29-30 մարտ 2025-ին նշուեցաւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը: Արդարեւ, կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդին, շաբաթ, 29 մարտին մատաղի պատրաստութեան զուգահեռ, կ. ե. ժամը 4:30-էն սկսեալ եկեղեցւոյ կից թաղին մէջ տեղի ունեցաւ տօնախմբութիւն, որ կը ներառէր տօնավաճառ, մասնակցութեամբ` եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ վարժարանին, ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղին, ՀՅԴ «Ռոստոմ» պատանեկան միութեան, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտ մասնաճիւղին, նաեւ գեղարուեստական յայտագիր` մասնակցութեամբ Կասիա Շատարեւեանի, Րաֆֆի Կէօվօղլանեանի, Մհեր Չափարեանի, Սերժ Գարակէօզեանի, պուզուքիստ Յարութ Կիւլիւզեանի, ինչպէս նաեւ փոքրերու յայտագիր` մասնակցութեամբ «Ուրախ հրեշտակ» խումբին:
Կիրակի, 30 մարտին, առաւօտեան ժամը 9:30-ին «Արաքս» փողոցի վրայ տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն` ի պատիւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, ապա թափօրը, առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, ուղղուեցաւ եկեղեցի, ուր սրբազան հայրը մատուցեց ս. պատարագ:
Ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ Սրբազանը դիտել տուաւ, որ հաւաքուած ենք միասին` նշելու համար յիշատակը 4-րդ դարու սկզբնաւորութեան Հայաստանի Սեբաստիոյ քաղաքին մէջ զոհուած քառասուն կտրիճներու, որոնք քաջաբար իրենց հաւատքը պաշտպանելով` յանձն առին գիտակից մահը: Անոնք խումբ մը նուիրեալներ էին, որոնք հաւատքի կեցուածք ցուցաբերելով` միասնակամութեամբ յանձն առին նահատակութեան պսակը, որպէսզի չդաւաճանեն իրենց դաւանած սկզբունքներուն: Սրբազանը անդրադարձաւ այդ ժամանակաշրջանի դէպքերուն, երբ քրիստոնէութիւնը կը հալածուէր, եւ ինչպէս կը յայտնաբերուի այդ քառասուն կտրիճներուն դաւանանքը, որոնք երբ անդրդուելի կը մնան իրենց կրօնին, զիրենք սառած լիճի մէջ կը նետեն, սակայն երբ առաւօտուն կը յայտնաբերուի, որ տակաւին ողջ են, զանոնք դուրս բերելով` դաժանօրէն կը սպաննեն եւ անոնց աճիւնները այրելով` կը թափեն լիճին մէջ, որպէսզի ուխտատեղի անգամ չունենան հետագայ սերունդներու պաշտամունքի առարկայ:
Սրբազանը ըսաւ, որ հաւաքուած ենք, որպէսզի Քառասնից Մանկանց յիշատակին ընդմէջէն մեր կեանքին համար ուղղութիւն եւ դաս քաղենք, աւելցնելով, որ կարեւոր է գիտնալը, թէ մեր ընկերութեան մէջ եղած են դէմքեր, որոնք արժէքն ու արժէքաւորը պաշտպանած են իրենց կեանքով, որպէսզի արժէքներով յարատեւեն եւ գոյատեւեն մարդկային կեանքն ու ընկերութիւնը:
«Այս առիթը մեզի կը յիշեցնէ, որ մարդկային ընկերութիւնը կը յարատեւէ արժէքներով, եւ այս արժէքները պահպանելու գործը կը վերաբերի իւրաքանչիւրիս, բոլոր անոնց որոնք հաւատքին արժէք կու տան», շեշտեց Սրբազան Հայրը` աւելցնելով, թէ որքա՛ն գեղեցիկ եւ վայելուչ պիտի ըլլար մեր կեանքը, եթէ այդ արժէքներուն պահպանութեան համար բոլորս հաւասարապէս միասնաբար կեցուածք ցուցաբերէինք, եւ որքա՛ն տարբեր պիտի ըլլար մեր կեանքին որակը, եթէ բոլորս միասին միեւնոյն սկզբունքները պաշտպանելու ի խնդիր գիտնայինք զոհել ու զոհաբերել:
Շարունակելով իր խօսքը` Սրբազանը ըսաւ, որ Քառասնից Մանկանց նուիրական այս տօնին առիթով մեր եկեղեցին գիտակցութեան կը հրաւիրէ մեզ եւ քառասուն կտրիճներուն օրինակը մեզի ցուցադրելով` կու գայ մեզի յիշեցնելու, որ Աստուծոյ տունը ըլլայ պայծառ, մեր ընտանեկան կեանքը ըլլայ շէն, վերստին ոգեւորուին մեր վարժարանները, ակումբները, միութիւնները, կառոյցները, միեւնոյն արժէքներով լեցուի մեր ընկերութիւնը:
Եզրափակելով իր պատգամը` Առաջնորդը շեշտեց, որ իրենց օրինակը իբրեւ խրախոյս թող արթննայ մեր սրտին ու հոգիին մէջ, որպէսզի անդրադառնանք, թէ մեր կեանքի պաշտպանութեան եւ մեր ունեցած արժէքներուն յարատեւութեան համար ունինք պարտականութիւններ եւ հաւաքաբար պարտական ենք, որ նախորդ սերունդներու հաւատքով կերտուածը յարատեւէ` ի խնդիր մեր համայնական կեանքի պաշտպանութեան եւ մեր ազգային կեանքի յարատեւութեան ու վերելքին:
Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:
Այնուհետեւ եկեղեցւոյ «Յակոբ եւ Սօսի Չիլինկիրեան» սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան: Օրուան հանդիսավարն էր Սեպուհ Գարավարդանեան: Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդի ատենապետ Յարութ Թէքէլեան ըսաւ, որ 94 տարիներ շարունակ Պուրճ Համուտի մէջ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցին կը գործէ ժողովուրդի կողքին իր ծէսով, ինչպէս նաեւ Մարաշէն իսկ եկած սովորութիւններով: Թէքէլեան շեշտեց աւանդութիւններու կարեւորութիւնը եկեղեցւոյ եւ մեր ժողովուրդին կեանքին մէջ` ընդգծելով, որ անոնք պատահական ձեւով չեն հաստատուած, այլ բոլորին ուղղուած պատգամ ունին եւ կ՛երաշխաւորեն ժողովուրդին միասնականութիւնը եւ ամբողջութիւնը:
Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ հակառակ Լիբանանի մէջ տիրող դժուարին պայմաններուն` մեր գաղութը յաջողեցաւ կայուն պահել եկեղեցին: Անդրադառնալով վեհափառ հայրապետի 2025 տարին «Աւանդութիւններու վերակենսաւորման տարի» հռչակելու առիթին` Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ երկու օրերու վրայ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ նախաձեռնած տօնախմբութիւնը կենդանի վկայութիւն է այդ իրողութեան, շեշտելով, որ այս բոլորը կը փաստեն հայուն անկոտրում կամքը, հաւատքը եւ յոյսը, որ դիմագրաւելով բոլոր դժուարութիւնները` կը շարունակէ յարատեւել:
Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան` դպրաց դասի անդամ Յովիկ Քէօշկերեան, Ղազար Քէօշկերեան եւ Ալիսիա Աթոյեան, որոնց երգեհոնով կ՛ընկերակցէր Զարեհ Գալայճեան: Նաեւ ելոյթ ունեցաւ պուզուքիստ Յարութ Կիւլիւզեան` երգեհոնի ընկերակցութեամբ Շանթ Տիշչէքէնեանի: