Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան եւ ներկայութեամբ հայ յարանուանութիւններու պետերուն, նաեւ պետական, կուսակցական, քաղաքական եւ դիւանագիտական ներկայացուցիչներու, կիրակի, 25 փետրուար 2018-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Սումկայիթի եղեռնագործութեան 30-ամեակին առիթով, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող խաչքար-յուշակոթողին դիմաց կատարուեցաւ հանդիսաւոր հոգեհանգստեան արարողութիւն եւ ծաղկեպսակներու զետեղում` ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին եւ սկաուտական շարքերու ընկերակցութեամբ:
Արդարեւ, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. պատարագի աւարտին առաջնորդ սրբազան հայրը ուղղեց իր պատգամը: Սրբազանը անդրադառնալով Ղուկասու Աւետարանի 15-րդ գլուխին` Անառակ որդիի առակին ըսաւ, որ իրական կեանքէ առնուած սոյն պատմուածքը կը վերաբերի իւրաքանչիւրի կեանքին, որովհետեւ բազմաթիւ զաւակներ իրենց հօրմէն ժառանգած ունեցուածքը ո՛չ միայն կը մսխեն, այլեւ կը կորսնցնեն իրենց որդիութեան շնորհը` անառակութեամբ վարելով իրենց կեանքը: Սրբազան հայրը նկատել տուաւ, որ Հայ եկեղեցին մեր ուշադրութեան կը յանձնէ այս առակը, որպէսզի անդրադառնանք, որ նիւթական ժառանգութեան կողքին կան նաեւ ուրիշ ժառանգութիւններ, որոնց նկատմամբ պէտք է բծախնդիր գտնուինք եւ չմսխենք զանոնք: Առաջնորդ սրբազանը աւելցուց, որ մեր քրիստոնէական հաւատալիքները, Աստուածաշունչով մեզի փոխանցուած երկնային ճշմարտութիւնները եւ նուիրական սրբութիւնները պարտինք գուրգուրանքով պաշտպանել եւ պահել, որպէսզի անոնցմով շարունակաբար մեր կեանքը ամրացնենք:
Անդրադառնալով Սումկայիթի եղեռնագործութեան 30-ամեակին` առաջնորդ սրբազան հայրը յայտնեց, որ այդ առիթը եւս մեզի փոխանցուած սրբազան ժառանգութիւն է, եւ մենք պարտաւոր ենք գուրգուրանքով վարուիլ անոր հետ` յիշելով, թէ ինչպէ՛ս փետրուար 1988-ին Սումկայիթով սկիզբ առին Ազրպէյճանի ամբողջ տարածքին ապրող հայ բնակչութեան դէմ եղեռնագործութիւններ, որոնց զոհ գացին հարիւրաւոր հայորդիներ: «Անոնց յիշատակը յարգելը մեր սրբազան պարտականութիւնն է, մանաւանդ երբ կը գիտակցինք, թէ այսօր ալ թուրք-ազրպէյճանական նկրտումները կը փորձեն ո՛չ միայն պատմութիւնը խեղաթիւրել եւ աշխարհին մէջ հայը ներկայացնել իբրեւ ցեղասպան, այլեւ` կը սպառնան Արցախի, Հայաստանի ու ամբողջ հայութեան», շեշտեց առաջնորդ սրբազան հայրը եւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած` խնդրելով, որ հայրենիքի ազատութեան եւ անկախութեան ճամբուն վրայ ինկած բիւր բիւրաւոր նահատակներուն հոգին լուսաւորէ երկնային անմահական պայմաններու մէջ եւ մեր ժողովուրդին պարգեւէ ամուր գիտակցութիւն, որպէսզի հաւաքաբար կարենանք պատմութեան աւանդները մեր սրտերուն մէջ տեղադրելով տէր կանգնիլ անոնց, անոնցմով պաշտպանել մեր ինքնութիւնը եւ ամրագրել աշխարհի մէջ մեր ժողովուրդին գոյութիւնը:
Այնուհետեւ կազմուեցաւ թափօրը, որ ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող խաչքար-յուշակոթողը, ուր մատուցուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որուն յաջորդեց ծաղկեպսակներու զետեղում:
Այս առիթով Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան ելոյթ ունենալով նկատել տուաւ, որ ամէն տարի փետրուար ամսուն կը նշենք 1988-ին ազրպէյճանական խուժանին կողմէ կատարուած Սումկայիթի եղեռնագործութեան զոհերուն յիշատակը եւ մեր յարգանքի տուրքը կը մատուցենք անոր տասնեակ անմեղ զոհերուն: Դեսպանը ըսաւ, որ Սումկայիթը հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան ամէնէն ցաւալի եւ ողբերգական էջերէն մէկն է, որուն ընթացքին ազրպէյճանցիները վարուեցան վայրագօրէն, ինչ որ բնորոշ է միայն անքաղաքակիրթ ցեղերուն եւ ժողովուրդներուն` աւելցնելով, որ երեք օրերու ընթացքին Սումկայիթի խաղաղ բնակչութիւնը ենթարկուեցաւ ծեծի, ջարդերու, սպանութիւններու, նաեւ թալանուեցաւ հայերուն ունեցուածքը, եւ անոնք արտաքսուեցան այն քաղաքէն, որուն ծաղկումին մէջ բերած էին իրենց ներդրումը:
«Ասիկա մեզի համար ապացոյց եղաւ, որ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն համար պայքարը միշտ խաղաղ միջոցներով չ՛ըլլար, եւ մենք միշտ պէտք է պատրաստ ըլլանք նաեւ զէնքի ուժով ու հաւաքական կամքով պաշտպանելու եւ տէր կանգնելու մեր իրաւունքներուն, որոնք իրաւամբ արդարացիօրէն, հերոսաբար եւ նուիրումով իրականացուցինք Սումկայիթի եղեռնագործութեան հետեւած արցախեան ազատագրական շարժման ընթացքին», հաստատեց դեսպան Մկրտչեան` աւելցնելով, որ մեր կամքով եւ ուժերով, Արցախի ժողովուրդին, Հայաստանի հայութեան, ինչպէս նաեւ համայն սփիւռքի միասնական ջանքերով կրցանք յաղթել այդ պատերազմին, ամրապնդել մեր իրաւունքները եւ առ ի պատասխան մեր դէմ գործուած այդ յանցագործութեան մինչեւ այսօր ցոյց տալ համայն աշխարհին, որ Արցախը իրաւունք ունի եւ ի վիճակի է ըլլալու ազատ եւ անկախ պետութիւն, կարող է զարգանալ եւ ամրապնդել իր իրաւունքները:
Եզրափակելով իր խօսքը` դեսպան Մկրտչեան շեշտեց, որ մենք պիտի շարունակենք այս յարգանքի տուրքը մատուցել ամէն տարի, որովհետեւ հայ ժողովուրդին դիմաց այդ վտանգները տակաւին առկայ են: Պայքարը շարունակական է: Յարգանքի տուրք մատուցելով մենք պիտի շարունակենք ամրապնդուիլ` յենելով մեր բանակին վրայ, որպէսզի այլեւս երբեք նման բաներ չկրկնուին եւ մեր ժողովուրդին իրաւունքները ոտնակոխ չըլլան:
Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Կարօ Քէպապճեան խօսք առնելով յայտնեց, որ եթէ Սումկայիթի եղեռնագործութենէն 30 տարի ետք մենք հարց տանք մեր նահատակներուն, թէ ի՞նչ է այսօրուան խորհուրդը, անոնք միաբերան կոչ պիտի ուղղեն զինուելու եւ ըլլալու արթուն, դիւանագէտ, ուժեղ, խաղաղասէր եւ վերջնականապէս ո՛չ ըսելու թուրքին: Քեպապճեան ըսաւ, թէ հայը պիտի վստահի իր ամուր զէնքին, հաւատքին: Ան յիշատակելով Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի, Հայոց ցեղասպանութեան եւ Սումկայիթի նահատակները կոչ ուղղեց ազգովին ո՛չ ըսելու ջարդին: Կռուելու ու նահատակուելու, սակայն ո՛չ` ջարդուելու: