Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Տրամադրած Նիւթական Օժանդակութեան Ցրուումը Ընթացք Առաւ

Տնօրինութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, երէկ ընթացք առաւ լիբանանահայ կարիքաւոր ընտանիքներուն նիւթական օժանդակութիւն շնորհելու աշխատանքը:

Արդարեւ, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ մեկնարկեց կարիքաւոր ընտանիքներուն նիւթական յատկացում կատարելու աշխատանքը` ներկայութեամբ Ազգային առաջնորդարանի պաշտօնէութեան եւ Անթիլիասի միաբանութեան հոգեւորականներուն: Եկեղեցւոյ շրջափակը այցելեցին նաեւ Ազգային իշխանութեան պատասխանատուներ:

Նիւթական նպաստ ստացան 848 ընտանիքներ, իւրաքանչիւրը` մէկ միլիոն լ. ոսկի արժէքով:

Այս աշխատանքին Ա. փուլը արդէն իսկ աւարտած կը նկատուի, եւ այդ աշխատանքը պիտի շարունակուի յաջորդաբար բոլոր շրջաններուն մէջ: Նիւթական նպաստը բաշխելու աշխատանքը տեւեց առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00: Աշխատանքը եղաւ հեզասահ` յարգելով «Քորոնա» ժահրի տարածման կանխարգիլման բոլոր միջոցառումները:

Այս առիթով ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, որ այսօր անգամ մը եւս կը վկայենք, թէ բոլորին համար սիրելի վեհափառ հայրը, ինչպէս անցեալին, այս անգամ եւս յանձնառու կը մնայ լիբանանահայութեան այս դժուար օրերուն ժողովուրդին նեցուկ կանգնելու իր պատմական որոշումին, այս անգամ այլ արտայայտութեամբ:

«Ամիս մը առաջ վեհափառ հայրապետը յայտարարած էր, որ լիբանանահայութեան դժուար պայմանները նկատի ունենալով յաջողած է ապահովել մէկ միլիոն տոլար, որ պիտի ցրուուի կարիքաւոր հայրենակիցներուն: Ազգային առաջնորդարանի, Ազգային իշխանութիւններու եւ համապատասխան մարմիններու աշխատանքով կարելի եղաւ կարիքաւոր ընտանիքներու ցուցակները վերջնականացնել եւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց ծուխին պատկանող այդ ընտանիքներուն նիւթական նպաստ տրամադրել` ժողովուրդին ծանր բեռը թեթեւցնելու նպատակով», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ այս նախաձեռնութիւնը վեհափառ հօր կողմէ առնուած առաջին քայլը չէ: Վեհափառ հայրը, այլ բարերարներ, Ազգային իշխանութիւնները, Ազգային առաջնորդարանը, Ազգային վարչութիւնը, միութիւններ, կուսակցութիւններ, Հայկական երեսփոխանական գրասենեակը անցնող մէկուկէս-երկու տարիներուն ընթացքին միշտ ալ փորձած են ժողովուրդին կողքին կանգնիլ:

«Մեր պարտականութիւնն է այդ մէկը կատարել, եւ անկեղծօրէն կ՛ըսեմ, որ միակ համայնքն ենք Լիբանանի մէջ, որ հակառակ մեր փոքր կարելիութիւններուն, այսքան առատ եւ արագ կերպով կը հասնինք մեր ժողովուրդին: Վստահ եմ, որ մեր ժողովուրդին զաւակները երախտապարտ են այս աշխատանքին համար: Պիտի աղօթենք Աստուծոյ, որ այս տագնապը շուտով աւարտի, որովհետեւ իսկապէս ծանր օրեր կ՛ապրինք: Սակայն փառք կու տանք Աստուծոյ, որ տակաւին կան բարերարներ, տակաւին մեր վեհափառ հայրը իր կարելիութեան առաւելագոյն սահմաններուն մէջ, տիւ ու գիշեր կ՛աշխատի` հասնելու մեր ժողովուրդին: Սփիւռքի մեր գաղութները, կազմակերպութիւնները, Հայաստանն ու Արցախը մեր կողքին են, որովհետեւ բոլորն ալ գիտեն, որ առանց լիբանանահայութեան, Լիբանանի հայկական գաղութին ու անոր կառոյցներուն, ո՛չ սփիւռքը զօրաւոր է, ո՛չ Հայաստանը եւ ո՛չ ալ Արցախը: Հայութիւնը կը նմանցնեմ հսկայ շղթայի մը, որուն իւրաքանչիւր օղակը կարեւոր է, իսկ այդ օղակներէն ամէնէն աւելի պողպատեայ օղակն է լիբանանահայութեան օղակը: Այդ օղակը երբ ամուր կը պահենք, հայութիւնը ամուր կը պահենք», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի հայ համայնքի զաւակներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հօր իր այս լուռ օժանդակութիւններուն համար: «Վստահ եմ` ան պիտի չփափաքէր այսքան խօսուի այս մասին, սակայն մենք պարտաւոր ենք շնորհակալութիւն յայտնելու, երախտապարտ ըլլալու եւ ըսելու, որ Աստուած արեւշատութիւն, խիզախութիւն, կորով ու առողջութիւն պարգեւէ վեհափառ հօր: Մեր բոլոր կառոյցները անպակաս ընէ անոր հովանիէն, մեր ազգային կառոյցները շնորհակալ գործ կը կատարեն: Մեր ժողովուրդը առանձին պիտի չձգենք, մեր ժողովուրդը ամուր պիտի պահենք, եւ մեր ժողովուրդն ալ երախտապարտ է այս բոլոր աշխատանքներուն համար», եզրափակեց Յ. Բագրատունի: