Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնը Եւ Սրբապատկերներու Օծում` Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի, 14 օգոստոս 2022-ին, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց Ս. պատարագ եւ կատարեց խաղողօրհնէք:

Պատարագի ընթացքին, Սրբազան Հայրը կատարեց օծումը երկու սրբապատկերներու, որոնք եկեղեցւոյ նուիրուած էին Վահէ եւ Վիգի Պէքարեան ամոլին կողմէ` ի յիշատակ Պէքարեան ընտանիքին, նաեւ իրենց քրոջ` Սեդա Պէքարեանի:

Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, որ տարուան ընթացքին հայ եկեղեցին զանազան առիթներով կ՛ոգեկոչէ Աստուածամօր յիշատակը եւ սքանչելի շարականներով ու աղօթքներով կը մեծարէ զայն եւ մեր ուխտն ու խնդրանքները իրականացած տեսնելու բաղձանքով անոր բարեխօսութիւնը կը հայցէ: Սրբազան Հայրը, լուսարձակի տակ առնելով եկեղեցական աւանդութիւնը, դիտել տուաւ, որ Յիսուսի համբարձումէն ետք, Աստուածածինը 12 տարի ապրեցաւ Երուսաղէմի մէջ` վայելելով բոլոր առաքեալներուն եւ հաւատացեալներուն յարգանքն ու սէրը եւ իր մահէն ետք, Քրիստոսի կողմէ իրեն տրուած խոստումին համաձայն, հրեշտակներու օրհներգութեամբ, երկրէն երկինք փոխադրուեցաւ` վերափոխուեցաւ, աւելցնելով, որ այս է Աստուածամօր Վերափոխման մասին եկեղեցւոյ կեանքին մէջ պահպանուած պատմութիւնը:

«Սակայն պատմութենէն անդին, Աստուածամայրը իր կենդանի ու ներշնչող օրինակով, դարեր շարունակ ապրած է հաւատացեալներու հոգիին մէջ  եւ իբրեւ հաւատք նաեւ դարերէ ի վեր կ՛աճի ու կը զարգանայ կեանքին մէջ բոլոր անոնց, որոնք կը դիմեն անոր բարեխօսութեան», հաստատեց Սրբազան Հայրը` աւելցնելով, որ այս առիթով, պէտք է նախ անդրադառնանք, որ Աստուածամայրը, որուն մահուան ու վերափոխման յիշատակը կը նշենք այսօր, ամէնէն խոնարհ ու ամէնէն սուրբ կինը եղած է մարդկային պատմութեան մէջ: Սրբազան Հայրը յայտնեց, որ օժտուած պարզապէս նուիրումի, սիրոյ, հեզութեան եւ քաղցրութեան շնորհներով, ան հրաշալի միջոց մը եղաւ քրիստոնէական կրօնը տարածելու գործին մէջ եւ նոյնիսկ Քրիստոսի եւ առաքեալներու ժամանակաշրջանին, իր օրինակին հետեւելով, բարեպաշտ այլ կիներ եւս իրենց շնորհները ի սպաս դրին Աւետարանի ճշմարտութիւնները տարածելու գործին մէջ` աւելցնելով, որ մեր սուրբերուն կարեւոր մէկ տոկոսը կիներէ կը բաղկանայ, եւ այդ իրողութիւնը բաւարար է հաստատելու համար, որ Աստուածամայրն ու անոր օրինակին հետեւող կիները լոյսի եւ սիրոյ աւետաբերները հանդիսացան աշխարհի մէջ:

«Հետեւաբար, Վերափոխման տօնը պանծացումն է այն իրողութեան, որ Աստուածամայրը եղաւ քրիստոնէութեան մեծագոյն հաւատացեալը եւ նաեւ պարծանքը բոլոր անոնց, որոնք իբրեւ կիներ պահապանները եղան քրիստոնէական արժէքներուն եւ զանոնք ազդու կերպով փոխանցեցին իրենց շրջապատին», շեշտեց սրբազան հայրը` նկատել տալով, որ քրիստոնէական հասկացողութեան մէջ,  կինը առաւելաբար մայր է ու դաստիարակ: Բայց զաւակ ունենալն ու մայրանալը չեն բաւեր: Անհրաժեշտ է Ս. Կոյսին օրինակով մայրօրէն հսկել մանուկին վրայ, զայն դաստիարակել օրօրոցէն սկսելով, բարոյական ու հոգեւոր արժէքներ հաստատել անոր մօտ, որպէսզի մանուկը,  որ Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած թանկագին արժէք է, անոնցմով հասակ առնէ: «Այո՛, Աստուածամայրը օրինակ է եւ ներշնչարան բոլոր անոնց, որոնք մաքրութեան, սրբութեան եւ անմեղութեան շունչով կ՛ուզեն պահել իրենց ընտանիքներն ու առաքինութեանց արժէքներով դաստիարակել իրենց զաւակները», ըսաւ առաջնորդ սրբազան հայրը:

Շարունակելով իր խօսքը` Սրբազան Հայրը յայտնեց, որ մեր մայրերը, իրենց վարքով ու բարքով, անցեալին եղած են հիացումի առարկայ, եւ այսօր ալ կրնան ներբողներու արժանանալ, եթէ ընտանեկան միջավայրի մէջ եւ ընկերութեան մօտ իրենց վերապահուած գործը տանին Ս. Կոյսին օրինակով` տան մէջ արժէքներ պաշտպանելով եւ սրբութեան զգացում հաստատելով իրենց զաւակներուն մէջ` աւելցնելով, որ Վերափոխման տօնը նաեւ մեզի կը յիշեցնէ, որ փորձութիւններով լեցուն այս ժամանակաշրջանին, Աստուծոյ միանալով պէտք է պայքարինք, որպէսզի մեր կեանքին մէջ պաշտպանուին այն սրբութիւններն ու արժէքները, որոնց վրայ հիմնուած է մեր հաւաքականութեան կեանքը:

Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ Աստուածամայրը իր կենդանի օրինակով մեզի կը պատգամէ, թէ աշխարհը քրիստոնեային աշխատանքի տեղն է, ուր ան հաւատքով պէտք է պատրաստէ իր հոգեւոր ապագան, որ Աստուծոյ մօտ գտնուող յաւիտենական կեանքն է:  Ան խօսքը ուղղելով մայրերուն յայտնեց, որ ներկայ ժամանակներուն մէջ, մեր առօրեային մէջ կրնայ շատ բան փոխուիլ, սակայն մեր ներքին արժէքները, մեր բարոյական ըմբռնումները, մեր հաւատքն ու յոյսի կամեցողութիւնը պէտք է հաւատարմութեամբ պահպանուին մեր տուներուն մէջ, որպէսզի չկործանի մեր կեանքը:

«Աստուածամայրը ո՛չ շպարով, ո՛չ զարդարանքով, ո՛չ հարստութեամբ, ո՛չ փառքով, ո՛չ ալ որեւէ տեսակի արտաքին երեւոյթով կերտեց այն համբաւը, որ ահաւասիկ, դարերէ ի վեր անխախտ կը մնայ մարդոց սրտին մէջ: Ընդհակառակն` ան հաւատքի օրինակելի ընթացքով ապրեցաւ, եւ այս ճշմարտութիւնը այսօր պէտք է արձագանգէ մեր մայրերու սրտերուն մէջ, որպէսզի անոնց կեանքին ու գործերուն տայ բարոյական ուղղութիւն: Այլապէս, եթէ Աստուծոյ զգացումը կորսուի հայ տունէն, ամէն բան կը կործանի մեր համայնական կեանքին մէջ», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը: Ան հարց տուաւ մեր մայրերուն, որ նիւթապաշտութեան մեր ժամանակներուն, երբ քիչ մը ամէն բան կը զոհուի վայելքի եւ հաճոյքի համար, եւ ամէն տուն ու ամէն շրջանակ անդարմանելի հոգեկան անկումներու թատերաբեմը կը դառնայ, բնական մղումով, ի՞նչ պայմաններու մէջ կը պահեն իրենց ընտանիքները եւ ի՞նչ արժէքներով կը դաստիարակեն իրենց զաւակները` աւելցնելով, որ բոլորս ալ երկնքէն կը յուսանք ու կը սպասենք, սակայն ի՞նչ տեսակ հաւատքով:

«Հեզութիւնը, խոնարհութիւնը, նուիրումի եւ զոհողութեան հոգին, սիրոյ, սրբութեան եւ գորովի օրինակները Աստուածամօր կողմէ աշխարհին տրուած պարգեւներ են անկասկած: Մենք ի՞նչ կու տանք աշխարհին եւ ինչո՞վ կը զատորոշուինք առնուազն մեր շրջապատէն, որուն անկեալ վիճակին համար յաճախ մեր ցաւն ու ափսոսանքը կը յայտնենք ամէն օր», հաստատեց Առաջնորդ Սրբազանը` աւելցնելով, որ մարդ միայն հացով, դրամով եւ վայելքներով չի սնանիր, այլեւ հոգեկան ու բարոյական արժէքներով: Ուստի, Աստուածամօր կենդանի օրինակը պէտք է բարձր պահենք մեր գիտակցութեան մէջ, որպէսզի անոր նայելով մեր կեանքը ուղղենք եւ զգուշ ըլլանք յատկապէս մեր ընտանիքներուն մէջ հոգեւոր արժէքներ պաշտպանելու գործին նկատմամբ, որպէսզի իբրեւ անհատ եւ հաւաքականութիւն չխորտակուինք ու չքայքայուինք:

«Իր Վերափոխման տօնին առիթով Աստուածամայրը մեզի կը պատգամէ, թէ մարդուն միակ մնայուն ժառանգութիւնը յաւիտենական կեանքն է,  որուն կը պատրաստէ մեզ Քրիստոսի եկեղեցին: Հետեւաբար, հաւատքի, սիրոյ ու առաքինութեանց արարքներով  մեր կեանքը առաջնորդենք սանդուխն ի վեր` դէպի Աստուած, որպէսզի Աստուծոյ  պատկանած ըլլալու գիտակցութեամբ փառք, պատիւ եւ երկրպագութիւն ընծայենք ամենասուրբ Երրորդութեան», եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ խաղողօրհնէք: