Ռմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, կիրակի, 5 մայիս 2019-ին առաւօտեան ժամը 9:30-ին Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս ժամանեց եկեղեցւոյ կից գտնուող փողոցը, ուր արժանացաւ ժողովրդային ընդունելութեան, ապա առաջնորդութեամբ ՀՄՄ-ի շեփորախումբին, եկեղեցւոյ ընտանիքին եւ ժողովուրդին, թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Ս. Յարութիւն եկեղեցի, ուր Առաջնորդը մատուցեց ս. պատարագ: Պատարագի ընթացքին Սրբազան Հայրը կատարեց եկեղեցւոյ երկու խորհրդանոցներու օրհնութիւնը: Իր քարոզին սկիզբը Սրբազանը իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ անգամ մը եւս համախմբուած են Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ` տօնելու եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը, որ եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն տօնն է ամէն բանէ առաջ, որովհետեւ անոնց հաւատքն է, որ եկեղեցւոյ իմաստ կու տայ, եկեղեցին եկեղեցի կը դարձնէ եւ այս քարեղէն կառոյցը առաքելութեան կը վերածէ, աւելցնելով, որ եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը առիթ է, որ մենք երախտագիտութեամբ յիշենք բոլոր անոնք` հոգեւորական թէ աշխարհական, որոնք այս եկեղեցւոյ ծառայութեան ընդմէջէն իրենց հայ քրիստոնէական հաւատքը ապրեցան եւ հետք մը ձգեցին մեր հաւաքական կեանքին մէջ: Սրբազան Հայրը շեշտեց, թէ եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը միաժամանակ առիթ է, որ մենք խորապէս անդրադառնանք, թէ այսօր եկեղեցւոյ պայծառութիւնը մենք կը պարտինք այս սուրբ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին, աւելցնելով, որ ինք գոհունակ կը զգայ, երբ ամէն կիրակի երիտասարդներ առաւօտեան կանուխ ժամերէն կ՛ուղղուին եկեղեցի եւ կը մասնակցին ժամերգութեան եւ ս. պատարագին եւ իրենց մասնակցութեամբ կ՛երաշխաւորեն մեր հայ քրիստոնէական հաւատքի եւ պատմութեան շարունակականութիւնը: «Աշխարհի բոլոր անկիւնները, ուր որ ափ մը հայութիւն կայ, մեր ժողովուրդը այսպէս կը համախմբուի եկեղեցւոյ մէջ, եւ աղօթքով, հայ արժէքներու պահպանութեամբ, հայ շարականին հնչիւններով եւ հայօրէն մեր գոյութիւնը շարունակելու հաստատակամութեամբ կը շարունակէ իր երթը: Այսպէս ապրած ենք անցեալին, այսպէս կ՛ապրինք այսօր եւ այսպէս պիտի ապրինք ապագային», հաստատեց Նարեկ Արքեպիսկոպոս եւ իր բարձր գնահատանքը յայտնեց զոյգ խորհրդանոցներու բարերար Մարթա Թորոսեանին եւ անոր զաւակներուն` Գոռ եւ Մկրտիչ Թորոսեաններուն եւ անոնց ընտանիքներուն, որոնք կատարեցին սոյն բարերարութիւնը` ի յիշատակ իրենց ամուսնոյն եւ հօր` Սարգիս Թորոսեանի: Ան նաեւ գնահատեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքի, անդամները որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ մատաղի պատրաստութեան մէջ: Սրբազանը բացատրեց, որ Ս. Յարութեան յաջորդող երկրորդ կիրակին է, եւ կը գտնուինք երկու բառերու խորհուրդի դիմաց` աշխարհամատուռ եւ կանաչ, աւելցնելով, որ աշխարհամատուռը` որ կը գտնուի Երուսաղէմի մէջ, եւ ուր Քրիստոս իր աշակերտներուն հետ վերջին ընթրիքը կատարեց, կը խորհրդանշէ Քրիստոսի ս. եկեղեցւոյ հիմնադրութիւնը, իսկ կանաչը կը խորհրդանշէ գարունը, երբ ոչ միայն բնութիւնը կը ծաղկի, այլեւ մեր հոգիները Քրիստոսի յարութեամբ կը ծաղկին եւ մշտադալար կը մնան: Ան բացատրեց, որ այդ կանաչութիւնը եկեղեցւոյ կանաչութիւնն է, մեր հաւատքին կանաչութիւնն է, եւ անով մենք կ՛ապահովենք մեր ընթացքը` որպէս միշտ Քրիստոսով ծաղկազարդուած եւ կանաչ մնացող հայ ժողովուրդ: Շարունակելով իր խօսքը` Սրբազանը նկատել տուաւ, որ մեր եկեղեցւոյ, մեր ազգին, մեր դպրոցին, մեր ընտանիքին, մեր հայրենիքին, մեր բոլոր կառոյցներուն հիմերը հաստատուած են ժայռի վրայ, որ մեր հաւատքով արտայայտուած` Քրիստոսն է: «Մեր ամբողջ պատմութիւնը եւ մշակոյթը Քրիստոսով օծուած է եւ Քրիստոսի ներկայութեամբ կը շարունակէ ներշնչել մեզ, որպէսզի շարունակենք մեր պահանջատիրական արդար պայքարը», շեշտեց Առաջնորդը եւ անդրադառնալով ճաշու աւետարանին մէջ գրուած Պետրոս առաքեալի խօսքին, ուր առաքեալը հաւատացեալները կը բնորոշէ որպէս Աստուծոյ սեփական ժողովուրդը, որուն պարտականութիւնն է քարոզել Քրիստոսի զօրութիւնը, մեծ շնորհք համարեց բոլորին համար Աստուծոյ սեփական ժողովուրդ կոչուիլը, որ կը նշանակէ միշտ գիտակից դառնալ, որ մենք միայն չենք պատկանիր այս աշխարհին, այլ` ամբողջ տիեզերքի արարիչը եղող մեր երկնաւոր հօր` Աստուծոյ: Ան ըսաւ, որ Աստուծոյ ժողովուրդը ըլլալ` կը նշանակէ հետեւիլ Քրիստոսի` կեանքի բոլոր պայմաններուն մէջ, բոլոր փորձութիւններուն դիմաց, որովհետեւ մեղքի խաւարը չի կրնար Քրիստոսի փրկութեան եւ սրբութեան յոյսը խափանել մեր ճամբուն վրայ. նաեւ կը նշանակէ Հայ եկեղեցւոյ մկրտութեան սուրբ աւազանէն եւ սրբալոյս միւռոնէն ստացած մեր շնորհքները ծաղկեցնել եւ այդպէս ապրիլ մեր կեանքը` որպէս երկրաւոր կեանքի ժամանակաւոր պանդուխտներ եւ յաւիտենական կեանքի մնայուն բնակիչներ:
Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:
Այնուհետեւ եկեղեցւոյ «Յովհաննէս եւ Վարդուհի Պչաքճեան» սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան: Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ հովիւ Ղեւոնդ քհնյ. Լօշխաճեանը բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, նկատել տուաւ, որ անուանակոչութեան տօնը առիթ է մեր կապուածութիւնը եւ ուխտը վերանորոգելու եկեղեցւոյ հանդէպ եւ, առ այդ, եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին անունով ուխտեց, որ յառաջիկայ տարի յաւելեալ աշխատանք պիտի տարուի եկեղեցւոյ շինութեան եւ բարեզարդման համար: Քահանայ հայրը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր բարերարներուն` անոնց աջակցութեան համար:
Այնուհետեւ եկեղեցւոյ զոյգ խորհրդանոցներու բարերար Թորոսեան ընտանիքը եպիսկոպոսական գաւազան մը նուիրեց Սրբազան Հօր:
Սրբազան Հայրը իր սրտի խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը յիշեցում մըն է, որ մենք ենք եկեղեցին, աւելցնելով, որ անուանակոչութիւնը տարին անգամ մը տօնել հաւաքաբար` կը նշանակէ անոր իմաստը, պատկանելիութիւնը եւ մասնակցութիւնը ամէն օր ապրիլ: Ան ըսաւ, որ 80 եւ աւելի տարիներէ ի վեր այս եկեղեցւոյ հետ եղող ազգայինները պէտք է պատմեն եկեղեցւոյ պատմութիւնը, որպէսզի հաւաքական յիշողութիւնը չկորսնցնենք: Եզրափակելով իր խօսքը` Սրբազանը շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլորին` իրենց մասնակցութեան համար, որ եկեղեցին եկեղեցի կը դարձնէ եւ այդ մասնակցութիւնը նիւթական, բարոյական եւ զանազան զոհողութիւններով կը վերածուի յիշատակի, իրագործումի, յաջողութեան, եւ, այսպիսով, կը գոյատեւեն մեր բոլոր կառոյցները: «Վերանորոգ հոգիով, տեսիլքով, յանձնառութեամբ եւ նուիրումով շարունակեցէք ձեր ծառայութիւնը, որովհետեւ բոլորիդ ծառայութիւնն է, եւ հաւաքաբար այդ ծառայութեամբ է, որ մենք կը մեծնանք, կը մնանք եւ կը շարունակենք մեր յաղթական ընթացքը», եզրափակեց Սրբազան Հայրը:
Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան եկեղեցւոյ դպրաց դասի անդամները: Ցուցադրուեցաւ նաեւ եկեղեցւոյ մէկ տարուան գործունէութիւնը ներկայացնող տեսերիզ մը:
Յայտնենք, որ եկեղեցւոյ թաղականութիւնը մայրերու տօնին առիթով վարդեր բաժնեց բոլոր կիներուն: