Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսին, կիրակի, 1 դեկտեմբեր 2019-ին, Ռմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ, որուն ընթացքին Սրբազան Հայրը կարդաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին սրբատառ կոնդակը, որով վեհափառ հայրապետը ծաղկեայ փիլոն կրելու իշխանութիւն կը շնորհէր եկեղեցւոյ հովիւ Ղեւոնդ քհնյ. Լօշխաճեանի:
Սրբազան Հայրը իր գնահատանքը յայտնեց Ղեւոնդ քհնյ. Լօշխաճեանին, որովհետեւ ան իր կարելին ի գործ կը դնէ իբրեւ անձնդիր հովիւ պայծառացնելու եկեղեցին եւ հասնելու ժողովուրդի զաւակներուն հոգեւոր ու ազգային կարիքներուն:
Ղեւոնդ քհնյ. Լօշխաճեան որդիական երախտագիտութիւն յայտնեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, որ արժանի տեսաւ գնահատելու զինք: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր եւ ըսաւ, որ նորին սրբազնութիւնը հայրական գուրգուրանքով եւ քաջալերանքով կը մօտենայ քահանայ հայրերուն: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր հաւատացեալներուն, որոնց աղօթքներով կրցաւ յաջողիլ իր ծառայութեան մէջ:
Ս. պատարագէն ետք, եկեղեցւոյ «Յովհաննէս եւ Վարդուհի Պչաքճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: Օրուան հանդիսավար, դպրաց դասի անդամ Հուրի Օհանեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ հրաւիրեց եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբի ատենապետ Մատլեն Աջապահեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր իր ներկայութեան համար: Ան վեր առաւ Ղեւոնդ քհնյ. Լօշխաճեանի նուիրումը իր ծուխին նկատմամբ եւ շնորհաւորեց զինք ծաղկեայ փիլոն կրելու իշխանութիւն ստանալուն առիթով: Ապա խորանին վրայ ծառայող ինը մանուկներուն նուէրներ բաժնուեցան` գնահատելու համար անոնց եկեղեցւոյ կեանքին մասնակցութիւնը, որմէ ետք կարգ մը ազգայիններ նուէրներ յանձնեցին քահանայ հօր, որ իր կարգին ելոյթ ունեցաւ շնորհակալական խօսքով:
Աւարտին, եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը եւ տիկնանց յանձնախումբը ասա մը նուիրեցին Սրբազան Հօր, որ իր օրհնութեան խօսքով եզրափակեց հիւրասիրութեան հաւաքը: