շարունակէ ունենալ իր հազարամեայ պատմութեան ընթացքին:
Դեսպանը իր խօսքի աւարտին կարդաց նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանի խօսքը, որուն մէջ ըսուած էր.
«Ազգային միացեալ վարժարանի բացման հանդիսութիւնը լիբանանահայութեան համար բաղձալի իրադարձութիւն է, որովհետեւ կը մարմնաւորէ մեր ժողովուրդի ապրելու եւ արարելու կամքը: Կրթօճախի բացումը հաւաստիացումն է առ այն, որ Լիբանանի մէջ տասնամեակներու ընթացքին ձեւաւորուած է ազգային վեհ գաղափարներու վրայ հիմնուած հայրենանուէր մտածողութիւն: Համոզուած եմ, որ այս կրթօճախը իր գործունէութեամբ պիտի ծառայէ տարբեր քաղաքակրթութիւններու պարունակին մէջ հայու տեսակի պահպանման ազգանուէր առաքելութեան: Անիկա կը խորհրդանշէ մեր ժողովուրդի` մշակոյթի եւ կրթութեան նկատմամբ ունեցած բացառիկ վերաբերմունքը»:
Գեղարուեստական յայտագիրին մեներգով մը մաս կազմեց Շողիկ Թորոսեան: Ապա խօսք առաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ ըսաւ, թէ հայ դպրոցը մեր ժողովուրդի հաւատքով եւ տեսիլքով ծնունդ առած կառոյց է, որ անով յաւերժանայ մեր գոյութիւնը: «Այս հիմնարկը Ազգային առաջնորդարանի ճիգերով կը զետեղենք մեր ժողովուրդի տրամադրութեան տակ, որպէսզի անով նոր ոգեւորութիւն գտնէ հայ դպրոցը մեր իրականութեան մէջ եւ հայ դպրոցով մենք առաւել եւս ամրանանք ու գիտակցօրէն կերտենք վաղուան մեր իտէալներուն եւ տեսիլքներուն տանող այն ճամբան, որուն մէջ կ՛ուզենք տեսնել մեր հաւաքականութիւնը», ըսաւ առաջնորդ սրբազանը եւ հրաւիրեց Արամ Ա. կաթողիկոսը իր պատգամը ուղղելու:
Վեհափառ հայրապետը իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ հայ դպրոցը նուիրական հաստատութիւն է, ինչպէս որ երկիւղածութեամբ եկեղեցի կը մտնենք, նոյն գիտակցութեամբ պէտք է հայ դպրոց մտնենք, որովհետեւ մեր ժողովուրդի ապագան կախեալ է հայ դպրոցէն: Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հաստատեց, որ հայ դպրոցը միայն ուսում ջամբող հաստատութիւն չէ, հայ դպրոցը հայը հայ դարձնող ճշմարտօրէն եւ գիտակցօրէն սրբավայր է: «Մենք բոլորս հայ դպրոցին նկատմամբ նման բարձրագոյն աստիճանի նախանձախնդրութիւն եւ յանձնառութիւն պէտք է ունենանք: Պէտք է գուրգուրանք այս դպրոցին, որ հաւաքական աշխատանքով կառուցուեցաւ», ըսաւ վեհափառ հայրապետը, ապա իր բարձր գնահատանքը յայտնեց առաջնորդ սրբազանին, նախկին առաջնորդին, ներկայ ու նախկին Ազգային վարչութեանց, բոլոր յարակից միութիւններուն, որոնք մասնակից դարձան հրաշքի համազօր այս իրականութեան կերտման: Ան իր խոր գնահատանքը յայտնեց բոլոր բարերարներուն եւ մեկենասներուն, որոնք այս դպրոցի շինութեան աշխատանքին մէջ բերին իրենց մասնակցութիւնը: Այս ծիրին մէջ ան նշեց Հրայր Սարգիսեանի մեծ ներդրումը:
Վեհափառ հայրապետը կոչ ուղղեց բոլորին եւ ըսաւ, որ այս դպրոցը Լիբանանի հայութեան դպրոցը պիտի ըլլայ առանց խտրութեան, ապա սրտանց շնորհաւորեց բոլոր ներկաները եւ յաջողութիւն մաղթելով աւարտեց իր խօսքը:
Տօնական մթնոլորտը ալ աւելի պայծառացաւ հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցած հրավառութեամբ, որ լուսաւորեց Պուրճ Համուտի երկնակամարը` աւետելով լոյսի ու գիտութեան փարոս` Ազգային միացեալ վարժարանի ծնունդը: