Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով Ռումիէի Բանտին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Եկեղեցական Արարողութիւն

Ս. Ծննդեան տօնին առիթով երկուշաբթի, 9 յունուար 2017-ի առաւօտեան, Լիբանանի հայոց Ազգային առաջնորդարանը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը,  գլխաւորութեամբ` թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի եւ մասնակցութեամբ` Ազգային վարչութեան, քահանայ հայրերու եւ ընկերային ծառայողներու յանձնախումբին, այցելեց Ռումիէի բանտը:

Բանտի մատուռին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գլխաւորեց եկեղեցական արարողութիւնը, որուն մասնակից դարձան հայ բանտարկեալները եւ ապա ստացան Ս. Հաղորդութիւն: Առաջնորդ սրբազանը  իր քարոզին մէջ մաղթեց, որ բանտարկեալները ճիգ թափեն մօտենալու Աստուծոյ եւ վառ պահելու իրենց մէջ յոյսը` վերադառնալու բնական կեանքին եւ արժեւորելու իրենց մէջ առկայ մարդկային արժանիքները: Ան առողջութիւն մաղթեց բոլորին` յոյս յայտնելով, որ շուտով անոնք կեանքի բարենպաստ պայմաններու մէջ շարունակեն իրենց աղօթքն ու հաղորդակցութիւնը Աստուծոյ հետ:

Սուրբ պատարագէն ետք պատուիրակութիւնը զրոյց մը ունեցաւ նաեւ բանտարկեալներուն հետ` լսելով անոնց դժուարութիւններն  ու ակնկալութիւնները:

Յայտնենք, որ այս առիթով Ռումիէի հայ բանտարկեալներուն Ազգային առաջնորդարանի կողմէ իբրեւ նուէր տրամադրուեցան ծածկոցներ եւ հագուստեղէն:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ