Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին Առիթով Օրհնութեան Կարգ Վերանորոգուած Եկեղեցւոյ

Կիրակի, 25 հոկտեմբեր 2020-ին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց Ս. պատարագ, որուն ընթացքին ան կատարեց օրհնութեան կարգ` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով վնասներ կրած եւ այժմ վերանորոգուած եկեղեցւոյ:

Իր քարոզին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը նկատել տուաւ, որ հաւատքով եւ աշխատանքով եկեղեցւոյ աւերածութիւնը կամաց-կամաց վերականգնելով սկսած են վերադառնալ բնականոն կեանքի` աւելցնելով, որ պայթումի բոլոր հետեւանքները չեն դարմանուած, սակայն կարելի է սոյն աղօթավայրին մէջ մեր խնդրանքները առաքել առ Աստուած: Առաջնորդ Սրբազանը ըսաւ, որ թեմի մնացեալ եկեղեցիները, որոնք վնասներու ենթարկուեցան Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով կը գտնուին միեւնոյն վիճակին մէջ, եւ ամէն տեղ աշխատանքը կը շարունակուի` յոյս յայտնելով, որ ձմեռնամուտէն առաջ վնասները դարմանելով պատեհութիւնը կ’ունենանք մեր եկեղեցիներուն մէջ շարունակելու մեր հոգեւոր ու համայնական կեանքը: Առաջնորդ Սրբազանը շնորհակալական խօսք ուղղեց Սարգիս Ջապաղջուրեանին, որ պայթումէն անմիջապէս ետք իրեն ներկայանալով իր ամբողջական աջակցութիւնը յայտնած է, եւ անոր ընծայած կարելիութիւններուն շնորհիւ ամէն բան փուլ առ փուլ  կը վերադառնայ իր նախկին վեհ վիճակին: Առաջնորդ Սրբազանը մաղթեց, որ Աստուած վարձահատոյց ըլլայ բոլոր անոնց, որոնք հաւատքով եկեղեցի կը կառուցեն ու կը վերակառուցեն եւ զայն կը պահեն ի նշան մեր ժողովուրդի քաջութեան եւ տոկունութեան:

Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան անդրադառնալով նոյն օրը զուգադիպող Գիւտ խաչի տօնին, պատմական ակնարկ մը նետեց 4-րդ դարուն պատահած եկեղեցական դէպքին, թէ ինչպէ՛ս Հեղինէ թագուհին, երբ իբրեւ ուխտաւոր կ’երթայ Երուսաղէմ, կ’ուզէ հետքը գտնել Յիսուսի խաչափայտին, որ այդ օրերուն մոռացութեան տրուած ու նետուած էր լքեալ աղբակոյտերու մէջ. Հեղինէ թագուհին երկար փնտռտուքներէ ետք խաչափայտը կը յայտնաբերէ եւ վերստին կը պարզէ Գողգոթայի բարձունքին` ի նշան քրիստոնէական կրօնի յաղթանակին եւ Քրիստոսի հետեւորդներու խրախոյսին: Սրբազանը նկատել տուաւ, որ դարեր ետք եկեղեցին տակաւին կը խօսի խաչի եւ խաչեցեալի մասին` յիշեցնելով հաւատացեալները, թէ խաչը մեր Տիրոջ` Քրիստոսի զօրութիւնն է: «Նախքան Քրիստոսի խաչելութիւնը խաչը մահուան գործիք էր, եւ կը խաչուէին ծանրագոյն յանցանքներով մեղապարտները, որպէսզի խաչին վրայ երկար տանջանքով կնքեն իրենց մահկանացուն: Բայց Քրիստոսի խաչելութեամբ, խաչը դարձաւ կեանքի ճանապարհ, զօրութեան աղբիւր: Օրինակ մը, որուն նայելով քրիստոնեան մահէն անդին նաեւ կրնայ տեսնել յաւիտենական կեանքի իրականութիւնները», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ հասնելու համար խաչի զօրութեան, պարտինք մեր «ես»-ը զոհաբերել, մեր անձնականէն հրաժարիլ, որպէսզի անոր դիմաց ստանանք յաւիտենականը` Աստուծոյ անմահական պարգեւը: Շարունակելով իր խօսքը` Առաջնորդ Սրբազանը ըսաւ, որ քրիստոնէական մեր կրօնը յաճախակիօրէն մեզ կը յիշեցնէ, թէ խաչ կրել կը նշանակէ կամովին հետեւիլ Քրիստոսի սիրոյ, ինքնազոհութեան եւ ինքնընծայումի օրինակին, այլ խօսքով` մոռնալ «ես»-ը, սիրով, յանձնառութեամբ ու հաւատքով պաշտպանել բոլոր այն արժէքները եւ նուիրական սրբութիւնները, որոնք մեր կեանքի սկզբունքներն են:

«Մեր կեանքը անկասկած դժուարութիւններով ծանրաբեռնուած է: Տնտեսական, ընկերային, քաղաքական, նաեւ համաճարակի պայմանները դժուարութիւններ կը ստեղծեն մեր առօրեայի ընթացքին, սակայն այս տագնապներուն մէջ մեր եկեղեցին Աւետարանի ճամբով կու գայ մեզ խրատելու եւ խրախուսելու, որպէսզի մենք քաջաբար կարենանք մեր առօրեային մէջ յայտարարել, թէ խաչն է մեզ յաղթութիւն պարգեւողը եւ խաչը պիտի ըլլայ այն զօրութիւնը, որ մեզ կանգուն պիտի պահէ իբրեւ հաւաքականութիւն եւ մեզ առնչակից պիտի պահէ մեր կեանքի անցուդարձերուն ու մեզի պիտի պարգեւէ անմահական բարիքներ», հաստատեց Առաջնորդ Սրբազանը:

Անդրադառնալով Արցախի մէջ պատահած դէպքերուն` Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան յայտնեց, որ Արցախի մարտադաշտերուն վրայ մեր ժողովուրդի հերոս զաւակները` խաչը իրենց ուսին շալկած, իրենց կեանքը նուիրաբերելով կը փորձեն պաշտպանել հայրենի հողը, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդի յաւերժութեան երթը: Ան շեշտեց, որ մենք եւս անմասն չենք ու չենք կրնար անմասն մնալ արցախեան դաշտերուն վրայ տեղի ունեցող անցուդարձերէն եւ մեր աղօթքով, մեր խոհերով, մեր լումայով անպայմանօրէն պէտք է մնանք մեր ժողովուրդի ամբողջութեան հետ, առնչակից մեր հաւաքական երազներուն եւ իղձերուն, եւ պէտք է  գիտակցինք, որ մեր մասնակցութեամբ, մեր նուիրաբերումով մենք եւս պիտի ապրինք եւ պիտի շարունակենք կեանքը Լիբանանի մէջ իբրեւ եկեղեցի, իբրեւ համայնք, իբրեւ կառոյցներ, միութիւններ եւ ազգային միաւորներ, ու մեր մասնակցութեամբ պիտի ապրի հայրենիքը,  այնտեղ կեանքը պիտի շարունակուի համաձայն մեր դարաւոր երազներուն եւ սպասումներուն: