Չորեքշաբթի, 7 փետրուար 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն, ապա նախատօնակի արարողութիւն` Սրբոց Վարդանանց եւ Ղեւոնդեանց տօներուն առիթով: Արարողութեան նախագահեց Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան: Արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի քահանայից դասը:
Նախատօնակի աւարտին յաւուր պատշաճի պատգամեց Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան: Ան յայտնեց, որ Սրբոց Վարդանանց եւ Ղեւոնդեանց տօները յատկանշական են եւ սերտօրէն կապուած են հայ ժողովուրդի պատմութեան հետ: Վարդանանք եւ Ղեւոնդեանք պարտաւորուեցան ռազմաճակատ իջնելով հայութեան ինքնութիւնը պաշտպանել: Այս պայքարը այսօր պէտք է մղենք մեր տուներուն եւ ընկերութեան մէջ, որպէսզի չխաթարուի մեր ազգային նկարագիրը եւ ազգին ու հայրենիքին հանդէպ մեր պարտականութիւններու գիտակցութիւնը չկորսուի: Պէտք է բոլորս ընդունինք, որ մեր պարտականութիւններուն հանդէպ նոյնքան քաջութիւն չունինք, որքան Ղեւոնդեանք եւ Վարդանանք ունեցան: Անոնք ռազմաճակատի վրայ քաջաբար իրենց հաւատքը արտայայտեցին եւ հայրենիքի հանդէպ սէրը իրենց արեան հեղումով ընծայեցին: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հարցադրում մը կատարեց նշելով, որ մենք որքանո՞վ այս հաւատքը կը զոհաբերենք: Ապա շարունակեց հարցադրումը յատնելով, թէ ո՞ւր են մեր զաւակները, որոնք պէտք է հոս ներկայ ըլլային: Վարդանանք գիտակցելով իրենց կոչումին եւ պարտականութեանց ռազմադաշտ մեկնեցան եւ այդ գիտակցութիւնը անմահացուց զիրենք: Առաջնորդ Սրբազանը լուսարձակի տակ առաւ այն անձերը, որոնք իրենց հոգիներուն եւ սրտերուն մէջ քրիստոնէական արժէքներուն եւ հայրենական զգացումներուն գիտակցութեամբ իրենց կեանքը կը վարեն: Ան նշեց, որ անգիտակից կերպով մեր աղօթքը չի հասնիր Աստուծոյ, անգիտակից հայրենասիրութիւնն ալ արդիւնք չի տար:
Իւրաքանչիւր հայորդի պէտք է անդրադառնայ, որ ինք պարտականութիւններ ունի, եւ անոնք իբրեւ աւանդ կտակուած են զինք կանխող սերունդներուն կողմէ: Մենք այդ աւանդը պատուով պէտք է կրենք եւ գիտակցօրէն ապրինք, որպէսզի ապրին մեր մեծերը, հայրենասիրութիւնը:
«Վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց» մղուած ճակատամարտը ամէն մակարդակի վրայ պէտք է շարունակուի մեր եւ մեր զաւակներուն միջոցով այն հաւատքով եւ հոգիով, որով Վարդանանք Աւարայրի դաշտին վրայ իրենց ինքնութիւնը արտայայտեցին առ Աստուած: Առաջնորդ սրբազանը մաղթեց, որ Վարդանանց բարեխօսութեամբ արիանայ մեր ժողովուրդը եւ քաջաբար պահէ ու պաշտպանէ իր ինքնութիւնը եւ այն նուիրական բոլոր արժէքներն ու սրբութիւնները, որոնք ամրութիւն կը պարգեւեն մեր ժողովուրդին: