Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով, երկուշաբթի, 6 յունուար 2020-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ, նաեւ տեղի ունեցաւ ջրօրհնէք: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան:
Պատարագի ընթացքին Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան ընթերցեց Լիբանանի հայոց առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսի «Օրհնութեան գիր»-ը` ուղղուած Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբին: «Օրհնութեան գիր»-ին մէջ սրբազանը բարձր գնահատեց տիկնանց յանձնախումբին նուիրեալ ծառայութիւնը: Հայր սուրբը կարդաց նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի սրբատառ կոնդակը` ուղղուած Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ հովիւ Մկրտիչ քհնյ. Քէշիշեանի, որուն մէջ վեհափառ հայրապետը, ընդառաջելով Նարեկ արքեպիսկոպոսի խնդրանքին, «Աւագութեան» տիտղոս շնորհեց քահանայ հօր:
Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան իր քարոզին սկիզբը Նարեկ արքեպիսկոպոսի եւ Ազգային իշխանութեան անունով ողջունեց հաւատացեալ ժողովուրդը` աւետելով Քրիստոսի ծննդեան բարի աւետիսը եւ շեշտելով, որ Յիսուս մանուկի ծնունդը այսօր մեզմէ իւրաքանչիւրին շատ աւելի պէտք է, քան նախապէս: «Յիսուս մանուկի ծնունդը եւ ծննդեան աւետիսը այսօր մեզմէ իւրաքանչիւրին համար յոյսի, վստահութեան եւ մանաւանդ ապագայի յոյսի եւ յատկապէս սիրտերու նորոգութեան առիթ է», հաստատեց հայր սուրբը` աւելցնելով, որ մեզմէ իւրաքանչիւրին համար Յիսուս մանուկի ներկայութիւնը իբրեւ լոյս, այն առաջնորդող ազդակն է, որուն հետ մենք այսօր պէտք է քալենք մեր ճամբան, լուսաւորենք մեր ճանապարհը եւ նայինք դէպի այդ լուսաւոր միակ լոյսը` Քրիստոսը:
Հայր սուրբը նկատել տուաւ, որ այսօր Քրիստոս տակաւին իր լոյսը կը սփռէ մեր վրայ իբրեւ քրիստոնեաներ եւ հաւատացեալներ` շեշտելով, որ Քրիստոս իբրեւ լոյս աշխարհ եկաւ, որպէսզի լուսաւորէ մարդոց միտքերն ու հոգիները, խաւարած միտքերն ու սիրտերը լոյսով ողողէ, եւ ինք իբրեւ լոյս ապրեցաւ, գործեց, լուսաւորեց եւ այդ սրբութեան, անկեղծութեան, հաւատքին եւ հեզութեան լոյսը սփռեց իր զաւակներուն եւ հետեւորդներուն վրայ: «Այսօր, ներկայ պայմաններուն մէջ, երկրի քաղաքական եւ տնտեսական վիճակներուն նայելով, արդեօք տակաւին Յիսուս մանուկը մեզմէ իւրաքանչիւրին միտքին, հոգիին, սիրտին, մտածողութեան առարկան՞ է: Արդեօք Յիսուս մանուկը որքանո՞վ ներկայ է մեր կեանքի առօրեային մէջ, որքանո՞վ դերակատար է մեր կեանքին եւ ապրելակերպին մէջ: Արդեօք կը յիշե՞նք զինք եւ կը զգանք իր ներկայութիւնը», հարց տուաւ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան` աւելցնելով, որ Յիսուս ծնաւ իբրեւ Աստուած, սակայն ան տխրութեան, սուգի, հիւանդութեան, դժուարութեան Աստուած չէ եւ պէտք չէ փնտռենք զինք միայն երբ դժուարութեան, աղքատութեան, պատերազմի մէջ ենք: Յիսուս ծնաւ որպէսզի ուրախութիւն սփռէ մարդոց: Իբրեւ լոյս այդ ուրախութիւնը սփռեց մարդոց վրայ, որպէսզի անոնց սիրտերն ու հոգիները լուսաւորուին, պայծառակերպուին: Ան ծնաւ, որ դառնայ մեզմէ իւրաքանչիւրին տէրն ու իշխանը, կեանքի ճանապարհը եւ կեանքը:
Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ ջրօրհնէք:
Այնուհետեւ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան եւ Ազգային վարչութիւնը շնորհաւորութիւններ ընդունեցին Պէյրութի Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին մէջ` մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 2:00:
Շնորհաւորողներու շարքին էին լիբանանեան համայնքներու եւ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, ներկայ եւ նախկին նախարարներ ու երեսփոխաններ, կառոյցներու ներկայացուցիչներ: