Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնի Պատարագը` Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Ս. Ծննդեան տօնին առիթով շաբաթ, 6 յունուար 2018-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ: Պատարագը մատուցեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր պատգամը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ եպս. Փանոսեան:

Ան ըսաւ, որ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով պէտք է միասնաբար խորհինք, թէ ի՛նչ բանի մէջ տեսանք եւ զգացինք մեր Տիրոջ հրաշափառ ծննդեան դէպքը եւ ի՛նչ ձեւով այդ դէպքը ազդեց մեր կեանքին վրայ: Առաջնորդ սրբազանը նկատել տուաւ, որ Աւետարանի վկայութեան համաձայն, Ս. Ծննդեան դէպքին առիթով ամբողջ հրէութեան մէջ ոչ ոք զգաց երկինքէն երկիր Աստուածորդւոյն յայտնութիւնը, եւ ոչ ոք անդրադարձաւ եւ կրցաւ ըմբռնել, թէ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս Աստուած մարդուն հետ ըլլալու պատրաստակամութեամբ երկինքէն երկիր խոնարհեցաւ, այլ միայն արեւելքէն մոգեր, որոնք իրենց ուշադրութիւնը դէպի երկինք ուղղած էին, երկնակամարին վրայ տեսան շողարձակող աստղի մը ներկայութիւնը եւ անկէ կռահելով ճամբայ ինկան հասնելու համար Երուսաղէմ, ուր ծնած էր հրեաներու ակնկալած եւ սպասած փրկիչն ու երկնային թագաւորը:

«Աստուած որոշեց երկինքէն երկիր խոնարհելով յայտնուիլ իր ժողովուրդին մարդու կերպարանքով, այն դիմագիծով, որուն համաձայն Աստուած ստեղծած էր մարդը եւ զայն հաստատած Եդեմի դրախտին մէջ: Աստուած երկիր կու գար, որպէսզի մարդուն հետ ներկայ ըլլար կեանքին մէջ, զայն առաջնորդելու համար դէպի աստուածութիւն», ըսաւ Սրբազան Հայրը` աւելցնելով, որ Աստուած աշխարհի մէջ կը յայտնուէր, որպէսզի մարդուն ցոյց տայ կեանքի այն եղանակը, որ ընդունելի է եւ հաճելի Աստուծոյ համար: Աստուած կու գար մարդուն կեանքը կիսելու, բայց նաեւ զինք առաջնորդելու դէպի յաւիտենական կեանք եւ ինքզինք պարզելու համար մարդուն, որ կորսնցուցած էր զԱստուած ճանչնալու զգայնութիւնը, դարձած էր մեղանչական, մահկանացու եւ հեռացած էր Աստուծմէ:

Սրբազան Հայրը յայտնեց, որ Աստուած կու գար մարդը հրաւիրելու վերստին վերադառնալու իր կոչումին եւ վարժութեան, որպէսզի ժառանգակից դառնայ այն կեանքին, որուն համար Աստուած զինք ստեղծած եւ հաստատած էր անմահական դրախտի պայմաններուն մէջ: «Ս. Ծննդեան տօնին առիթով պարտինք անդրադառնալ, որ յատկապէս արդի կեանքի պայմաններուն պատճառով մենք այնքան կլանուած ու տարուած ենք աշխարհով, որ կը մոռնանք պարբերաբար դէպի երկինք նայելով զգալ եւ ապրիլ Աստուծոյ ներկայութիւնը: Կ՛ապրինք աշխարհի չափանիշներով, կը կողմնորոշուինք միայն աշխարհի օրէնքներով եւ սկզբունքներով, զոհելով ամէն տեսակի աւետարանական սկզբունքներն ու ճշմարտութիւնները, նաեւ աստուածային սրբութիւնները», շեշտեց առաջնորդ սրբազան հայրը` հաստատելով, որ երկինքը կը պատմէ Աստուծոյ փառքը, եւ եթէ կ՛ուզենք այդ փառքին մասնակից դառնալ, մեր ուշադրութիւնը ուղղենք դէպի երկինք, որպէսզի մեր Տէրը երկնային լոյսով լուսաւորէ մեր գիտակցութիւնը եւ մեզ առաջնորդէ կեանքի այն ճանապարհներէն, որոնք այս աշխարհի պայմաններէն անդին մեզ կրնան տանիլ դէպի յաւիտենական կեանքի պայմաններ:

Եզրափակելով իր խօսքը` Սրբազան Հայրը մաղթեց, որ Աստուած իր ողորմութիւնն ու երկնային լոյսը առատացնէ մեր կեանքին մէջ, լուսաւորէ մեր միտքն ու հոգին, որպէսզի երկրաւոր պայմաններու մէջ մենք իր կամքը գործադրելով պաշտպանենք նուիրական այն սրբութիւններն ու սկզբունքները, որոնք մեզ կապուած կը պահեն Աստուծոյ, եւ Աստուծմով մեր առօրեային մէջ մեր դժուարութիւնները յաղթահարելով անշեղ կերպով ընթանանք դէպի այն կեանքը, որուն կը հրաւիրէ մեզ Միածինը: Սրբազան Հայրը նաեւ մաղթեց, որ Աստուած իր խաղաղութիւնը պարգեւէ ամբողջ աշխարհին եւ բարի  օրեր պարգեւէ մեր ժողովուրդին:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ ջրօրհնէք, որմէ ետք թափօրը ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ շրջափակը, ուր դպրաց դասը մեկնաբանեց «Կիլիկիա» մաղթերգը:

Յայտնենք, որ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ Ազգային վարչութիւնը շնորհաւորութիւններ ընդունեցին Պէյրութի առաջնորդարանի դահլիճին մէջ` Ս. պատարագէն ետք մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 2:00, իսկ Պուրճ Համուտի Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ` յետմիջօրէի ժամը 2:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00: