Անցնող շաբաթավերջին, 15-16 փետրուարին նշուեցաւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը եւ հիմնադրութեան 75-ամեակը: Արդարեւ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Իշխան» եւ «Դրօ» կոմիտէներուն յառաջացուցած յատուկ յանձնախումբին, շաբաթ, 15 փետրուարին, կ.ե. ժամը 3:00-էն սկսեալ եկեղեցւոյ կից թաղին մէջ տեղի ունեցաւ տօնախմբութիւն, որ կը ներառէր տօնավաճառ, փոքրերու յայտագիր եւ գեղարուեստական յայտագիր:
Կիրակի, 16 փետրուարի առաւօտեան ժամը 9:00-ին «Արագած» ակումբին առջեւ տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն` ի պատիւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, ապա թափօրը, առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, ուղղուեցաւ դէպի Ս. Սարգիս եկեղեցի, ուր սրբազան հայրը մատուցեց ս. պատարագ:
Պատարագին ներկայ էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, Ազգային վարչութեան փոխատենապետ, նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան եւ Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Մարտիկ Արսլանեան:
Իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ 4-րդ դարուն ապրած հռոմէացի զօրավար Ս. Սարգիսի կեանքին, ունեցած հաւատքին եւ նահատակութեան, շեշտելով, որ պէտք է մեր յիշողութեան մէջ կենդանի պահենք սուրբին կեանքը, մասնաւորաբար մենք, որ սփիւռքեան պայմաններու մէջ կ՛ապրինք, որովհետեւ մեր հայրենիքին մէջ ձգեցինք մեր նուիրական սրբութիւններն ու մեր սուրբերուն աճիւնները եւ այս ափունքը հասանք մեր սուրբերուն յիշատակով վերականգնելու համար մեր կեանքն ու առօրեան, կանգնեցինք մեր եկեղեցիները եւ մեր կեանքը ամրացուցինք Աստուծոյ շնորհքով ու շունչով սպառազինուելու ակնկալութեամբ:
Շարունակելով իր խօսքը` Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ տարեդարձներն ու ամեակները առնչուած են անցեալի շունչերու, դէպքերու եւ պատմութեան վրայ, որոնք մեր հարազատներն ու սիրելիներն են, որոնք այդ միջավայրէն ներս այս սուրբ եկեղեցւոյ կեանքով իրենց կեանքը ամրացուցին եւ մեր ժողովուրդին կեանքը կերտեցին, աւելցնելով, որ անոնք իրենց յիշատակին ընդմէջէն մեզ զգուշութեան կը հրաւիրեն եւ կը թելադրեն սրբութեան հետ սրբութեամբ վարուիլ, որպէսզի Աստուծոյ շնորհքը եւ իրմէ եկող սրբութիւնը ողողէ նաեւ մեր կեանքը:
«Արտասովոր երեւոյթներու վայր դարձած է աշխարհը, եւ մենք կամայ թէ ակամայ կը հետեւինք ամէն տեսակի նորաձեւութեան, սովորութիւններուն, կ՛որդեգրենք մեզի անծանօթ բարքեր, որոնք անյարիր են մեր կեանքին, եւ որոնցմէ պէտք է հեռու մնանք եւ զգուշ վարուինք, որպէսզի մեր ամրութիւնը չքայքայենք», շեշտեց Սրբազան Հայրը` աւելցնելով, որ մենք ժառանգորդներն ենք մեզ կանխող սերունդներու աւանդին եւ արժէքներուն, որոնք մեր ազգին մէջ զարգացան ու պայծառացան: Այդ աւանդը այսօր մեր եկեղեցւոյ ճամբով մեզի կը փոխանցուի, որովհետեւ տարեդարձները նաեւ առիթներ են, որպէսզի անդրադառնանք, թէ գալիք օրերուն համար նոր հաւատք պէտք է ստեղծենք նոր աշխատանքով, նոր ճիգով, որպէսզի մեր եկեղեցական, մշակութային, հոգեւոր, մարզական, համայնական կեանքը վերընձիւղուի եւ դարձեալ ոգեւորուի ի խնդիր մեր ազգի յարատեւութեան: Սրբազանը ըսաւ, որ այս առիթը մեզ երկիւղածութեան, զգաստութեան, նոր խոհերու եւ ոգեւորութեան հրաւիրող առիթ է, մասնաւորաբար որպէսզի անցեալին նայելով` բոլորս երախտագէտ ոգիով յարգենք բոլոր անոնք, որոնք մեզմէ առաջ անցան, բայց մեզի կտակեցին` եկեղեցի, գաղութ, համայնք, ազգային միաւոր: Առաջնորդը շեշտեց, որ այս պահը առիթ է նաեւ դիտելու շրջապատը եւ յարգանք մատուցելու բոլոր անոնց, որոնք հակառակ տեսակաւոր դժուարութիւններու եւ նեղութիւններու` կը շարունակեն մեր եկեղեցւոյ եւ մեր կառոյցներուն ճամբով իրենց լաւագոյնը ընծայել մեր ժողովուրդին` ի խնդիր Հայաստանի, նաեւ հաստատեց, որ առիթ է, որպէսզի նոր գիտակցութեամբ նայինք մենք մեր անձերուն եւ մեզի վերաբերող պարտականութիւններուն եւ յարգենք բոլոր անոնք, որոնք իրենց տուներէն ներս հաւատքը ամուր կը պահեն, որպէսզի Աստուծոյ օրհնութիւնը անպակաս ըլլայ:
Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:
Այնուհետեւ «Աթայեան եղբարք» սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան: Օրուան հանդիսավարն էր Մարալ Հարպոյեան:
Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ Ճորճ Քէօշկերեան ըսաւ, որ մենք մեր քրիստոնէական ինքնութիւնը պէտք է ապրինք եւ փոխանցենք նոր սերունդին` աւելցնելով, որ այս իմաստով թաղականութիւնը շատ կատարելիք աշխատանքներ ունի` ժողովուրդին եւ մանաւանդ երիտասարդ սերունդին հետ եկեղեցւոյ կապը ամրապնդելու: Ան հաստատեց, որ Սուրբ Սարգիսի տօնը եկեղեցական եւ աւելի հոգեհարազատ է ու կապուած է հայ աւանդութեան հետ, բացի իր հոգեւոր խորքէն` անիկա իր մէջ կը ներառէ սիրոյ խորհուրդը: Եզրափակելով իր խօսքը` ան իր խորին երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր բարերարներուն, կամաւորներուն ու «Իշխան» եւ «Դրօ» կոմիտէներուն` իրենց նիւթական եւ բարոյական աջակցութեան համար:
Գեղարուեստական յայտագրով ելոյթ ունեցան Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու աշակերտները, ինչպէս նաեւ երգերով մասնակցեցաւ Կարէն Գազանճեան, իսկ ասմունքով` Հրակ Մամիկոնեան:
Աւարտին գնահատական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Սրբազան Հայրը, որ գնահատեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը արժանաւորապէս նշելուն համար: