Սրբոց Հռիփսիմեանց կոյսերու տօնին առիթով 14-28 մայիսին, երեկոյեան ժամը 7:00-8:00 Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ կոյսերուն նուիրուած աղօթք, որուն աւարտին պիտի փոխանցուի պատգամ` թեմի քահանայ հայրերուն կողմէ:
Արդարեւ, երկուշաբթի, 14 մայիսին տեղի ունեցաւ Սրբոց Հռիփսիմեանց կոյսերուն նուիրուած աղօթքի օրերուն բացումը` հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի եւ ներկայութեամբ քահանայից դասուն:
Աղօթքի աւարտին Սրբազան Հայրը ուղղեց օրուան պատգամը: Ան նկատել տուաւ, որ կեանքի ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ մենք կարիքը ունինք սուրբերուն եւ անոնցմէ եկող սրբութեան, որպէսզի յաջողինք նոր ուղղութիւն եւ մղում տալ մեր կեանքին: Սրբազան Հայրը ակնարկելով Հռիփսիմեանց կոյսերու կեանքին ըսաւ, թէ անոնք 3-րդ դարու վերջաւորութեան ապրած հռոմէացի կրօնաւորուհիներ էին, որոնք Դիոկղետիանոս կայսեր հալածանքներէն խոյս տալու համար եկան Հայաստան, սակայն ենթարկուելով Տրդատ թագաւորի հալածանքին կալանուեցան եւ ահաւոր չարչարանքներէ ետք քարկոծուելով մարտիրոսացան: Երբ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հրաշքով դուրս եկաւ Խոր Վիրապէն, անձամբ ամփոփեց կոյսերուն նշխարները եւ անոնց վրայ հաստատեց սրբարան:
«Դարեր ետք, մենք երկիւղածութեամբ կը յիշենք զիրենք, որովհետեւ կ՛անդրադառնանք, թէ անոնք իբրեւ կրօնաւորուհիներ նախընտրեցին իրենց կեանքը ապրիլ համաձայն այն արժէքներուն, որոնցմով ուխտած էին ծառայել Քրիստոսի` կուսութեան ճամբով: Անոնք յանձն առին նահատակութիւնը` փոխանակ վայելելու պալատական կեանքի պայմանները: Անոնք գերադասեցին մահը, քան քրիստոնէական արժէքներէ պարպուելով ենթարկուիլը կայսեր կամ թագաւորի կամքին», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը` աւելցնելով, որ անոնք նահատակուեցան, սակայն հաւատքի ճամբով կ՛ապրին մեր եկեղեցւոյ կեանքին մէջ:
Շարունակելով իր խօսքը` Առաջնորդ Սրբազանը ըսաւ, թէ ժամանակին հետ կրնանք պատմութիւնը մոռնալ, սուրբերու անունն ու յիշատակը մոռնալ, սակայն պէտք չէ մոռնալ, թէ սրբութեան հասնելու ճամբան Աստուծոյ հետ մեր ունեցած յարաբերութեան իրականութիւնն է եւ դէպի Աստուած ընթանալով միայն կարելի է հասնիլ սրբութեան: Ան շեշտեց, որ սուրբերը չեն պատկանիր միայն անցեալի մեր կեանքին, այլեւ` սրբութիւնը ներկայ է մեր այսօրուան կեանքին մէջ: Շատեր կը փորձեն սրբութեամբ պահել իրենք զիրենք կեանքի տեսակաւոր փորձութիւններուն ու տագնապներուն դիմաց:
«Եթէ մենք չենք ուզեր Սրբոց Հռիփսիմեանց հաւատքին, նուիրումին օրինակը որդեգրել, եթէ չենք կրնար քրիստոնէական մեր հաւատալիքներուն հետ վարուիլ անոնց ունեցած գիտակցութեամբ, ի՞նչ կ՛արժեն մեր բարեպաշտութիւնը, աղօթքները», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը: Ան յայտնեց, որ մեր աշխարհին մէջ վերիվայրումներ եւ փոփոխութիւններ միշտ տեղի պիտի ունենան, եւ անոնց համար ամուր պէտք է պահենք մեր հաւատքը ու կառչած մնանք այն բոլոր սրբութիւններուն, որոնք մեր ժողովուրդի ամրութիւնը եղած են:
Եզրափակելով իր խօսքը` Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յորդորեց հաւատացեալ ժողովուրդը Սրբոց Հռիփսիմեանց օրինակին դիմաց սթափելու եւ նոր գիտակցութիւն յառաջացնելու իրենց կեանքին մէջ, զգացնելու իրենց շրջապատին, թէ իրենք Քրիստոսի հետեւորդներն են, եւ Սրբոց Հռիփսիմեանց հաւատքով պայքարելու` իրենց կեանքին մէջ արժէք եւ սրբութիւն պահելու համար: