Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ռաուտայի Ս. Ներսէս Շնորհալի Մատրան Անուանակոչութիւն. «Անդրադառնանք Մեր Կրած Անունին Ինքնութեան, Պատկանելիութեան Եւ Առաքելութեան» Հաստատեց Առաջնորդ Սրբազանը

Կիրակի, 6 հոկտեմբերին, Ռաուտայի Ս. Ներսէս Շնորհալի մատրան անուանակոչութեան տօնին առիթով, Ռաուտայի Էհլան դաշտին մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Մինչ այդ, շաբաթ, 5 հոկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, կատարուեցաւ աղօրհնէք,  ձեռամբ Լիբանանի թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի, այնուհետեւ կատարուեցաւ ոչխարներու զենում: Ապա Էհլանի շրջափակին մէջ կատարուեցաւ կրպակներու բացում` մասնակցութեամբ շրջանի միութիւններուն` ՀՄԸՄ-ի, ԼՕԽ-ի, ԼԵՄ-ի, պատանեկան միութեան, թաղականութեան եւ տիկնանց միութեան, իսկ երեկոյեան գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր` մասնակցութեամբ լիբանանահայ երգիչներ Յովսէփ Լախոյեանի, Հրաչ Տաւուտեանի եւ Շանթ Մատարեանի, երգեհոնի վրայ ընկերակցութեամբ Զարեհ Գալանճեանի:

Կիրակի, 6 հոկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Ռաուտայի թաղի մուտքին տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսին: Այնուհետեւ,  առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին եւ սկաուտներուն, մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ ընտանիքին եւ շրջանի ժողովուրդին, թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Էհլանի դաշտ, ուր Սրբազան Հայրը մատուցեց Ս. պատարագ:

Իր քարոզին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, որ Ս. Հոգին կը զօրացնէ, կը լեցնէ եւ կ՛ուղղորդէ մեզ, որպէսզի մենք կարենանք մեր քրիստոնեայի կոչումը ապրիլ եւ ապրեցնել` մեր շրջապատին մէջ կենդանի օրինակ դառնալով բոլոր անոնց, որոնք գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար կը հեռանան այդ կոչումէն` աւելցնելով, որ Ս. Ներսէս Շնորհալի մատրան ընտանիքը այս գիտակցութեամբ համախմբուած է Ս. պատարագով եւ մատաղօրհնութեամբ ուղղակիօրէն զգալու ներկայութիւնը եւ ներգործութիւնը Ս. Հոգիին: Առաջնորդ սրբազանը գնահատեց շրջանի բոլոր պատասխանատուները, մատրան մեծ ընտանիքը, նաեւ բոլոր անոնք, որոնք նուիրումով ամէն օր եկեղեցին եւ ազգը իրենց մտածումին եւ գործին սեւեռակէտը կը դարձնեն, նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար, որուն արժանացած էր,  եւ ատիկա նկատեց ցուցանիշ ժողովուրդին այն խոր յարգանքին, որ ունի իր հոգեւոր պատասխանատուներուն եւ ազգային ղեկավարներուն հանդէպ:

«Ասոնք կու գան աւելիով ամրապնդելու մեր մէջ քրիստոնէական հաւատքը, որովհետեւ այսօրուան այս անուանակոչութեան Ս. պատարագը մեր բոլորին անուանակոչութեան տօնն է», հաստատեց Սրբազան Հայրը` աւելցնելով, որ իբրեւ հայ հաւատացեալ ամէն անգամ, երբ եկեղեցի կը մտնենք, մենք ուղղակիօրէն կը հաղորդուինք ամենասուրբ երրորդութեամբ եւ անոր հաւատարմութեան մէջ ապրած մեր բոլոր սուրբերով, նահատակներով եւ հերոսներով:

Շարունակելով իր խօսքը` Սրբազանը յայտնեց, որ եկեղեցին յաղթական եւ զինուորեալ երկու խմբաւորումներ ունի: Յաղթական եկեղեցին այն հաւատացեալներն են, որոնք այս աշխարհի վրայ քրիստոնէական կեանքը ապրեցան, վկայեցին եւ իբրեւ ժամանակաւոր երկրաւոր գոյութիւն հեռացան այս աշխարհէն, եւ անոնց մէջէն արժանաւորները այսօր իբրեւ սուրբեր եւ սրբուհիներ բարեխօս են մեզի համար: Զինուորեալ եկեղեցւոյ պարագային նոյն նախանձախնդրութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ կը շարունակենք մեր հայ քրիստոնէական կեանքի վկայութիւնը:

Անդրադառնալով մատրան Ս. Ներսէս Շնորհալի անունով կոչուելուն` ան բացատրեց, որ այս անունով մկրտած է մատուռը երեք հիմնական մտահոգութիւններէ մեկնած, որոնք այսօր իբրեւ մարտահրաւէր կ՛ուղղուին իւրաքանչիւր անհատի առանձնաբար եւ բոլորին հաւաքաբար իբրեւ մէկ ընտանիք: ա) Անուն մը ինքնութիւն կը խորհրդանշէ: Մենք մեր անուն- մականունով կը ճանչցուինք եւ կը տարբերինք ուրիշներէն: Այդ անունը ցոյց կու տայ մեր ինքնութիւնը, որ պատահական անուանում մը չէ, այլ` մեզի կը բերէ մեր պատմութեան խորհուրդը եւ պատգամը: Այս իմաստով է, որ միշտ կը քաջալերենք, որ մեր ժողովուրդի զաւակները իրենց զաւակները կնքեն հայկական անունով, որովհետեւ իւրաքանչիւր հայ անուան ետին կայ սուրբ մը, հերոս մը, նաեւ ամբողջ հայոց պատմութիւնը` խտացուած այդ անուան խորհուրդին մէջ: «Մենք զանազան անուն-մականուններ ունինք, սակայն մեր հաւաքական ինքնութիւնը մեր հայ քրիստոնէութիւնն է,  եւ մանաւանդ Ռաուտայի շրջանին համար մեր հաւաքական ինքնութիւնը Ս. Ներսէս Շնորհալին է, մեր եռամեծար հայրապետներէն` Կիլիկիոյ փառքը հանդիսացող մտաւորական, աստուածաբան, մատենագիր, շարականագիր, բազմաշնորհ հայրապետը, որուն անունը երբ կը հնչենք` մեր հոգիներուն մէջ ազգային եւ մշակութային աշխարհ մը ոտքի կ՛ելլէ», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ Ս. Ներսէս Շնորհալի անունը միայն մատրան անունը չէ, այլ նաեւ իւրաքանչիւրին դէպի սրբութիւն ընթացող ճանապարհն է, ուր մենք կը գտնենք մեր ինքնութիւնը անոր օրհնութեամբ եւ բարեխօսութեամբ: բ) Անուն մը ցոյց կու տայ պատկանելիութիւն: Չի բաւեր սուրբի կամ հերոսի մը անունը կրել, այլ` այդ անունը իբրեւ մեր եզակի պատկանելիութիւնը մենք պէտք է արտայայտենք մեր խօսքով, կենցաղով եւ գործով: Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ, որ պատահականութեան արդիւնք չէ, որ մեր եկեղեցիները, դպրոցները, ազգային- մշակութային հաստատութիւնները մեր սուրբերուն եւ հերոսներուն անունները կը կրեն` աւելցնելով, որ այդ անուններուն մէջ մենք կը տեսնենք մեր հաւաքական պատկանելիութիւնը, որ կը շարունակուի մեզմով: Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, որ չի բաւեր միայն անցեալի փառքով հպարտանալ, այլ նաեւ մենք հարց պէտք է տանք, թէ մենք այսօր ի՞նչ կ՛ընենք մեր պատկանելիութիւնը արտայայտելու եւ ինչպէ՞ս կը պատրաստենք ապագան այդ պատկանելիութիւնը անխաթար պահելու համար: գ) Անուն մը առաքելութիւն է: Ինքնութեան եւ պատկանելիութեան պսակումն է առաքելութիւնը: Չի բաւեր միայն անունը կրել, հաւաքականութեան պատկանիլ, այլ նաեւ` մեր ինքնութիւնը եւ պատկանելիութիւնը պէտք է արտայայտութիւն գտնեն ամէնօրեայ տագնապով եւ գործով: «Այսպէս եղած է մեր բովանդակ պատմութիւնը: Անոնք, որոնք պատմութեան ընթացքին միայն իրենց անձերուն համար ապրած են, մնացած են պատմութեան փոշիներուն տակ, իսկ անոնք,  որոնք իրենց անձէն վեր դասած են իրենց եկեղեցին, ազգը եւ հայրենիքը` անոնք դարձած են մեր սուրբերը եւ հերոսները», հաստատեց Սրբազանը` շեշտելով, որ այդ առաքելութիւնը այսօր դրուած է մեզմէ իւրաքանչիւրին ուսերուն վրայ, ի՛նչ հանգամանք որ ունենանք եւ կեանքի ի՛նչ փուլի մէջ ալ գտնուինք:

«Այս է անուանակոչութեան պատգամը մեզմէ իւրաքանչիւրին: Անդրադառնանք մեր կրած անունին ինքնութեան, պատկանելիութեան եւ առաքելութեան», հաստատեց Սրբազանը` յորդորելով ներկաները այս սկզբունքով ուխտել Ս. Հոգիին շնորհներուն ընդունարանը դառնալ համեստութեամբ ու խոր գիտակցութեամբ եւ Ս. Ներսէս Շնորհալի մատուռը նկատել իրենց հարազատ տունը, ուր ամէն կիրակի աղօթելով պիտի կարենան կամուրջ մը հաստատել մեր պատմութեան հետ:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: