Ս. Ծննդեան տօնին առիթով կիրակի, 6 յունուար 2019-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ, նաեւ կատարուեցաւ ջրօրհնէք: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոս: Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ ան յայտնեց, որ Ս. Ծննդեան տօնը երջանկութեան տօն է ամբողջ մարդկութեան համար, որովհետեւ Աստուած երկինքէն երկիր կը խոնարհի եւ մեզի նման մարդ կը դառնայ, որպէսզի մենք անդրադառնանք եւ խորապէս գիտակցինք, թէ Արարիչ Աստուած միաժամանակ մեր Փրկիչն է:
Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ, որ Աստուած ծնաւ խոնարհ մսուրի մը մէջ, շրջապատուած համեստ անասուններով եւ անտէր` ըսելու համար, թէ մեզմէ իւրաքանչիւրին հոգիին մէջ կայ Բեթղեհէմի մսուր մը, որ ամբողջ տարուան ընթացքին մեր կեանքով, խօսքով եւ գործով պէտք է այնպէս պատրաստենք, որ Աստուած նաեւ մեր հոգիներուն մէջ ծնի: «Մենք պէտք է գիտնանք, թէ մեր բովանդակ կեանքը, աշխարհի վրայ մեր ամբողջ ունեցածը ոչինչ կը նշանակէ Աստուծոյ հարստութեան դիմաց: Այս խօսքերը մանաւանդ այսօր Լիբանանի մէջ կրնան թելադրական հնչել, երբ կը նայինք մեր շրջապատին եւ մտահոգութեամբ կը գիտակցինք, որ աղքատութիւնը, անգործութիւնը, ընկերային-տնտեսական անորոշութիւնը դարձած են իրական, եւ աւելի մեծ թիւով մարդիկ` լիբանանցիներ եւ լիբանանահայեր կը տառապին այս երեւոյթէն», հաստատեց Սրբազան Հայրը` աւելցնելով, որ կեանքը կը շարունակուի եւ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն եւ տագնապներուն կ՛իմաստաւորուի, երբ մեր հոգիի աչքերը կը սեւեռենք Քրիստոսի վրայ, որ ձգեց երկինքի փառքը, հարստութիւնը եւ աշխարհ գալով աղքատ մարդու նման ապրեցաւ, սակայն իր աշխատութիւնը վերածեց համամարդկային հարստութեան: Շարունակելով իր խօսքը` Սրբազան Հայրը յայտնեց, որ Քրիստոս մեզ կը յորդորէ ըլլալ կատարեալ` մեր երկնաւոր Հօր մնան: «Այդ կատարելութիւնը Քրիստոս ապրեցաւ այս աշխարհի վրայ, որպէսզի մենք շօշափելի օրինակ ունենանք մեր դիմաց, եւ Աստուած դադրի մեզի համար վերացական իրականութիւն ըլլալէ, այլ` դառնայ կեանք, ճանապարհ, իմաստութիւն, խոնարհութիւն եւ մանաւանդ սէր», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը` աւելցնելով, որ աշխարհի հարստութիւնները կու գան ու կ՛երթան, սակայն բարոյական, իմացական եւ հոգեւոր հարստութիւնն է, որ մարդ արարածը Աստուծոյ պատկերով ստեղծուած մարդու կը վերածէ, եւ Յիսուս ծնաւ այս նպատակը իրագործելու համար:
Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ մենք զաւակներն ու թոռներն ենք 1915-ին Հայոց ցեղասպանութիւնը տեսած հայրերու եւ մայրերու` աւելցնելով, որ պատահածը 20-րդ դարու մարդկային մեծագոյն աղէտն էր, սակայն երբ նայինք լիբանանահայութեան հաւաքական կեանքին, պիտի տեսնենք, որ երբ պահեցինք մեր լոյս հաւատքը, այբուբենն ու մշակոյթը եւ վառ պահեցինք պահանջատիրութեան ջահը, այսինքն` երբ գիտցանք մեր նիւթական աղքատութեան մէջ մեր ինքնութիւնը եղող հոգեւոր, բարոյական, ազգային արժէքներով հարուստ ապրիլ` այս եղաւ մեր հարստութիւնը:
«Հայու գիտակցութիւնը եւ հպարտութիւնը այսօր ծնեալ եւ յայտնեալ Քրիստոսով անգամ մը եւս իբրեւ մարտահրաւէր կը փոխանցուի մեզի: Անդրադառնանք, թէ մեր կեանքին մէջ մեր ազգային, բարոյական, հոգեւոր արժէքներուն դիմաց տարիէ տարի աւելի թերացած ենք, սակայն այսօր, երբ կը տեսնենք Աստուծոյ յայտնութիւնը մեր հաւաքական կեանքի հայելիին մէջ` մեր հոգեմտաւոր արժէքները, սուրբերը, հերոսները կը դառնան ներշնչարան», շեշտեց Սրբազան Հայրը եւ եզրափակելով իր խօսքը մաղթեց, որ Քրիստոսի հարստութեամբ հարստանանք եւ այդ հարստութիւնը վերածենք մեր ազգային դրամագլուխին: