Երկուշաբթի, 24 սեպտեմբեր 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան իր պատուիրակութեամբ այցելեց Ազգային միացեալ վարժարան, ուր դիմաւորուեցաւ Լիբանանի թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի, Ազգային վարչութեան անդամներուն եւ տնօրէնութեան կողմէ: Նախարարը նախ շրջեցաւ վարժարանի բոլոր ենթաբաժինները, այցելեց դասարանները եւ հաւաքական լուսանկար մը ունեցաւ միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտներուն հետ: Այնուհետեւ ան հանդիպում մը ունեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Ազգային վարչութեան անդամներուն եւ տնօրէնութեան հետ: Քննարկուեցան կրթական ծրագիրներու, մանկավարժական մարտահրաւէրներու եւ տարբեր մօտեցումներու վերաբերող նիւթեր:
Քննարկուեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան հետ համագործակցելու կարելիութիւնը:
Ազգային վարչութիւնը յայտնեց, որ իր հովանիին տակ կը գործեն չորս հայկական վարժարաններ: Ազգային առաջնորդարանի տնօրինութեամբ եւ օժանդակութեամբ արդէն 35 ուսանողներ իրենց բարձրագոյն ուսումը կը ստանան Երեւանի մէջ: Սփիւռքի նախարարը իր կարգին առաջարկեց կրթական ծրագիրներով եւ մանկավարժական մեթոտաբանութեամբ աջակցիլ Լիբանանի Ազգային վարժարաններու կարիքներուն: Ան յարմար նկատեց Լիբանանի հայ համայնքին եւ Երեւանի միջեւ կապ ստեղծել կրթական մարզին մէջ: Առաջարկուեցաւ կազմակերպել ուսուցիչներու վերապատրաստման առցանց ծրագիր մը, որ օգտակար պիտի ըլլայ սփիւռքի ուսուցիչներու վերապատրաստման գործին մէջ: Քննարկման առարկայ դարձան նաեւ հայագիտական նիւթերու գիրքերը, եւ անհրաժեշտ նկատուեցաւ ամէն ջանք ի գործ դնել զանոնք արդիականացնելու եւ օրուան զարգացման հետ հանահունչ դարձնելու` ներառելով մանկավարժական արդի բոլոր օրինաչափութիւնները: Հանդիպումը վերջ գտաւ յառաջիկային գործակցութեան բարեմաղթութիւններով եւ նկատառումներով: