Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօն

Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով կիրակի, 14 մարտ  2021-ին, համանուն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Պատարագը մատուցեց եւ օրուան պատգամը փոխանցեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան:

Սրբազանը իր քարոզը սկսաւ Պօղոս առաքեալի հետեւեալ խօսքով` «իբրեւ Քրիստոսի մէկ զինուորը` պատրաստ եղիր պատերազմ մղելու»` նկատել տալով, որ առանց աշխատանքի, յոգնութեան, քրտինքի եւ ճիգի կեանքի մէջ ոչինչ կը կերտուի: Սրբազանը բացատրեց, որ հաւատացեալին կեանքը կրաւորական վիճակ չէ, այլ` կ՛ենթադրէ հոգեւոր ճիգ, եռանդ, Աստուծոյ հետ յարատեւ յարաբերութիւն, որպէսզի Աստուած մեր սրտերուն նայելով մեզի պարգեւէ մեր իսկական կարիքներն ու խնդրանքները` աւելցնելով, որ իբրեւ Քրիստոսի հետեւորդներ` պարտինք կեանքին մէջ մեր հաւատքին համար մեր դաւանած սրբութիւններուն նուիրական սկզբունքներուն համար պայքարիլ:

Անդրադառնալով Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին` Առաջնորդ Սրբազանը բացատրեց, թէ եկեղեցին իր անունը ժառանգած է քառասուն երիտասարդ կտրիճներէ, որոնք ո՛չ միայն հռոմէական բանակին մէջ քաջաբար իրենց զինուորական ծառայութիւնը կը մատուցէին, այլեւ քրիստոնէական եւ քրիստոնէավայել կեանք կ՛ապրէին իրենց զինուորական ասպարէզին մէջ: Սրբազանը բացատրեց, որ եկեղեցին զիրենք «մանուկ» կը կոչէ գրաբարի հասկացողութեամբ, որ կը նշանակէ երիտասարդ, կեանքով լի, ապագայի հանդէպ խոստմնալից:

Շարունակելով իր խօսքը` Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ ներկայիս հաւատքը սկսած է տկարանալ մեր մէջ, հոգեպէս կը զիջինք ամէն նուիրական սրբութիւն, կը կծկուինք, կը խեղճանանք` կորսնցնելով մեր ժողովուրդի քաջութեան, արիութեան, դիմադրողութեան այն նկարագիրը, որուն շնորհիւ դարեր շարունակ տեսակաւոր հարուածներու դիմաց տոկալով ապրեցանք ու կը շարունակենք ապրիլ:

«Քառասուն երիտասարդ քաջարի զինուորականներ քրիստոնէական արժէքը պաշտպանելու համար իրենց կեանքը ընծայաբերեցին նման այն հերոսներուն, որոնք ղարաբաղեան վերջին անցուդարձերուն ընթացքին իրենց կեանքը նուիրաբերեցին հայրենի հողին պաշտպանութեան համար», հաստատեց Առաջնորդ Սրբազանը` աւելցնելով, որ անոնք ֆիզիքապէս ինկան, բայց անոնց յիշատակը պէտք է ապրի մեր մէջ, պէտք է մեզի կեանք պարգեւէ, որպէսզի մենք մեր պայմաններով շարունակենք այն բոլոր գործերը, որոնք նուիրական էին ու կը շարունակեն նուիրական մնալ:

Յայտնենք, որ պատարագը ուղղակիօրէն սփռուեցաւ Ազգային առաջնորդարանի Դիմատետրի էջին վրայ: