Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսին, կիրակի, 30 դեկտեմբեր 2018-ին, Ռաուտայի Ս. Ներսէս Շնորհալի մատրան մէջ Ս. պատարագ մատուցուեցաւ:
ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին նուագակցութեամբ եւ ՀՄԸՄ Ռաուտայի սկաուտներուն ընկերակցութեամբ, ՀՅԴ «Շուշի» ակումբի կողքին, տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն Սրբազան Հօր` ներկայութեամբ շրջանի մարմիններուն, թաղականութեան, տիկնանց յանձնախումբին եւ ժողովրդային բազմութեան:
Ս. Ներսէս Շնորհալի մատրան մէջ պատարագեց եւ քարոզեց ծուխի հովիւ Սեւակ քհնյ. Վասիլեան: Ապա թեմի առաջնորդը կարդաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի կոնդակը, որով Սեւակ քհնյ. Վասիլեանին կը շնորհուի աւագութեան տիտղոս:
Արարողութենէն ետք, մատրան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-հիւրասիրութիւն, ուր Նարեկ Արքեպիսկոպոս մտերմիկ զրոյց մը ունեցաւ շրջանի պատասխանատուներուն եւ հայորդիներուն հետ: Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց քահանայ հօր աւագութիւնը եւ մաղթեց, որ հովիւը, թաղականութիւնն ու շրջանի մարմինները հաւաքաբար աշխատին` արձանագրելու նոր նուաճումներ եւ պահպանելու ազգային ու հոգեւոր արժէքները: