Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին. Լանջախաչի Շնորհում Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հովիւ Առաքել Քհնյ. Տմտըմեանի

 

Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի, կիրակի, 18 օգոստոս 2019-ին, Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ:

Առաջնորդ Սրբազանը պատարագի ընթացքին ընթերցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին սրբատառ կոնդակը, որով վեհափառ հայրապետը լանջախաչ կրելու արտօնութիւն կը շնորհէ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հովիւ Առաքել քհնյ. Տմտըմեանին:  Սրբազանը յայտնեց, որ օրին ինք խնդրամատոյց եղած էր վեհափառ հայրապետին, որպէսզի այս արտօնութիւնը շնորհէ քահանայ հօր` աւելցնելով, որ իւրաքանչիւր աստիճանի բարձրացում եկեղեցւոյ մէջ, պատիւ ըլլալէ առաջ շնորհ է, որ կ՛իմաստաւորուի, երբ շնորհք ստացող անձը եւ մանաւանդ հայ հոգեւորականը այդ շնորհքը ժողովուրդին կը տանի իբրեւ ծառայութիւն: «Երբ եկեղեցին իր հոգեւորականին շնորհ մը կը պարգեւէ, անոր հետ նաեւ կը բարձրացնէ պարտաւորութիւնը առաւել ծառայութեան, Աստուծոյ խօսքը, աստուածային պատուիրանները, Քրիստոսի փրկագործական ներկայութիւնը եւ Ս. Հոգիին ներգործութիւնը տանելու եւ առատացնելու հայ հաւատացեալներու կեանքին մէջ», ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը` աւելցնելով, որ լանջախաչը միայն զարդ մը չէ, որ կը տրուի քահանայ հօր իր վիզէն անցընելու համար, այլ կը հրաւիրէ զինք, որպէսզի առաւել խոր գիտակցութեամբ անդրադառնայ, թէ Քրիստոսի սուրբ խաչն է, որ կը կրէ, եւ այսպիսով առաւել եւս կ՛ընդգծէ իր խաչակիր դառնալու պատրաստակամութիւնը: Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց քահանայ հայրը, եկեղեցւոյ թաղականութիւնը եւ մեծ ընտանիքը` շեշտելով, որ երբ մեր քահանայ հայրը այսպիսի պատիւի կ՛արժանանայ, մենք բոլորս ուրախութեամբ կը լեցուինք եւ մեր շնորհաւորութիւնները կը փոխանցենք իրեն` խոստանալով հովիւ եւ հօտ ամբողջական գործակցութիւն, հայ եկեղեցւոյ շինութեան եւ հայ ժողովուրդի հոգեւոր, բարոյական եւ ազգային կեանքի առաւել ծաղկման համար:

Կոնդակի ընթերցումէն ետք, Սրբազանը քահանայ հօր յանձնեց լանջախաչը:

Այնուհետեւ քարոզեց Առաքել քհնյ. Տմտըմեան: Ան նախ եւ առաջ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ արժանի գտած է զինք ստանալու լանջախաչը, նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին, որ իր հայրապետական կոնդակով արտօնութիւն շնորհեց իրեն լանջախաչը կրելու: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազանին, որ հայրական հոգածութեամբ ծանր, սակայն քաղցր լուծը իր վիզէն անցուց, որպէսզի կարենայ քալել Քրիստոսի ճամբով: Ան նաեւ շնորհակալական խօսք ուղղեց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին, որուն հետ միասնաբար մինչեւ օրս աշխատած են եկեղեցւոյ շէնութեան եւ պայծառութեան ի խնդիր:

Անդրադառնալով Ս. Աստուածածինի վերափոխման տօնին` քահանայ հայրը պատմական ակնարկ մը նետեց Մարիամի մահուան եւ Քրիստոսի ձեռամբ անոր երկինք բարձրանալուն վրայ: Ան լուսարձակի տակ առաւ Մարիամի նկատմամբ Քրիստոսի հնազանդ  եւ յարգալիր ըլլալը` շեշտելով, որ բոլորս պարտաւոր ենք հնազանդելու եւ յարգելու մեր մայրերը, ինչպէս նաեւ մեր շրջապատը:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ խաղողօրհնէք: