Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի ընտրութեան եւ օծման 26-րդ տարեդարձին առիթով, կիրակի, 27 յունիս 2021-ին, յընթացս Ս. պատարագի, Լիբանանի հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցաւ հայրապետական մաղթանք:
Առ այդ, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագին նախագահեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան:
Հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը` անդրադառնալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի ընտրութեան եւ օծման 26-րդ տարեդարձին, աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ երկար կեանք պարգեւէ վեհափառին` զինք զօրացնելով հոգեւոր արութեամբ եւ պարգեւելով մտքի եւ հոգիի պայծառութիւն, որպէսզի մեր ժողովուրդին եւ մեր եկեղեցւոյ կողմէ իրեն վստահուած պարտականութիւններուն համար ան կարենայ շարունակաբար գտնել նոր ներշնչում եւ նոր եռանդ:
«Անցնող 26 տարիներուն, հակառակ մեր շուրջ տիրող քաղաքական, ընկերային, տնտեսական ու ծանր պայմաններուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը յանձնառութեան բարձրագոյն գիտակցութեամբ ձգտեցաւ առաւելագոյն չափով տիրութիւն ընել մեր ժողովուրդին: Ան եղաւ մեծ տեսիլքներ հետապնդող հայրապետը, եւ անոր կեանքը վերածուեցաւ հաւատաւոր նուիրումի ընթացքի մը` միշտ ի խնդիր Անթիլիասով արտայայտուող ու պաշտպանուող արժէքներուն եւ սկզբունքներուն», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը աւելցնելով, որ Արամ Ա. կաթողիկոս իր ունեցած ամբողջ կարողութիւնները նուիրաբերելով մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի ծառայութեան գործին, անմիջական մեր միջավայրէն ներս ու կեանքի ընդարձակ ասպարէզներուն մէջ ոչ միայն վարկ եւ հեղինակութիւն շահեցաւ իր անձին համար, այլ նաեւ մեր եկեղեցական ու ազգային կեանքին բերած իր ակնյայտ նպաստով թողուց իւրայատուկ դրոշմ եւ անջնջելի հետքեր մեր կեանքի պայմաններուն մէջ: Սրբազան Հայրը յայտնեց, որ վեհափառ հայրապետին նուիրումին դիմաց այսօր սիրով եւ երախտագիտութեամբ կը բոլորուինք մեր եկեղեցիներուն մէջ, որպէսզի մեր աղօթքով ու սրտի բարեմաղթութիւններով հայ եկեղեցւոյ պայծառութեան, Կիլիկեան սուրբ աթոռի անսասանութեան եւ վեհափառ հայրապետի կեանքին համար փառք տանք Աստուծոյ եւ սրտովին աղերսենք, որ մեր եկեղեցւոյ ճամբով առաւել յոյս եւ առաւել բարիք հաստատուի ի սփիւռս աշխարհի ապրող մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ: