Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ. «Փրկիչը Ամէն Տեղ Է, Պէտք Է Հոգիի Աչք Ունենալ Տեսնելու Զայն» Ըսաւ Նարեկ Արքեպիսկոպոս

Չորեքշաբթի, 13 փետրուարին,  կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակի ժամերգութիւն, որուն հանդիսապետեց եւ ժողովուրդին իր պատգամը փոխանցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս: Ան ըսաւ, որ հաւաքուած ենք տօնախմբելու Քրիստոսի տաճար ընծայման տօնը` աւելցնելով, որ մեր եկեղեցւոյ հայրերը իմաստութիւնը ունեցած են այս տօնը բնորոշելու որպէս Տեառնընդառաջ, այսինքն` ընդառաջել տիրոջ, տիրոջ երթալ, որ կը նշանակէ Աստուծոյ տունը երթալ:

Սրբազանը յայտնեց, որ երբ Յիսուսի ծնողքը քառասնօրեայ մանուկը տաճար տարին, աւանդութիւն մը պահելու համար չէր պարզապէս, այլ երբ տաճար հասան արդէն իսկ յստակօրէն պարզուեցաւ Աստուծոյ ծրագիրը, որովհետեւ անոնք դիմաւորուեցան Սիմէոն ծերունիին եւ Աննա մարգարէուհիին կողմէ, որոնք յստակ կերպով ընդգծեցին, թէ Յիսուս պարզ մանուկ մը չէր, այլ` նոյնինքն աշխարհի Փրկիչը եւ փառք տուին, որ Աստուած շնորհք ըրաւ, որ փրկիչը իրենց աչքերով տեսնեն եւ իրենց գիրկը առնեն: Յիսուս մանկացաւ, որպէսզի մենք ըմբռնենք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ մանուկ ըլլալ եւ մեր ամբողջ կեանքը իբրեւ մանուկ ապրիլ: Սրբազանը ըսաւ, որ երբ Սիմէոն ծերունին գրկեց Յիսուսը, հասկցաւ, որ այլեւս իր կեանքին օրերը վերջացած էին, եւ կեանքը իրեն համար նշանակութիւն չունէր` աւելցնելով, որ ան ամէն ժամանակներու համար փոխանցեց յստակ պատգամ մը, երբ ըսաւ. «Աչքերովս տեսայ Փրկիչը, ո՜վ Տէր, զոր դուն բոլոր աշխարհին համար, բոլոր ժողովուրդներուն համար ղրկեցիր», եւ այդ պատգամը Տեառնընդառաջի տօնին առիթով մեր հոգեւոր ուշադրութեան առարկան կը դառնայ:

Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ Փրկիչը ամէն տեղ է, սակայն մարդ հոգիի աչք պէտք է ունենայ տեսնելու համար, թափանցելու համար ճշմարտութեան խորը եւ անկէ ետք ընդունի Փրկիչը եւ հետեւի Անոր: Սրբազանը հարց տուաւ, թէ մենք կը տեսնե՞նք Քրիստոսը մեր կեանքին մէջ, եւ եթէ կը տեսնենք Զայն, մեզի համար խաչ եւ խաչեա՞լ է, միայն սրբապատկե՞ր է, թէ մեր կեանքը հոգեփոխող Փրկիչ է, մեղքը ջնջող, չարիքը վանող, մեզ հայ քրիստոնէական ճշմարիտ ճանապարհին վրայ դնող, մեզ յաւիտենական կեանքին առաջնորդող:

Առաջնորդը նկատել տուաւ, որ քրիստոնէութիւնը անհատական եւ հաւաքական կրօն է միաժամանակ` աւելցնելով, որ մենք` իբրեւ ժողովուրդ, հաւաքաբար հրաւիրուած ենք Փրկիչին հետեւելու եւ փրկութեան արժանանալու, որպէսզի թէ՛ երկրաւոր, եւ թէ յաւիտենական կեանքին մէջ վայելենք փրկութեան քաղցրութիւնը: Շարունակելով իր խօսքը` Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ, որ Տեառնընդառաջը տօնն է նաեւ մեր մանուկներուն, որոնք միշտ եկեղեցի պէտք է գան, եւ եկեղեցին, իբրեւ Աստուծոյ եւ ազգին տունը, ամէն առիթներով պէտք է ժողովուրդին ներկայութեամբ եկեղեցի դառնայ, որպէսզի ժողովուրդը  գիտակցի, զգայ եւ ապրի, որ ինք Քրիստոսի ժողովուրդն է եւ ոչ միայն անունով քրիստոնեայ է: «Երբ մենք այսօր մեր մանուկները Սուրբ խորանին կը նուիրենք, միայն աւանդութիւն մը չէ, որ կը յարգենք, այլ կը վերանորոգենք մեր հաւաքական պատկանելիութիւնը` Քրիստոսի, որ մեզի համար մանկացաւ, մարդացաւ եւ մեր փրկութիւնը երաշխաւորեց: Տեառնընդառաջի  տօնը  բոլորին համար թող արթնութեան հրաւէր մը ըլլայ գիտակցելու, որ մեր կեանքին մէջ կան պահեր, երբ ամէն բանէ առաջ ժամադրուած ենք Աստուծոյ հետ ըլլալու», հաստատեց Նարեկ Սրբազան` աւելցնելով, որ մենք Յիսուս մանուկը կը տեսնենք, եթէ ուշադրութեամբ նայինք մեր փոքրիկներուն աչքերուն մէջ, որոնք իրենց անմեղութեամբ, հնազանդութեամբ, պատրաստակամութեամբ բաց դասագիրք են քրիստոնէական կրօնը մեր կեանքին մէջ կենդանի ներկայութիւն դարձնող:

Այնուհետեւ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը վառեց Տեառնընդառաջի աւանդական խարոյկը: