Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը` Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, ուրբաթ, 6 յունուար 2023-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան:

Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը հաստատեց, որ Ս. Ծնունդը պատմութեան ամէնէն լուսաւոր տեսիլքն է:

«Այսօր Աստուած երկինքէն երկիր կ՛իջնէ իբրեւ լոյս, որպէսզի մարդկութեան հայեացքը լուսաւորէ եւ անոր կեանքը ուղղէ դէպի վերելք: Այսօր երկինքի դռները կը բացուին մեր դիմաց, որպէսզի մենք կարենանք զԱստուած տեսնել իր ամբողջական փառքով: Այսօր Աստուած մեզի կու գայ, որպէսզի մեզի հետ ապրի, մեզի դպչի, մեր կեանքը ուղղէ եւ մեր արարքները աստուածահաճոյ վիճակի դարձնէ: Այսօր Աստուած իբրեւ լոյս կը յայտնուի մեզի մասնաւորաբար կեանքի ներկայ անորոշ պայմաններուն մէջ, որպէսզի մենք ալ իրենց անասուններու հօտին պաշտպանութիւնը կատարող հովիւներուն օրինակով չվախնանք, այլ` խրախուսուինք, որովհետեւ այս կեանքը Աստուծոյ կը պատկանի, եւ Աստուած է, որ կը տնօրինէ անոր ընթացքը, պայմանով որ մենք լաւ ըմբռնենք իրմէ մեզի հասնող ճշմարտութիւններն ու խորհուրդները եւ ըստ այնմ մեր կեանքին ընթացքը ուղղենք», հաստատեց Առաջնորդ Սրբազանը եւ շարունակելով իր խօսքը շեշտեց, որ առանց յոյսի խաւարի մէջ է մեր կեանքը, եւ յուսահատութեան կը մատնուինք բոլորս, բայց լուսաւոր պայմաններու մէջ բոլորս ալ կը դառնանք պայծառատես:

«Եթէ կ՛ուզենք պայծառատես ըլլալ, նախ փորձենք մեր շրջապատը ճանչնալ, մեր քովը գտնուող մեր եղբայրը նշմարել, այլապէս` ինչ արժէք ունի յոյսը, եթէ իսկապէս զայն ընդունողները մենք ենք, բայց չենք կրնար այդ յոյսով մեր կեանքին ընթացքը լուսաւորել», հաստատեց Սրբազան Հայրը` աւելցնելով, որ Աստուած է աղբիւրը բոլոր բարի խորհուրդներուն, բարի գործերուն եւ ինք կը տնօրինէ մեր կեանքին ընթացքը եւ այսօր աշխարհին մէջ իր յայտնութեան առիթով մեզի կը յիշեցնէ, թէ մարդկային մեր կեանքը, որ պարգեւ է Աստուծոյ կողմէ, կրնայ ողբերգութեան վերածուիլ այն պահուն, երբ մենք զԱստուած կը փնտռենք, բայց չենք կրնար մեր եղբայրը նշմարել, կը փորձենք ջերմեռանդութեամբ զԱստուած սիրել` մոռնալով, որ Աստուածաշունչը կ՛ըսէ, թէ զԱստուած սիրելու համար նախ պէտք է մեր եղբայրը սիրենք:

«Երկինքէն մեր ստացած յոյսը, Աստուծմէ մեզի հասնող ցուցմունքներն ու գիտութիւնը պիտի չմնան բանտարկուած մեր անձերուն մէջ, այլ` պէտք է փոխանցուին մեր շրջապատին, որպէսզի շրջապատը լուսաւորուի, եւ աստուածահաճոյ դառնայ մեր ապրած միջավայրը», շեշտեց Սրբազան Հայրը` աւելցնելով, որ այսօր տխուր է աշխարհը, որովհետեւ ամէն մարդ ինքն իրեն համար կը փորձէ զԱստուած ընկալել` մոռնալով, որ բոլորս ալ պարտինք ապրիլ եղբայրութեան մը մթնոլորտին ու պայմաններուն մէջ, պարտինք միասնաբար այս կեանքը դիտել, այս աշխարհը տնտեսել, միասնաբար Աստուծոյ համար թեւ ու թիկունք հանդիսանալ, որպէսզի իրմէ հասնող ճշմարտութիւնները ողողեն մեր կեանքը եւ զայն գեղեցկացնեն:

Սրբազան Հայրը Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօներուն առիթով յորդորեց ներկաները վերաքաղի ենթարկելու մեր կրօնին մասին իրենց ունեցած գիտութիւնն ու ծանօթութիւնները եւ անդրադառնալու, որ Աստուած մեծ նպատակի մը համար մեզ աշխարհ ղրկած է, նաեւ գիտակցելու, թէ այս աշխարհն է քրիստոնեայի աշխատանքին վայրը, այստեղ է, որ աստուածային ծրագիրներով մեր կեանքը պէտք է ապրինք, մեր գործերը տանինք եւ այդ ձեւով միայն Աստուծոյ մօտենանք եւ ժառանգենք ի սկզբանէ մեզի համար պատրաստած յաւիտենական կեանքի պարգեւը:

«Տօնական այս առիթով չենք կրնար մոռնալ Արցախն ու Հայաստանը, որոնց վիճակուած է պատմական ծանր ողբերգութիւն մը ապրիլ այս օրերուն: Հայրենի մեր ժողովուրդի զաւակները վստահաբար կարիքը ունին մեր աղօթքներուն, կարիքը ունին երկնային լոյսին, կարիքը ունին Աստուծոյ մխիթարութեան եւ առաջնորդութեան, որպէսզի պատմութեան այս դժուարին փուլը կարենան շրջանցել խաղաղութեամբ: Տօնական այս առիթով, նաեւ չենք կրնար մեր եկեղեցիներուն մէջ չյիշել մեր համայնական կեանքի վիճակը, որ անցնող քանի մը տարիներուն դժուարին փուլերէ անցաւ եւ կը շարունակէ դժուարութիւններու մէջէն յառաջանալով վերագտնել իր աշխուժութիւնն ու կենսունակութիւնը», ըսաւ Սրբազան Հայրը եւ եզրափակելով իր խօսքը աղօթեց, որ Աստուած նոր ջերմեռանդութիւն հաստատէ ժողովուրդի կեանքին մէջ, նոր ազգային գիտակցութեամբ ողողէ մեր ներաշխարհը, որպէսզի տիրութիւնը ընենք նախորդ սերունդներուն կողմէ փոխանցուած մեր եկեղեցիներուն, մեր դպրոցներուն, մեր համայնական տուներուն ու ակումբներուն եւ այդպիսով մեր կեանքը ամրացնենք վաղուան համար, նաեւ նոր ու աւելի ընտիր արդիւնք գոյացնենք:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ ջրօրհնէք:

Այնուհետեւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ Ազգային վարչութիւնը շնորհաւորութիւններ ընդունեցին Պէյրութի առաջնորդարանի դահլիճին մէջ, մինչեւ յետմիջօրէն ժամը 2:00, իսկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-6:00 Պուրճ Համուտի առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ: