Հինգշաբթի, 18 յունուար 2018-ին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան ընդունեց Պէյրութի նահանգապետ Զիատ Շպիպը: Հանդիպման ներկայ գտնուեցան Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Յակոբ Թերզեան եւ Արամ Մալեան, ինչպէս նաեւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեան:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ հաւաքաբար քննարկելու երկկողմանի գործակցութեան կարելիութիւնները:
Նահանգապետ Շպիպ մեծապէս գնահատեց պետական կառոյցներուն մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն ունեցած մասնակցութիւնը, որ երկրի վերելքի հոլովոյթին մէջ ունի իր իւրայատուկ կարեւոր նշանակութիւնը:
Պէյրութի բարգաւաճման ծրագիրներուն ծանօթանալէ ետք, Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, որ լիբանանահայութիւնը բոլոր ժամանակներուն հաւատարմօրէն կատարած է իր քաղաքացիական պարտականութիւնները եւ ջատագովը եղած Լիբանանի զարգացման աշխատանքներուն: Նահանգապետը եւ առաջնորդ սրբազանը շեշտեցին, որ նմանօրինակ հանդիպումներ հիմք կը ծառայեն միտքերու փոխանակման եւ գործակցութեան նոր հորիզոններու հաստատման: