Սրբոց Հռիփսիմեանց տօնին առիթով` 5-12 յունիս Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ Հռիփսիմեանց կոյսերուն նուիրուած աղօթաշարք մը, որուն բացումը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 5 յունիսին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի եւ ներկայութեամբ թեմի քահանայից դասուն:
Աղօթքէն ետք ներկայ հաւատացեալներուն իր պատգամը ուղղեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը: Ան նկատել տուաւ, որ աղօթքով պիտի ջերմացնենք սուրբերուն մասունքները եւ մեր կեանքին համար պիտի գտնենք առաջնորդութիւն ու զօրութիւն` աւելցնելով, որ Հռիփսիմեանց կոյսերը մեր պատմութեան հետ առնչուող սուրբեր են, եւ պատմական ակնարկ մը նետեց կոյսերու կեանքին եւ նահատակութեան վրայ: Սրբազան Հայրը հաստատեց, որ դարեր ետք, թէկուզ սփիւռքեան պայմաններուն մէջ, մենք պիտի շարունակենք պահել Հռիփսիմեանց կոյսերու յիշատակը, որպէսզի մեր պատմութեան նայելով եւ անոնց կեանքի սրբութեան օրինակը դիտելով զօրանանք մեր ինքնութեան մէջ եւ սրբութիւն գտնենք մեր կեանքին համար` շեշտելով, որ ամէն վայրկեան պարտինք մղել հոգեւոր պայքար, որպէսզի մեր հաւատքը պաշտպանենք բոլոր աղանդաւորական մտածողութիւններուն եւ երեւոյթներուն դէմ, որոնք այսօր կ՛ապականեն մեր ինքնութիւնն ու հաւատքը: Նայինք Հռիփսիմեանց կոյսերու օրինակին, անոնք յանձն առին նահատակուիլ, որպէսզի իրենց ինքնութիւնն ու հաւատքը պաշտպանեն:
«Մեր ապրած աշխարհը ամէն օր նոր փորձութիւններու դիմաց կը դնէ մեզ, եւ անոնց պատճառով շատեր կ՛իյնան գիտակցօրէն կամ անգիտակցաբար եւ կը զոհեն այն, ինչ որ նուիրական է եւ կ՛ապահովէ քրիստոնեային ու հայուն կեանքի բնականոն ընթացքը: Քիչեր կը դիմանան եւ կը պայքարին այն երեւոյթներուն դէմ, որոնք խոտոր են մեր ազգի ու մեր եկեղեցւոյ կեանքին», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը` աւելցնելով, որ հաւատքի մարդը իր կեցուածքը անպայման կ՛արտայայտէ բարձրաձայն, խրոխտ կերպով եւ առանց վախի:
Եզրափակելով իր խօսքը` Սրբազան Հայրը կոչ ուղղեց, որ մնանք իբրեւ հաւատք ունեցող եւ իր կեանքը սրբազան արժէքներով վարող ժողովուրդ, որպէսզի պատմութեան վկայութիւնը մեր մասին ըլլայ արդար, եւ մարդիկ մեզ ճանչնան իբրեւ արժանաւոր ժառանգորդները ժողովուրդի մը, որ մահուան քովէն անցնելէ ետք անգամ յաջողեցաւ յարութիւն առնել եւ բարձրանալ շնորհիւ իր առաքելահիմն ջինջ հաւատքին:
Աղօթքը փակուեցաւ «Տէր ողորմեա»-ի եւ Տէրունական աղօթքի երգեցողութեամբ: