Ուրբաթ, 25 մարտ 2016-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ սրբազան արարողութիւն` Յիսուս Քրիստոսի չարչարանաց, խաչելութեան ու թաղման յիշատակին:
Եկեղեցական արարողութեան հանդիսապետեց եւ ժողովուրդին իր պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ժամերգութեան ներկայ գտնուեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեան:
Առաջնորդ Սրբազանը պատմական ակնարկ մը նետելէ ետք Քրիստոսի թաղման եւ յարութեան վրայ ըսաւ, որ եկեղեցիին մէջ ժողովուրդին ներկայութիւնը պարզ սովորութիւն մը պէտք չէ ըլլայ, այլ «երբ դուրս ելլենք եկեղեցիէն, պէտք է արդարացած ելլենք եւ պէտք է դէպի աշխարհ եւ ընկերութիւն ուղղուելով մեզի հետ կարենանք տանիլ Քրիստոսի յարութեան հրաշալիքի լուրը եւ զայն տարածել մարդոց մէջ, որովհետեւ մենք այսօր ականատես ենք իր թաղման եւ գիտենք, թէ մեր օրինակով շատեր եկեղեցիներու մէջ չեն եւ չեն հետեւիր թաղման կարգին, սակայն անոնք ալ կարիքը ունին լուսաւոր լուրի մը, յարութեան բարի լուրին, որպէսզի իրենց կեանքին մէջ ոգեւորուին ու խանդավառուին, գտնեն ջերմեռանդութիւն եւ իրենք ալ Քրիստոսի հալածական եւ փախստական դարձած աշակերտներուն օրինակով վերադառնան իրենց հաւատքին»` մաղթելով, որ Աստուած իր հրաշալիքները բանայ մեր դիմաց, որպէսզի այդ հրաշալիքներով լուսաւորենք մեր ներաշխարհը:
Սրբազանը փառք տուաւ, որ Քրիստոս մեզի համար աշխարհ եկաւ, ապրեցաւ, մատնուեցաւ, խաչուեցաւ ու թաղուեցաւ, որպէսզի յարութիւն առնէ եւ մեզի ալ յարութեան կարելիութիւն ընծայէ` ինքզինք իբրեւ օրինակ ներկայացնելով յարուցեալ կերպարանքով մը: Առաջնորդ սրբազանը ըսաւ, որ մենք ալ յատկապէս մերօրեայ կեանքի դժուարին պայմաններուն մէջ պարտինք հետեւիլ այն հաւատքին, զոր մենք ստացանք մեր հայրերէն եւ այդ հաւատքին հաւատարմութեամբ ապրինք մեր կեանքը, որպէսզի Աստուած մեզ դիտէ իբրեւ իր թաղման ու յարութեան վկաները եւ մենք մեր կեանքով աշխարհին մէջ զինք պաշտենք ու փառաւորենք:
Ժամերգութեան աւարտին կազմուեցաւ Քրիստոսի թաղման թափօրը, որ շրջեցաւ Պուրճ Համուտի թաղերուն մէջ` գլխաւորութեամբ առաջնորդ սրբազանին, մասնակցութեամբ քահանայից դասուն, դպրաց դասին եւ ժողովուրդին:
Թաղման թափօրը առաջնորդեց ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը: