Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց Տօնի Հանդիսաւոր Նշում` Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց տօնին առիթով հինգշաբթի, 24 փետրուար 2022-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Պատարագը մատուցեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր պատգամը ուղղեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան:

Սրբազան Հայրը պատմական ակնարկ մը նետեց 451 թուականին պարսից Յազկերտ թագաւորի հսկայ բանակին դէմ Տղմուտ գետի ափին տեղի ունեցած Վարդանանց հերոսամարտին` յիշեցնելով, որ մեր քրիստոնէական հաւատքին ու մեր հայրենիքին պաշտպանութեան համար մղուած այդ հերոսամարտին, նահատակուեցաւ հայոց սպարապետ Վարդան Մամիկոնեանը, եւ իրեն հետ ինկան նաեւ 1036 զօրականներ, սակայն բռնութեամբ հայ ժողովուրդը կրօնափոխ դարձնելու եւ պարսկական լուծին ենթարկելու քաղաքականութիւնը ձախողեցաւ: Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ, որ Վարդանանց ճակատամարտէն ետք, հայ ժողովուրդը առաւել սաստկութեամբ ու հաւատարմութեամբ մղելով  հաւատքի եւ հայրենիքի պաշտպանութեան գոյապայքարը, ազատօրէն ապրելու իրաւունքը շահեցաւ:

«Հայ ժողովուրդի գոյապայքարին պատմութիւնը ունի ողբերգական էջեր ու փառահեղ յիշատակներ: Արդարեւ, իր երկար գոյութեան ընթացքին, մեր ժողովուրդը երբեմն քալած է արեան հովիտներէն ու ոտնակոխ եղած բարբարոս ցեղերու կողմէ: Երբեմն բզկտուած է ան ու նաեւ տարագրուելով իր հայրենիքէն, աննախադէպ ցեղասպանութեան ոճիրին զոհը դարձած: Սակայն, ինչպէս գիտենք, «իւր քաջ որդւոց սուրբ արիւնով»,  դարձեալ ոտքի կանգնած ու փառահեղ գոյամարտեր մղելով, նոր յաղթանակներ տարած ու հայրենական հողին վրայ իր օճախը վերականգնելով, դարձեալ ծլած ու ծաղկած է», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը` աւելցնելով, որ Վարդանանց գոյամարտը իր անջնջելի հետքը ձգած է մեր հաւաքականութեան նկարագիրին եւ իւրաքանչիւր հայու հոգիին վրայ: Հետեւաբար, Վարդանանք միայն 5-րդ դարու պատմութիւն չեն: Անոնց յիշատակը այսօր ալ մեզ կը տանի դէպի հայոց պատմութեան հարազատ ուղիները եւ կը թելադրէ փորձաքարին զարնել մեր հայրենասիրութիւնն ու նժարին մէջ դնել մեր հայու ինքնութեան կառչած մնալու փաստը:

«Մինչեւ երէկ, մեր հերոսներուն ու կտրիճներուն յիշատակը սուրբ պահելով, մեր հայրենական յուշերը մեր սրտերուն մէջ խնամքով ամփոփելով, նոյնիսկ սփիւռքեան օտարութեան պայմաններուն մէջ, մեր ժողովուրդը իր ինքնութեան նկատմամբ եղաւ հաւատարիմ եւ իր կեանքը ապրեցաւ իր ազգային նկարագիրով ու ինքնատիպ կեցուածքով: Սակայն այսօր, Սրբոց Վարդանանց յիշատակին դիմաց, չենք կրնար չխոստովանիլ, որ դէպի նահանջ սկսած է ուղղուիլ մեր կեանքին ընթացքը եւ  մեր սեփական յիշողութեան մէջ ալ սկսած է ժանգոտիլ ու ժամանակի փոշիով ծածկուիլ մեր մեծերուն հմայքը», հաստատեց Առաջնորդ Սրբազանը` աւելցնելով, որ պէտք է խոստովանինք, որ մեզ իրարմէ օտարացնող ու մեզ մեր ազգային ինքնութենէն դատարկող ներկայ համաշխարհային պայմաններուն մէջ, մեր ազգային առաջնահերթութիւնները մոռնալով, մենք սկսած ենք ինքնապաշտպանութեան դիրքերը լքել եւ մեր ամրութիւնը երաշխաւորող արժէքներն ու նուիրական յիշատակները յանձնել ու հեռանալ:

Առաջնորդ Սրբազանը ըսաւ, որ ներկայիս, երբ Հայաստանի ու Արցախի սահմաններէն մինչեւ հեռաւոր սփիւռքի  անծայրածիր հեռաստանները, հայութեան գոյամարտը դարձած է աւելի ճակատագրական, մենք, կլանուած աշխարհի խնդիրներով ու հարցերով, սկսած ենք պարպուիլ մեր պատմութեան աւիշէն,  սկսած ենք նոյնիսկ լքել արիւնով շահուած հայրենի հողը, հրաժարիլ ծով զոհողութիւններով կերտուած ու պահպանուած կրօնական, կրթական, մշակութային ու ազգային մեր դարաւոր աւանդներէն եւ յայտնուիլ հայ կեանքէն դուրս գտնուող դիրքերու մէջ:

Շարունակելով իր խօսքը` Առաջնորդ Սրբազանը դիտել տուաւ, որ մնայուն մաշումի պայմաններու մէջ գտնուող սփիւռքը, ամէն օր կը դիմագրաւէ տեսակաւոր մարտահրաւէրներ ու գոյութենական խնդիրներ: Հետեւաբար, պէտք է զգուշ ըլլանք եւ առիթ չտանք, որ աշխարհի տագնապները մեր ազգի ամրութիւնը սասանեն ու մեր սեփական արժէքները կործանեն: Գոյութեան համար ամէնօրեայ պայքարի ռազմադաշտ է մեր կեանքը եւ այդ պայքարին մէջ,  շարունակաբար ներկայ պէտք է ըլլանք բոլորս` հոգեւորական ու աշխարհական, տարեց ու երիտասարդ, եւ մեզի հետ պէտք է ունենանք նաեւ մեր սուրբերն ու հերոսները:

«Արդարեւ, բոլորս միասին ու ամէն օր, քրիստոնեայ եւ հայ ըլլալու փաստը պէտք է արտայայտենք մեր կեանքով, մեզի սպառնացող վտանգները նշմարենք եւ ի խնդիր մեր ազգի դարաւոր իղձերուն ու երազներուն, ինքնապաշտպանութեան նոր շաղախով թուլցած պարիսպները ամրացնենք մեր հոգիներուն մէջ դիմադրութեան կայծերը բորբոքելով եւ հայութեան անընկճելի հոգին վեր բարձրացնենք: Այո՛, մասնաւորաբար սփիւռքեան մեր պայմաններուն մէջ, Սրբոց Վարդանանց հերոսական կեցուածքով, մեր հոգիներուն մէջ ամէն օր նոր հերոսամարտեր պէտք է մղենք ու մեր ինքնութիւնը պաշտպանելով, Հայաստանի տեսլականով նոր ու փառահեղ ազգային պատմութիւն կերտենք», եզրափակեց Սրբազան Հայրը` կոչ ուղղելով բոլորին, Սրբոց Վարդանանց յիշատակին դիմաց, ուխտելու` մեր ժողովուրդի զաւակներուն ջանքերը համախմբել, սրբութեան շաղախով ու ազգային շունչով մեր ինքնութեան կազմաւորման դարբնոցները հանդիսացող հայ ընտանիքը, հայ եկեղեցին, հայ դպրոցն ու հայ ակումբը նորոգել, հայ մշակոյթի աւանդներով մեր համայնական կեանքը ճոխացնել ու մեր հաւաքականութիւնը մեր ազգի արժէքներով հարստացնելով, նոր սերունդը իր ազգային հարազատ արմատներուն ուղղել, որպէսզի ի խնդիր հաւատքի ու հայրենիքի, մեր ազգային գոյապայքարը շարունակող գունդերը նոր  յաղթանակներ ապահովեն: