Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Շահէ Արք. Փանոսեանի, Կիրակի, 12 Փետրուարին Ռաուտայի Ս. Ներսէս Շնորհալի մատրան մէջ մատուցուեցաւ ս. Պատարագ: Պատարագի ընթացքին Սրբազան Հայրը կիսասարկաւագութեան աստիճան շնորհեց երկար տարիներ մատրան ծառայող, դպրապետ Վարդգէս Ղազարեանին:
Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ մէջբերում կատարեց Պետրոս առաքեալի գրած առաջին նամակէն, որ ուղղուած էր Փոքր Ասիոյ հիւսիսային եւ արեւելեան կողմերը գտնուող քրիստոնեաներուն, եւ որուն մէջ կ՛ըսէր. «Ձեզմէ իւրաքանչիւրը` իբրեւ Աստուծոյ բազմատեսակ պարգեւներուն իրաւ տնտես, իր ստացած շնորհքը ուրիշներուն թող մատակարարէ»: Սրբազան Հայրը բացատրեց, որ նամակին գլխաւոր նպատակն է քաջալերել ընթերցողները, որ արթուն եւ պատրաստ ըլլան ընելու այն, ինչ որ հարկաւոր է, որպէսզի իրենց հաւատքը պաշտպանեն եւ այդպիսով աշխարհին վրայ ամրացնեն Քրիստոսի ժայռին վրայ հաստատուած եկեղեցին, աւելցնելով, որ առաքեալին մտածումները այսօր մեզի կը յիշեցնեն, թէ պէտք չէ մոռնանք, որ եկեղեցին հաւատացեալներու բազմութիւնն է, այն ժողովուրդը` որ հաւատքի կեանքը կ՛ապրի ու այդ կեանքը պաշտպանելու ու տարածելու համար ալ, իր մասնակցութեամբ ու իր նուիրումով, միջոցներ ու պայմաններ կը ստեղծէ:
Առաջնորդ Սրբազանը դիտել տուաւ, որ հաւատացեալը միայն պիտի չտպաւորուի եկեղեցւոյ շէնքով, զարդարանքներով, շարականներով, պաշտամունքի արտաքին տարրերով, այլ այդ բոլորով պէտք է կարենայ իր հաւատքին մէջ ամրանալ եւ իր կարողութիւններն ու շնորհքները հասարակաց բարիքին ընծայելով` պէտք է առիթ ընծայէ, որ եկեղեցին` իբրեւ հաւատքի տաճար եւ աշխարհի վրայ ծառայական առաքելութիւն, աճի ու առաւել եւս ամրանայ :
«Եկեղեցին միայն շէնք չէ, այլ` հաւատքի ձգտում ունեցող ժողովուրդի ամբողջութիւն, որ բանիւ եւ գործով կը ջանայ աստուածային ճշմարտութիւնները պաշտել ու քրիստոնէական արժէքներու վրայ հիմնուած կեանք ստեղծել աշխարհին վրայ: Եւ այդ աշխատանքին մասնակից պէտք է ըլլան եկեղեցւոյ բոլոր այն զաւակները, որոնք կը գիտակցին, թէ կեանքին մէջ բաներ կան, որոնք` իբրեւ արժէք ու սրբութիւն, պէտք է կառուցուին ու պաշտպանուին մեր աշխատանքով ու համայնական նուիրումով», շեշտեց Սրբազան Հայրը եւ խօսքը ուղղելով նորընծայ կիսասարկաւագին` յորդորեց զայն, նաեւ ժողովուրդի բոլոր զաւակները, որ գործօն մասնակցութեամբ, իրենց ունեցած ուժն ու համեստ կամ մեծ շնորհքներն ու կարողութիւնները եկեղեցւոյ սպասաւորութեան գործին միացնելով, հաւաքական ճիգով ամրանան ու զօրացնեն եկեղեցւոյ առաքելութիւնը: Սրբազանը հաստատեց, որ ներկայիս մեզի պէտք են` դպիրներ ու դպրապետներ, հոգեւոր դաստիարակներ, սարկաւագներ, տիպար քարոզիչներ եւ իրենց հօտը ապահով արօտավայր առաջնորդող հոգեւոր հովիւներ, եւ այս բոլորը երկինքէն պիտի չյայտնուին, այլ` մեր ժողովուրդի ծոցէն, մեր արժանաւոր ու նուիրեալ զաւակներուն շարքերէն:
Եզրափակելով իր պատգամը` Սրբազան Հայրը յորդորեց բոլորը աղօթելու, որ Աստուած իր շնորհքը առատացնէ բոլորին վրայ եւ մեր կեանքին մէջ բազմանան սիրոյ, ծառայութեան եւ նուիրումի արարքները: Աղօթելու, որ Հայ եկեղեցւոյ խորանին վրայ մնան անոնք, որոնք ընդունակ են ամէն տեսակ զոհաբերութեան, նաեւ, որ Աստուած իրենց հաւատքին մէջ վերանորոգէ բոլորը, մեր եկեղեցւոյ սպասաւորներուն շարքերը ճոխացնէ, որպէսզի մենք մեր արդար աշխատանքովն ու նուիրումով, մեր եկեղեցիներուն մէջ շարունակաբար մեր հայրերուն հարազատ հաւատքն ու նուիրական սրբութիւնները պահենք:
Ռաուտայի Ս. Ներսէս Շնորհալի մատրան հովիւ Յակոբ քհնյ. Պզտիկեան մատրան մեծ ընտանիքին անունով խորին շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր իր եզակի այցելութեան համար Ռաուտայի շրջան` վստահեցնելով, որ այս այցելութիւնը իրենց պիտի շնորհէ ուժ եւ կորով, որպէսզի շարունակեն իրենց ծառայութիւնը եւ իրենց աշխատանքները դնեն ի սպաս ժողովուրդին ու շրջանի ընտանիքներուն: Քահանայ հայրը յոյս յայտնեց, որ նման այցելութիւններ կրկնուին, որպէսզի վերաշխուժանայ շրջանը: