Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ թեմի քահանայից դասուն, երկուշաբթի, 27 մայիսին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Ս. Հռիփսիմեանց կոյսերու տօնին առիթով տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր ս. պատարագ եւ ջրօրհնէք:
Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ Ս. Հռիփսիմեանց կոյսերու տօնին առիթով հաւաքուած ենք, որպէսզի դիմենք Աստուծոյ, խնդրելով, որ մեր սուրբերուն օրինակը առատացնէ մեր կեանքէն ներս, որպէսզի մեր ընկերութիւնը իր կեանքը բարեկարգելով` կարողանայ իր վիճակը ուղղել դէպի Աստուած:
Սրբազան Հայրը պատմական ակնարկ մը նետեց 301 թուականին Հռոմէն փախած Հռիփսիմեանց կոյսերու մասին, թէ ինչպէ՛ս անոնք տանջուեցան եւ նահատակուեցան` ապաւինելով Քրիստոսի սիրոյն եւ վստահ ըլլալով, որ իրենց թափած անմեղ արիւնը նոր կեանք եւ նոր տեսիլք պիտի ծնի ընկերութեան մէջ: Սրբազանը հաստատեց, որ դարեր ետք մենք կը նշենք անոնց յիշատակը, որովհետեւ առաջին հերթին անոնք Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան համար նահատակուած առաջին վկաներն էին, նաեւ` իբրեւ կամքի օրինակ, որպէսզի իրենցմէ առաջնորդութիւն քաղենք մեր կեանքին համար: Սրբազան հայրը շեշտեց, որ այս օրը կը վերաբերի մեզի եւ մեր կամքին, որպէսզի յիշենք, թէ եղած են ժամանակներ, երբ մարդիկ ջերմեռանդութեամբ իրենց անձերը ընծայած են, որպէսզի իրենց կեանքէն ներս սրբութիւնը եւ պատիւը պաշտպանեն, նաեւ աշխարհի պերճանքն ու շքեղութիւնները անտեսած են` նախընտրելով Աստուծոյ շնորհները: Սրբազան Հայրը շեշտեց, որ յատկապէս այսօրուան պայմաններուն մէջ մենք պէտք ունինք սուրբերու օրինակին, աւելցնելով, որ անկասկած անոնք մեզի համար բարեխօս կ՛ըլլան Աստուծոյ մօտ:
Սրբազան Հայրը հարց տուաւ, որ եթէ պահ մը Ս. Հռիփսիմեանց կենդանի օրինակին դիմաց փորձենք մենք զմեզ արժեւորել, արդարօրէն մեր արժանիքները ճշդել, արդեօք ի՞նչ բան կը պաշտպանենք մեր կեանքէն ներս, եւ որո՞նք են այն արժէքները, որոնք մեզմով կը յարատեւեն, կ՛աճին ու կը զարգանան, աւելցնելով, որ սուրբերը մեզ կը հրաւիրեն իրենց սեփական կեանքի օրինակով Քրիստոսի սիրոյն նուիրեալները դառնալ, նաեւ աշխարհի փառքին ու պատուին դիմաց կեանքէն ներս քրիստոնէական հաւատքով ոտքի մնալ, քաջ գիտնալով, որ այս օրերուն դժուար ձեռք ձգելիք առաքինութիւններ են, որովհետեւ աշխարհէն ներս, կամայ թէ ակամայ, մենք ալ կը փորձենք պատշաճիլ կեանքի պայմաններուն, հետեւիլ ուրիշներու քայլերուն եւ ենթարկուիլ ժամանակի պարտադրած պայմաններուն, մինչդեռ մեր հաւատքը մեզմէ կը պահանջէ, որ պաշտպանենք կեանքէն ներս այն, ինչ որ սուրբ եւ նուիրական է եւ ճշմարիտ արժէք` Աստուծոյ աչքին:
Ս. Հռիփսիմեանց յիշատակին առիթով Սրբազան Հայրը կոչ ուղղեց բոլորին` քաջալերուելու եւ խրախուսուելու նահատակներու կեանքին օրինակով, որոնք երկնային բնակիչներ են եւ իրենց շնորհները կը հասնին մեզի, որպէսզի մենք կարողանանք երկրաւոր մեր կեանքի պայմաններուն մէջ ճշմարտութեամբ ու գիտութեամբ վարել մեր առօրեան:
Պատարագի աւարտին կոյսերու մասունքներով կատարուեցաւ ջրօրհնէք: