Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօն. «Ս. Խաչը Հզօրութիւն Է Հաւատքի Ճամբան Բռնողներուն Համար» Շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը

Կիրակի, 29 հոկտեմբերը իւրայատուկ օր էր Լիբանանի հայոց թեմին մէջ: Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս թեմի առաջնորդանիստ մայր եկեղեցին` Ս. Նշանը հանդիսաւոր արարողութեամբ նշեց իր անուանակոչութեան` Գիւտ խաչի տօնը:

Եկեղեցական արարողութեան նախագահեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան: Հաւատացեալներուն ուղղուած իր պատգամին մէջ առաջնորդ սրբազան հայրը շեշտը դրաւ Պօղոս առաքեալի այն խօսքին վրայ, թէ` խաչի մասին քարոզութիւնը յիմարութիւն է կորստեան ճամբան բռնողներուն համար, մինչ հաւատացեալներուն համար խաչը հզօրութիւն է: Այս բնաբանէն մեկնելով առաջնորդ սրբազանը կոչ ուղղեց, որ վերանորոգենք մեր նախնիներուն հաւատքը խաչի խորհրդանիշին նկատմամբ: Սրբազան Հայրը յայտնեց, որ այս մտածումները տարին քանի մը անգամ եւ մանաւանդ Գիւտ խաչի տօնին մեր ուշադրութեան կը յանձնէ, որովհետեւ միշտ չէ դժբախտաբար, որ հասու կը դառնանք Քրիստոսի խաչի խորհուրդին:

Այնուհետեւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկայացուց, թէ ինչպէ՛ս 4-րդ դարու սկզբնաւորութեան Բիւզանդիոնի Մեծն Կոստանդիանոս կայսեր մայրը` Հեղինէ թագուհին գնաց Երուսաղէմ եւ նախաձեռնեց Քրիստոսի խաչը գտնելու աշխատանքին: Մեկնելով ներկայացուած պատմական իրողութենէն` առաջնորդ սրբազանը նշեց, որ Գիւտ խաչի տօնին առիթով այսօր մենք եւս կոչուած ենք մեր կեանքին ընդմէջէն գտնելու խաչը այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ կարծես համաշխարհայնացումին պատճառով հետզհետէ աւելի կը հեռանանք ամէն տեսակի հոգեւոր արժէքներէն: Սակայն այսօր թէկուզ եւ ապրելով նոր արժէքներու համակարգի մը մէջ, պէտք է յիշենք, որ Ս. եկեղեցւոյ զաւակներն ենք եւ հզօր ենք խաչով, ու մեր նախնիներուն աւանդութիւններով:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եզրափակեց իր քարոզը նկատել տալով, որ Գիւտ խաչի տօնին առիթով պարտինք զգալ, թէ այս սրբազան տաճարը խաչի ճամբով է, որ ամբողջ տասնամեակներ իր առաքելութիւնը տարաւ` լոյս եւ հաւատք տարածելով: Պէտք է միշտ յիշել, որ խաչը եւ խաչեալը մեզի հետ են` ցոյց տալով յաւիտենական կեանքի ճամբան: Բայց մանաւանդ պէտք է մեր աղօթքներուն մէջ յիշենք Պօղոս առաքեալին խօսքը, թէ` խաչը զօրութիւն է մեզի` հաւատացեալներուս համար, զօրութիւն մը, որ կ՛ամրապնդէ մեր գիտակցութիւնը եւ հաւատքը:

Ս. պատարագէն ետք ներկայ հաւատացեալները առաջնորդ սրբազանին գլխաւորութեամբ խաչի թափօրով ուղղուեցան Քաղաքի Ազգային առաջնորդարանի շրջափակը, ուր տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէք: ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի սկաուտները օժանդակեցին մատաղի բաշխման աշխատանքին:

Եկեղեցական արարողութիւններէն ետք, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ «Կապրիս եւ Արեգ Նազարեան» սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան` կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին:

Թաղական խորհուրդին անունով բարի գալստեան խօսքը արտասանեց Սմբատ Ղազելեան, որ խօսեցաւ լիբանանահայ գաղութի պատմութեան մէջ Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ ունեցած իւրայատուկ դերակատարութեան մասին` նկատել տալով նաեւ, որ շաբաթներ առաջ տեղի ունեցաւ Սրբոց Թարգմանչաց տօնի նշումը:

Ղազելեան յատուկ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ թարգմանչական աշխատանքին` կոչ ուղղելով մտածելու ազգի բարօրութեան եւ վերելքին մասին: Ղազելեան թարգմանչաց սերունդին կարեւորութիւնը շեշտեց մանաւանդ մեկնելով այն իրողութենէն, որ Ս. Նշան եկեղեցին տասնամեակներ շարունակ ծառայած է իբրեւ լուսաւորութեան ու կրթութեան օճախ:

Սիրոյ սեղանին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան, որ նշեց, թէ տարին մէկ անգամ Գիւտ խաչի տօնի առիթով այս յարկին տակ գտնուիլը իւրայատուկ ուրախութիւն է: Իր խօսքը ուղղելով ներկաներուն, որոնք մեծամասնութեամբ Ս. Նշան եկեղեցւոյ ծիրին մէջ գործող մարմիններու եւ դպրաց դասի անդամներ էին, առաջնորդ սրբազան հայրը մաղթեց որ անոնք մնայուն ներկայութիւն դառնան եկեղեցւոյ կեանքին մէջ` նշելով միաժամանակ, որ եկեղեցին անոնց աշխատանքով կը յարատեւէ:

Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ Ս. Նշան մայր եկեղեցին լիբանանահայ գաղութի պատմութեան մէջ իր յատուկ տեղը ունի եւ պիտի շարունակէ ունենալ, եւ բարեբախտաբար տակաւին կան մարդիկ, որոնց ծառայութեան շնորհիւ այս եկեղեցւոյ առաքելութիւնը կը շարունակուի:

Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական կարճ յայտագիր: Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ դպրաց դասը ներկայացուց քանի մը երգ, իսկ Շահէ Քէշիշեան ասմունքեց Համբիկ Մարտիրոսեանի «Իրաւունք չունիս» քերթուածը: