Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիին. «Պէտք Է Բարոյականն Ու Աստուածայինը Առաջանորդեն Մեր Ձգտումները, Իսկ Մեր Ուշադրութիւնը Պարտինք Ուղղել Մեր Զաւակներուն», Հաստատեց Շահէ Արք. Փանոսեան

Կիրակի, 15 յունուար 2023-ին, Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ  անուանակոչութեան տօնին առիթով Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան առաւօտեան ժամը 9:30-ին այցելեց Հայաշէն, ուր արժանացաւ ժողովրդային ընդունելութեան: Ապա թափօրը, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբի գլխաւորութեամբ, ուղղուեցաւ եկեղեցի, ուր Սրբազան Հայրը մատուցեց ս. պատարագ:

Իր քարոզին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը դիտել տուաւ, որ Աւետարանը երկու հրաշալի ծնունդներու պատմութիւնը կը ներկայացնէ մեզի. մեր Փրկչին` Յիսուսի Քրիստոսի ծննդեան յիշատակը եւ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչին ծնունդը:

Սրբազան Հայրը պատմական ակնարկ մը նետեց Յովհաննէս Մկրտիչի կեանքին վրայ` յայտնելով, որ ան որդին էր Զաքարիա քահանային եւ Եղիսաբէթին, որոնք ամուլ էին եւ չէին կրնար զաւակ ունենալ, սակայն օր մը, երբ Զաքարիա տաճարին մէջ պաշտամունք կը կատարէր, հրեշտակը խօսեցաւ անոր հետ եւ ըսաւ, թէ զաւակ մը պիտի ունենաս, որ մարդիկը պիտի պատրաստէ Մեսիային գալուստին համար: Զաքարիա իր յառաջացեալ տարիքը նկատի ունենալով` պահ մը տատամսեցաւ ու կասկածեցաւ եւ այդ իսկ պատճառով մինչեւ իր զաւկին ծնիլը կորսնցուց իր խօսելու կարողութիւնը: Իր զաւկին` Յովհաննէսի ծնունդէն ետք Զաքարիային լեզուն բացուեցաւ, եւ ան սկսաւ օրհնաբանել զԱստուած: Ան յայտնեց, թէ Աւետարանը կ՛ըսէ, որ Հրեաստանի մէջ  ամէն մարդ պատահածին մասին կը խօսէր, եւ բոլորն ալ հարց կու տային, թէ` «Արդեօք այս մանուկը ինչպիսի՞ մէկը պիտի ըլլայ»:

«Եթէ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնական պայմաններուն մէջ մեր հայեացքը նաեւ չուղղէինք դէպի այն անձնաւորութիւնը, որուն ձայնը անապատէն բարձրանալով` Տիրոջ ճամբան պատրաստեց, թերի պիտի մնար կեանքին ու մեր պարտականութիւններուն մասին մեր ունեցած հասկացողութիւնը», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը` աւելցնելով, որ այս առիթով նախ պէտք է յիշենք, որ մեր ժառանգած աւանդին մէջ կան բաներ, որոնց պէտք ունինք այսօր եւ, գլխաւորաբար, պէտք ունինք այս եկեղեցւոյ օրհնութեան:

Շարունակելով իր խօսքը` Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան բացատրեց, որ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տարեդարձին առիթով պէտք է հին օրհնութեան կարօտը ապրինք, որպէսզի նոր եռանդով մասնակից դառնանք այս եկեղեցւոյ առաքելութեան գործին եւ մեր ունեցած ուժն ու կարողութիւնները ի սպաս դնելով` նոր եռանդ բերենք մեր համայնական կեանքին, դիտել տալով, թէ պէտք չէ մոռնանք, որ այս եկեղեցին կառուցուած է մեր հայրերուն հաւատքով, որպէսզի Աստուծոյ ներկայութիւնը ճառագայթէ մեր կեանքին մէջ: «Հետեւաբար այստեղ սերմանուած հաւատքը պէտք է արմատ արձակէ մեր ընտանեկան ու համայնական կեանքէն ներս, որպէսզի այդպիսով աշխարհին պարտադրած շեղումները սրբագրուին, եւ մեր կեանքին մէջ պաշտպանուի նուիրականը», հաստատեց Սրբազան Հայրը եւ ըսաւ, որ այս առիթով պէտք է երանի տանք անոնց, որոնք իբրեւ ծնողներ, Զաքարիա քահանային ու Եղիսաբէթին օրինակով, սրբութեամբ կ՛ապրին իրենց կեանքը եւ իրենց զաւակներուն միջոցով շքեղութիւն կը բերեն իրենց շրջապատին:

Առաջնորդ Հայրը ըսաւ, որ տօնական այս առիթով պէտք է անդրադառնանք, թէ աշխարհին մէջ մեր ներկայութիւնը պատահական չէ ու չի սահմանափակուիր ուտել-խմելով, հաստատելով, որ նախքան մարդուն ծնունդը` Աստուած ընտանեկան պայմաններու մէջ նախ անոր տեղը կը պատրաստէ, ապա մարդ երբ աշխարհ կու գայ, իր ծնողքի օրինակին հետեւելով` ընկերութեան մէջ իր տեղը կը գրաւէ եւ ինքզինք կ՛արտայայտէ Աստուծոյ շնորհած կարողութիւններով: «Այսպէս եղաւ Յովհաննէս Մկրտիչի  կեանքին ընթացքը, այդպէս եղաւ նաեւ մեր Տիրոջ կեանքը,  եւ այդպէս ալ պէտք է ըլլայ մեր զաւակներուն կեանքին ուղղութիւնը», շեշտեց Սրբազան Հայրը եւ ըսաւ, որ նոր ծնունդ մը աննկատ պէտք չէ մնայ մեր ընկերութեան համար, այլ` ընդհակառակը, նորածինի մը աշխարհ գալուն առիթով մենք` իբրեւ ծնողներ ու համայնքի զաւակներ, պէտք է շարունակենք հարց տալ, թէ ի՞նչ տեսակի անձնաւորութիւն մը պիտի ըլլայ Աստուծոյ կողմէ մեզի պարգեւուած զաւակը, որ ոչ միայն մեր վաղուան յոյսն է, այլ նաեւ մեր աշխատանքով ու դաստիարակութեամբ պէտք է դառնայ մեր ակնկալութիւնները իրականացնողը: Սրբազան հայրը հաստատեց, որ մեր զաւակներն ալ պիտի ապրին ու վայելեն այս աշխարհը, սակայն` ոչ ուտելու եւ խմելու բնազդով:

Առաջնորդը նկատել տուաւ, որ Ս. Յովհաննու Կարապետի տօնին առիթով պէտք է անդրադառնաք, թէ տեղ մը պէտք է բարոյականն ու աստուածայինը առաջանորդեն մեր ձգտումները, որպէսզի աշխարհի ապականող ու մահաբեր ազդեցութիւններուն դէմ մենք կարենանք  քրիստոնէավայել կեցուածք ցոյց տալ եւ մեր օրինակով գալիք սերունդներուն ամրութեան համար աւանդ ստեղծել:

«Այսօր մեր ուշադրութիւնը դէպի մեր զաւակները ուղղելը հրամայական անհրաժեշտութիւն է ու պահանջ` բոլորիս համար: Արդարեւ, իբրեւ ծնողներ եւ չափահասներ, պէտք է գիտակից եւ ամուր մնանք մեր նուիրական դերին մէջ, որպէսզի մեր ժողովուրդը չկորսնցնէ իր հաւատքը եւ այլասերելով` օտարացման ճամբան չբռնէ», շեշտեց Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան եւ եզրափակելով իր խօսքը` ըսաւ, որ չի բաւեր Ս. Յովհաննու Կարապետին պատմութիւնը գիտնալը, այլ` պէտք է այդ պատմութեամբ կարենանք պայծառանալ եւ անով մեր ընտանեկան ու համայնական կեանքը յեղաշրջել եւ բարոյական կորով զետեղել մեր իրականութեան մէջ եւ, Աստուծոյ օրհնութեամբ, երբեմնի փառքին մէջ վերականգնենք մեր հաւաքական կեանքը:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: