Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Պուրճ Համուտի 4 Ազգային Վարժարաններու Աշակերտներ Այցելեցին Ազգային Միացեալ Վարժարան

Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, հինգշաբթի, 18 դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Պուրճ Համուտի մէջ գտնուող 4 Ազգային վարժարաններու աշակերտները ` Լ. եւ Ս. Յակոբեան, Աբգարեան, Աքսոր Գասարճեան եւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց, ընկերակցութեամբ իրենց տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն, այցելեցին Պուրճ Համուտի մէջ նոր կառուցուող Ազգային միացեալ վարժարան` մօտէն ծանօթանալու վարժարանի կառոյցին եւ բաժանմունքներուն:

Սոյն այցելութեան, ներկայ էր նաեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան շրջեցաւ աշակերտներուն մէջ եւ զրուցեց անոնց հետ` «իրենց նոր վարժարանին մասին»:

Ուսումնական խորհուրդին անունով Սեդա Մանկասարեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք աշակերտներուն նկատել տուաւ, որ իրենք պիտի ըլլան այն բախտաւոր սերունդը, որ պիտի վայելէ Ազգային միացեալ վարժարանի բարիքները: «20 տարուան երազը ահաւասիկ վերջապէս կ՛իրականանայ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին: Դուք պէտք է ուրախ ըլլաք, որ պիտի ըլլաք այն սերունդը, որ պիտի վայելէ տարիներէ ի վեր որոշուած ծրագիրը, որ մօտ օրէն պիտի հասնի իր աւարտին», շեշտեց Ս. Մանկասարեան` խօսքը ուղղելով ներկայ աշակերտներուն: Ան նաեւ յայտնեց, որ  սոյն արդիական կառոյցը բոլոր հայ աշակերտներուն համար է, ի մասնաւորի Պուրճ Համուտի մէջ բնակողներուն:

Այնուհետեւ, «փաուըր փոյնթ»-ով աշակերտներուն ցուցադրուեցան վարժարանի շինարարական աշխատանքները եւ ներքին դասաւորումները:

Աշակերտները բաւական խանդավառ եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ շրջեցան վարժարանին մէջ եւ այցելեցին զանազան բաժինները` մեծ յոյսով, որ յառաջիկայ տարիներուն իրենք պիտի վայելեն այդ արդիական եւ գեղեցիկ կառոյցը: