Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ թեմի քահանայից դասուն, երկուշաբթի, 29 մայիսին երեկոյեան ժամը 6:30-ին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող Ս. Հռիփսիմեանց եւ Ս. Գայեանեանց մատրան դիմաց կատարուեցաւ Սրբոց Հռիփսիմեանց տօնին առթիւ աղօթքի շաբթուան բացում:
Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ անդրադառնալով Հռիփսիմեանց կոյսերուն, որոնք 4-րդ դարուն Հայաստանի հողին վրայ նահատակուեցան, յայտնեց, որ այդ սուրբերը հայ չէին, սակայն Հռոմէն` Թիոկղետիանոս կայսեր հալածանքներէն փախուստ տուած եւ Հայաստան ապաստանած 32 կրօնաւորուհիներ էին, որոնք ուխտած էին ոչ միայն Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնները սորվիլ, ոչ միայն հետեւիլ Քրիստոսի պատգամներուն ու պատուէրներուն, այլեւ` սիրով Քրիստոսի ընծայել իրենց կեանքը:
Սրբազանը դիտել տուաւ, որ մեր ներկայ ժամանակներուն մէջ մենք շատ կարեւորութիւն չենք տար «ընծայել» բային, եւ բացատրեց, որ «ընծայել» կը նշանակէ ամբողջական հոգիով նուիրել, աւելցնելով, որ այս կրօնաւորուհիները երկրաւոր բոլոր տեսակի շռայլութիւններէն հրաժարելով` իրենց անձերը ընծայաբերած էին, նուիրած էին Քրիստոսի եւ անոր սիրով առաջնորդուած` անոնք նաեւ յանձն առին նահատակութիւնը, որպէսզի բնակիչները դառնան երկնային կեանքին: Սրբազան հայրը յայտնեց, որ քրիստոնէութիւնը մեզմէ մասնաւոր կեցուածք կը պահանջէ, կեանքի իւրայատուկ ձեւ է, որպէսզի ապրինք անձնականի նուիրումով, զոհելով ամէն ինչ` ի պահանջել հարկին մեր կեանքը, որպէսզի արժանանանք տիրոջ գնահատանքին: Ան ըսաւ, որ 4-րդ դարուն այս կրօնաւորուհիները քրիստոնէական իրենց առաքինութիւնը պաշտպանելու համար նախընտրեցին մահը, եւ հարց տուաւ, թէ մենք ի՞նչ կը զոհենք մեր կեանքին մէջ պաշտպանելու համար այն, ինչ որ իբրեւ նուիրական արժէք մեր եկեղեցին մեզի կը յանձնարարէ, ի՞նչ կը զոհենք պաշտպանելու համար մեր հաւատքը եւ ի՞նչ ձեւով մեր քրիստոնեայ ըլլալու կոչումը կ՛արտայայտենք մեր առօրեայէն ներս: Շարունակելով իր խօսքը` Սրբազանը նկատել տուաւ, որ այս օրերու պայմաններուն մէջ ամէն տեսակի ախտ թափանցած է մեր կեանքէն ներս, նոյնիսկ` մեր տուներէն ներս, եւ կը սպառնայ մեր ընտանեկան յարկերուն, հարց տալով, թէ ի՞նչ ձեւով այդ բոլորին դիմաց կը յիշենք մեր քրիստոնէական հաւատքը եւ այդ հաւատքին պատճառած զօրութեամբ կը պայքարինք այն բոլոր երեւոյթներուն դէմ, որոնք այսօր կ՛ապականեն մեր ընկերութիւնը:
Աւարտին Սրբազանը աղօթեց, որ Աստուած իր շնորհքները առատօրէն պարգեւէ մեզի, որպէսզի արժանի ըլլանք իրողապէս պատուելու մեր եկեղեցւոյ սուրբերը եւ այդպիսով սրբութիւն բերելու մեր կեանքին, նաեւ` պատիւ ընծայելու մեր եկեղեցւոյ:
Յայտնենք, որ այս շաբթուան ընթացքին ամէն օր նոյն ժամուն եւ նոյն վայրին մէջ տեղի պիտի ունենան ժամասացութիւն եւ հոգեւոր խորհրդածութիւն, իսկ երկուշաբթի, 5 յունիսին երեկոյեան ժամը 6:00-ին, նախագահութեամբ սրբազան հօր, պիտի մատուցուի պատարագ եւ Հռիփսիմեանց մասունքով պիտի կատարուի ջրօրհնէք: