451-ը անկիւնադարձային թուական մըն է հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ: Աւարայրի ճակատամարտը եւ Վարդանանց նահատակութիւնը առաւել գօտեպնդեցին մեր ժողովուրդի հաւաքական կամքը, եւ իբրեւ հայ կրցանք յաղթահարել մեզի սպառնացող եւ մեր դէմ ցցուող բոլոր մարտահրաւէրները: 1567 տարիներ ետք Վարդանանց պատգամը կը մնայ այժմէական եւ սերունդներ կը դաստիարակուին անոնց գերագոյն խորհուրդով` հաւատքի եւ հայրենիքի համար մղուած պայքարով:
Սփիւռքահայութեան սիրտը նկատուող Պուրճ Համուտի Նորաշէն թաղամասի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցին արժանաւորապէս նշեց իր անուանակոչութիւնը հինգշաբթի, 8 փետրուար 2018-ին: Արդարեւ, տօնին մեկնարկը կատարուեցաւ չորեքշաբթի, 7 փետրուարին, երբ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ ոչխարներու զենում եւ մատաղի պատրաստութիւն տեղի ունեցաւ` կազմակերպութեամբ համանուն եկեղեցւոյ թաղականութեան եւ մասնակցութեամբ ժրաջան տիկնանց յանձնախումբին: Նոյն օրը երեկոյեան կատարուեցաւ նաեւ նախատօնակի արարողութիւն` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանին եւ ներկայութեամբ Լիբանանի թեմի քահանայից դասին:
Հինգշաբթի, 8 փետրուարին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին, տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանին Նորաշէնի մուտքին, ուր ոչխարի զենում կատարուեցաւ ի պատիւ առաջնորդ սրբազանին: Ապա թափօրը ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին եւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ դպրաց դասին առաջնորդութեամբ ուղղուեցաւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի: «Հրաշափառ» շարականի երգեցողութեամբ առաջնորդ սրբազանը մուտք գործեց եկեղեցի եւ մատուցեց Ս. եւ անմահ պատարագ` հաւատացեալներու հոծ բազմութեան մը ներկայութեան:
Յաւարտ Ս. պատարագի յաւուր պատշաճի քարոզեց Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան: Սրբազանի քարոզին բնաբանն էր` «Այս հաւատքէն մեզ ոչ ոք կրնայ խախտել: Ո՛չ հրեշտակները եւ ո՛չ մարդիկ, ո՛չ սուրը եւ ո՛չ հուրը, ո՛չ ջուրը եւ ո՛չ ալ որեւէ այլ դառն հարուած»: Ան յայտնեց, որ հաւաքուած ենք նշելու հայոց պատմութեան ամենախրոխտ դէպքերէն մէկը: Վարդանանց ճակատամարտը, որ տեղի ունեցած է հինգերորդ դարուն, կը շարունակէ խանդավառել սերունդներ սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ: Համաձայն պատմութեան, երբ պարսիկներու Յազկերտ թագաւորը կրօնափոխութիւն առաջարկեց հայ ժողովուրդին, հայութիւնը ոտքի կանգնելով Վարդան Մամիկոնեան սպարապետին առաջնորդութեամբ Աւարայրի ճակատամարտով պարտութեան մատնեց ժամանակակից մեծագոյն կայսրութիւններէն մէկը` խրոխտօրէն պաշտպանելով իր հայրենիքի ազատութիւնն ու քրիստոնէական իր հաւատքը: Ան յիշեց 1036 վկաները, որոնք իբրեւ առաքինի կտրիճներ գիտցան արեամբ պաշտպանել ինչ որ նուիրական է եւ սուրբ: Տագնապները, պատերազմները եւ կոտորածները մահ չեն պատճառեր ժողովուրդներուն: Վկայ է հայ ժողովուրդին ներկայութիւնը աշխարհի բոլոր անկիւններուն մէջ: Ժողովուրդը կը մեռնի այն ատեն, երբ կը պարպուի հաւատքէն, հայրենասիրական զգացումներէն, կամովին կը հրաժարի այն սրբութիւններէն, որոնք ամրութիւն կու տան ժողովուրդին: Վարդանանք մարտի դաշտին վրայ արտայայտեցին իրենց հայկականութիւնը եւ քրիստոնէական հաւատքին նկատմամբ ունեցած նուիրումը: Անոնք նահատակուեցան, բայց փրկուեցաւ հայրենիքը: Հայ ժողովուրդը իր պայքարը շարունակեց: Առաջնորդ սրբազան հայրը ներկայ հաւատացեալներուն ուշադրութեան յանձնեց, թէ այսօր տարբեր աշխարհի մէջ կ՛ապրինք եւ այնպիսի պայմաններու մէջ, որոնք հաւատք եւ հայրենասիրութիւն կը պահանջեն, եթէ մենք որոշած ենք գոյատեւել ու տոկալ:
Քրիստոնեային համար ամէն վայրկեան հաւատքի պատերազմ կը մղուի ամէնուրեք: Զգուշ պէտք է ըլլանք, որ չքայքայուի մեր ամրութիւնը եւ զգուշ պէտք է ըլլանք այն նուիրական սրբութիւններուն, որոնք փոխանցուած են մեզի, որպէսզի մեր կեանքը ամրացնենք: Մեր ընտանիքները պէտք է պաշտպանենք, մեր զաւակներուն նկարագիրը կազմենք եւ համայնական մեր կեանքը քրիստոնէական աւանդներով ու հայրենասիրական նկարագիրով կերտենք: Այսօրուան առիթը մեզ կը մղէ նաեւ զգալու սուրբերուն ներկայութիւնը մեզի հետ: Վարդանանք ապրեցան ու կ՛ապրին, որովհետեւ հայ ժողովուրդը ազգային բարձր գիտակցութեամբ փարեցաւ անոնց յիշատակին:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կոչ ուղղեց, որ Վարդանանք ապրին մեր զաւակներուն կեանքին մէջ, ներշնչելով անոնց հայրենասիրական նոր գիտակցութիւն, որպէսզի ապրի հայ ժողովուրդը եւ գոյատեւէ այն հայրենիքը, որուն համար դարերէ ի վեր կ՛ընծայէ իր ամէնէն ընտիր զաւակները ի խնդիր գոյութեան` մարտնչելով նոյնիսկ աշխարհի հզօրագոյն պետութեանց բանակներուն դէմ:
Իր խօսքի աւարտին Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց հայրենասիրական գիտակցութիւնը բարձր պահելու եւ մեր հաւատքը հաստատ պահելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի պաշտպանենք մեր գոյութիւնը եւ իբրեւ ազգ բարգաւաճինք: Ըլլանք արժանաւոր շառաւիղները Վարդանանց սերունդին: Հաւատքով ապրինք մեր կեանքը, որպէսզի մեր տկարութիւնները աստուածային շնորհներու փոխակերպուին:
Պատարագէն ետք կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:
Ապա Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան – Եռագոյն» սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան: Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին անունով բացման խօսք կատարեց Յակոբ Գալայճեան: Ան նշեց, որ հայոց հոգեւորականաց դասը, օրուան իշխաններն ու քաջն Վարդան Մամիկոնեանը լաւապէս հասկցած էին ժամանակի նշանները եւ համոզուած էին, որ քրիստոնէական կրօնի պահպանումով էր միայն, որ կարելի պիտի ըլլար հայ ազգի գոյատեւումը իբրեւ մէկ ազգ, մէկ կրօն եւ միացեալ մէկ ամբողջութիւն: Ապա հակիրճ տեղեկութիւններ ներկայացուց թաղականութեան իրագործած եկեղեցւոյ բարեզարդման աշխատանքներուն մասին: Ան լուսարձակի տակ առաւ տիկնանց յանձնախումբին ունեցած ներդրումն ու աշխատանքը եկեղեցւոյ պայծառութեան ի նպաստ, յատկապէս «Օգնէ՛ եղբօրդ» ծրագիրը:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր: Անի Մաչուլեան մեներգեց «Եասամանի ծառի տակ» եւ «Քելէ քելէ» երգերը` երգեհոնի նուագակցութեամբ Ռիթա Գարամանուկեանի, Դալար Գէորգեան թրոմփեթի վրայ նուագեց «Կիլիկիա» երգը, Մարօ Սարգսեան ասմունքեց Վ. Թէքէեանի «Խորհուրդ Վարդանանց» բանաստեղծութիւնը, Անայիս Կետիկեան մեներգեց «Կռունկները», «Ծաղկած բալենի» երգերը, Հրակ Մամիկոնեան ասմունքեց Վ. Թէքէեանի «Վարդանանք»-ը, Յովիկ Թաֆրանեան մեներգեց «Ախպերս ու ես», «Արարատն առաջ», «Գետաշէն», «Ղարաբաղցին» երգերը, Գէորգ Գատէհճեան ասմունքեց Ժագ Ս. Յակոբեանի «Վարդանական»-ը: Հայկական եւ օտար նուագներով մթնոլորտը ճոխացուցին հետեւեալ արուեստագէտները` Կարօ Սըվագճեան (սրինգ), Սելլա Սըվագճեան (ջութակ), Նարեկ Քէշիշեան (տհոլ):
Սրտի խօսք արտասանեց Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ատենապետ Յովիկ Պիլեմճեան: Ան նշեց, որ եկեղեցւոյ բարերարները կը նկատուին բարեկամներ, որովհետեւ անոնք միշտ եկեղեցւոյ կողքին եղած են երբեմն նոյնիսկ առանց դիմելու իրենց: Ան գնահատեց բոլոր այս բարեկամները, որոնք եկեղեցւոյ պայծառութեան համար իրենց լուման կը ներդրեն: Յ. Պիլեմճեան շնորհակալութիւն յայտնեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, որ շրջանի բարգաւաճման եւ զարգացման համար ճիգ չի խնայեր: Ան գնահատանքի խօսք ուղղեց նաեւ Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային իշխանութեան: Ան երախտագիտութիւն յայտնեց նաեւ լոսանճելըսաբնակ Վարդան Մարտիրոսեանին, որ եկեղեցւոյ ատեանի կեդրոնի մասին մեծ քրիսթալ ջահ մը նուիրեց եւ տէր եւ տիկին Շահէ Բոժոժեան ամոլին, որ դարձեալ եկեղեցւոյ չորս սիւներուն համար չորս քրիսթալ ջահեր նուիրեց: Իր խօսքի աւարտին Յ. Պիլեմճեան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց մատաղի պատրաստութեան օժանդակած բոլոր անհատներուն:
Փակման եւ օրհնութեան խօսքով հանդէս եկաւ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան: Ան իր գոհունակութիւնը յայտնեց ի տես այս առիթին նկատմամբ մեր ժողովուրդի մօտեցման: Հաւատքի մղումով ու ազգային գիտակցութեամբ ժողովուրդը ներկայ գտնուեցաւ Սրբոց Վարդանանց տօնի պատարագին եւ յագեցած ու լիացած վերադարձաւ իր կեանքին: Առաջնորդ սրբազանը իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ Սրբոց Վարդանանց տօնի պատարագին եւ սիրոյ սեղանին աղօթակից եւ սեղանակից եղան մեր ղեկավարութիւնը` Հայ կաթողիկէ համայնքի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանը, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանը, Ազգային իշխանութիւնը: Սրբոց Վարդանանց եկեղեցին այս շրջանին մէջ մեր ժողովուրդին հանդէպ իր պարտականութիւնները լիապէս կը կատարէ Ազգային առաջնորդարանին կողքին:
Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ պէտք չէ վախնալ կեանքի տագնապներէն: Հայ ժողովուրդը դարերէ ի վեր տոկացած է իր հաւատքով, եկեղեցւոյ եւ ազգին նկատմամբ հաւատարմութեամբ: Անոնք, որոնք Վարդանանց հաւատարմութեամբ իրենց սէրը կ՛արտայայտեն, անոնք կ՛ապրին եւ կ՛ապրի հայ ժողովուրդը: Կեանքի մէջ դժուարութիւններ եւ նեղութիւններ կան, բայց հաւաքական ճիգով անոնք կը չքանան, եւ աւելի լաւատես կը դառնանք մեր կեանքին եւ մեր աշխատանքներուն նկատմամբ:
Իր խօսքի աւարտին Առաջնորդ Սրբազանը մաղթեց, որ զիրար քաջալերող հանդիպումներ կազմակերպուին, անսասան մնան հայ եկեղեցին եւ կառոյցները մեր հաւատքով ու նուիրումով, եւ ծաղկի մեր հայրենիքը, որուն համար Վարդանանց սերունդէն սկսեալ մինչեւ այսօր հայ ժողովուրդը կ՛ընծայէ իր ամէնէն թանկագինը եւ ընտիրը: