Ս. Ծննդեան տօնին առիթով Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագէն ետք, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս Պէյրութի Ազգային առաջնորդարանի դահլիճին, ապա Պուրճ Համուտի Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ ընդունեց շնորհաւորութիւններ:
Նարեկ Արքեպիսկոպոսին այցելեցին եւ շնորհաւորեցին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչ, նախարար Նիքոլա Թուէյնի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ, նախարար Ժան Օղասապեան:
Նարեկ Արքեպիսկոպոս շնորհակալութիւն յայտնեց իշխանութեան երեք պետերու ներկայացուցիչներուն:
Առաջնորդ Սրբազանին այցելեցին նաեւ քաղաքական դէմքեր` նախարարներ եւ երեսփոխաններ, հայ ազգային երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, տեղական քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ, քաղաքապետներ, թաղապետներ եւ դիւանագէտներ: