Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետին անուանակոչութեան առիթով, կիրակի, 15 դեկտեմբերին համանուն եկեղեցւոյ մէջ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան մատուցեց ս. պատարագ եւ կատարեց մատաղօրհնէք:
Արդարեւ, առաւօտեան ժամը 9:30-ին Սրբազան Հայրը ժամանեց եկեղեցի, ուր դիմաւորուեցաւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն ու եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին կողմէ եւ ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցի:
Իր քարոզին մէջ Սրբազանը յայտնեց, որ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տարեդարձին առիթով «պարծանքով կ՛ոգեկոչենք 4-րդ դարու մեծագոյն հոգեւորականներէն Մծբին քաղաքի երբեմնի հայրապետ Սուրբ Յակոբը» որուն համար Հայ եկեղեցւոյ աւանդութիւնը կ՛ըսէ «թէ ան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի հօրաքրոջ որդին էր եւ Լուսաւորիչ հայրապետին հետ միասին դաստիարակուած` Կեսարիոյ մէջ ու այնուհետեւ, ժամանակ մը ապրելէ ետք Պարսկաստանի պալատական կեանքի պայմաններուն մէջ, քաշուած էր անապատ` ապրելով ճգնաւորի խստակեաց կեանք: Սրբազանը դիտել տուաւ, որ ըստ աւանդութեան, հակառակ իր կամքին, Ս. Յակոբ Մծբինի աթոռին համար եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ եւ իր կարողութիւնները ընծայեց եկեղեցւոյ հզօրացման սրբազան գործին:
Շարունակելով իր խօսքը` Առաջնորդը ըսաւ, որ Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ Ս. Յակոբ առաւելաբար կը յիշատակուի յառաջացեալ իր տարիքին Արարատ լեռը բարձրանալու իր յանձնառութեան համար, աւելցնելով, որ ըստ աւանդութեան, թէեւ ան չկրցաւ Արարատի գագաթը նուաճել, սակայն անոր լանջերուն, Տիրոջ հրեշտակը անոր յանձնեց Նոյեան տապանէն փայտի բեկոր մը, որպէսզի անով Մծբինի ժողովուրդին պարզէ, թէ արդարեւ Աստուածաշունչի տեղեկութիւնները ճշմարիտ են:
Սրբազանը հաստատեց, որ այս առիթը տեսակ մը ուխտագնացութիւն է այս եկեղեցւոյ զաւակներուն համար, որպէսզի մեր հարազատներուն յիշատակով հաւաքուինք մեր եկեղեցւոյ կամարներուն տակ եւ մտերմութեան շունչով այս համայնքի անցեալի յուշերը վերակենդանացնենք: Ինչ որ Ս. Յակոբը կը դարձնէ եզակի, դէպի Արարատ լերան գագաթը հասնելու առաջադրանքով իր անդադրում ճիգն է, որուն պատճառով մեր ժողովուրդը սիրած է այս սուրբը եւ դարերէ ի վեր` զայն պարծանքի առարկայ դարձուցած, որովհետեւ իր կեանքի օրինակին հետ նոյնացած համարած է զայն:
«Սուրբերուն տօները մեր եկեղեցւոյ յիշատակարաններն են, որոնք մեզ կը հրաւիրեն անդրադառնալու, թէ արդարեւ, մեր կեանքէն ներս եղած են դէմքեր, որոնք իրենց օրինակով ջանացած են մեր հաւաքականութեան կամքը ուղղել դէպի վեր` դէպի անթիւ պայքարներով պաշտպանուած նուիրական այն արժէքներն ու սրբութիւնները, որոնք Արարատի նման` եղած են նուիրական», շեշտեց Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան` աւելցնելով, որ Ս. Յակոբի տօնը արժէք ունի, եթէ պատճառ կը հանդիսանայ, որ մեր մէջ բարոյական վիճակ մը քաջալերուի, այլապէս,եթէ այս առիթը ոչինչ պիտի բերէ մեր կեանքին, ոչինչ պիտի փոխէ մեր ըմբռնումներուն մէջ ու մեզ աւելի շքեղ աշխատանքի պիտի չառաջնորդէ, անիմաստ է: Սրբազանը դիտել տուաւ, որ պէտք է լաւ ըմբռնենք, թէ մեր կեանքը չի կրնար բարձրանալ ու բարգաւաճիլ միայն աղօթքով, Ս. Գիրք կարդալով ու քարոզներ մտիկ ընելով, այլ, անոնց կողքին, պէտք է նաեւ գործենք մեր եկեղեցւոյ, մեր ընկերութեան, մեր ազգին ու մեր հայրենիքին համար` հաւատքով, ամբողջական ճիգով ու յանձնառութեամբ:
Մասնաւորաբար մեր ժամանակներուն, կարիքը ունինք նուիրեալներու, որոնք նուիրական պարտականութիւններ կրնան ստանձնել մեր կեանքէն ներս եւ իրենց հաւատքով ու գործերով Աստուծոյ ուժը կրնան արտայայտել: «Առանց տեսիլք ու նուիրում ունեցող մարդոց, կեանքը չի կրնար աճիլ, զարգանալ ու բարձրանալ», հաստատեց Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տալով, որ այս առիթը մեզի կը թելադրէ անդրադառնալու, թէ կեանքէն ներս բաներ կան, որոնք դիւրին ձեռք չեն բերուիր, եւ անոնց համար պէտք է տքնիլ, նաեւ կան բաներ, որոնք մեր ճիգով պէտք է պաշտպանուին: Հետեւաբար իր յիշատակին դիմաց պէտք է հարց տանք, թէ այսօր ո՞վ մեր շրջապատը ուղղելու համար ճիգ կը թափէ: Քրիստոնէութիւնը ամէն օր նուաստացնող մեր պայմաններուն մէջ մենք ի՞նչ կ՛ընենք եւ ի՞նչ յանձնառութեամբ մեր զաւակները կը դաստիարակենք, որպէսզի մեր կեանքը մնայ կանգուն ու յաղթական:
Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: