Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Մէջ Հանդիսաւոր Նշում` Հայ Եկեղեցւոյ Քահանայից Տօնին

Երէկ` երեքշաբթի, 26 փետրուար 2019-ին տօնն էր Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանաներուն, նաեւ հայ եկեղեցւոյ քահանաներուն: Առ այդ, Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսին եւ մասնակցութեամբ թեմի քահանայից դասուն, մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Պատարագը մատուցեց եւ քարոզեց Լիբանանի թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան: Հայր սուրբը հաստատեց, որ աշխարհի տառապանքները եւ մեր դիմագրաւած դժուարութիւնները ոչ մէկ ձեւով կրնան ընկճել մեզ կամ պատճառ ըլլալ, որ մենք հեռանանք մեր հաւատքէն եւ կորսնցնենք մեր վստահութիւնը Քրիստոսի նկատմամբ:

Անդրադառնալով օրուան խորհուրդին, Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանաներուն, նաեւ հայ եկեղեցւոյ քահանաներու տօնին` Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան նկատել տուաւ, որ Ղեւոնդեանք 451 թուականին Վարդանանց ճակատամարտին իրենց մասնակցութիւնը բերին, կռուեցան եւ նահատակուեցան հաւատքի ու կրօնի համար եւ այդպիսով կոչուեցան սուրբեր, որովհետեւ իրենց կեանքը զոհեցին հաւատքի եւ հայրենիքի համար: Ան հարց տուաւ, թէ ի՞նչը մղեց զանոնք երթալու թիկունք կանգնելու Վարդանանց ճակատամարտին մասնակցող հայորդիներուն, եւ բացատրեց, թէ Ղեւոնդեանք վեր առնելով Աւետարանին խօսքերը չվախցան պարսիկներէն, որոնք իրենց մարմինը պիտի սպաննէին, այլ` մտածեցին, որ եթէ իրենց մարմինները սպաննել տան, քրիստոնէական հաւատքին հետեւող քրիստոնեաներուն հոգիները պիտի ազատեն:

«Այսօր, երբ մենք կը տօնախմբենք Ղեւոնդեանց քահանայից տօնը` զայն կապելով մեր քահանայից դասին, ասիկա կը նշանակէ, թէ այսօր մեր քահանայից դասն ալ նոյն բնաբանով, նոյն տեսիլքով իր առաքելութիւնը եւ ծառայութիւնը պիտի կատարէ ժողովուրդի կեանքին մէջ», հաստատեց Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան` աւելցնելով, որ ներկայիս Վարդանանց ճակատամարտ չկայ, սակայն իւրաքանչիւր հաւատացեալի կեանքը պայքար եւ կռիւ է, որոնց ո՛չ միայն հաւատացեալը պէտք է մասնակցի, այլ նաեւ մեր քահանայ հայրերը իրենք եւս խաչը իրենց վիզին կախած ժողովուրդին հետ պէտք է պայքարին այս կեանքի դժուարութեան մէջ: Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան հաստատեց, որ այսօր մեր քահանայից դասը նոյն առաքելութիւնը կը կատարէ, եւ իբրեւ հոգեւորականներ անոնք ժողովուրդէն եկած են ժողովուրդին հետ ըլլալու, այլապէս իրենց հոգեւորական ըլլալը ոչ մէկ արժէք ունի: «Հոգեւորականի կեանքին մէջ մեծագոյն պարգեւը ժողովուրդին գնահատանքն է, որովհետեւ ան կոչուած է ժողովուրդին ծառայելու համար: Մեր ժողովուրդը երբեք չէ ուրացած այդ իրողութիւնը եւ եղած է եկեղեցւոյ ու իր քահանային կողքին, երբեմն նոյնիսկ ձեռք երկարելով, օգնելով քահանային, որպէսզի պայծառանայ իր եկեղեցին եւ քահանայ հայրը աղօթէ իրեն, իր ընտանիքին եւ ազգին համար», ըսաւ հայր սուրբը` աւելցնելով, որ հոգեւորական ըլլալը կարեւոր եւ պատասխանատու առաքելութիւն է, որովհետեւ անիկա կոչում է, եւ այդ կոչումը իրենք իբրեւ հոգեւորականներ պէտք է արժեւորեն իրենց կեանքի ընթացքին:

Շարունակելով իր խօսքը` Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան ըսաւ, թէ կեանքը այնպիսի դժուարութիւններ կու տայ մեզի, որ երբեմն կը դժուարանանք եւ կը զլանանք մեր առաքելութեան մէջ, սակայն մեր ազգի պատմութեան մէջ, ազատագրական պայքարներու մէջ միշտ ժողովուրդի դժուարութեան կողքին եղած է հայ հոգեւորականը, իբրեւ օրինակ եւ իտէալ մեր ժողովուրդին համար` հաստատելով, որ այսօր եւս այդպէս կը շարունակուի մնալ, որովհետեւ իբրեւ հոգեւորականներ իրենց առաջնորդն է Քրիստոս, եւ իրենք անվախ պիտի պայքարին հաւատացեալներու հոգիներու փրկութեան համար:

Եզրափակելով իր խօսքը` Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան Սրբոց Ղեւոնդեանց քահանաներուն, նաեւ հայ եկեղեցւոյ քահանաներու տօնին առիթով նախ եւ առաջ շնորհաւորեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը` մաղթելով եւ աղօթելով, որ Աստուած երկար ծառայութիւն շնորհէ վեհափառ հայրապետին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ դարաւոր աթոռին վրայ` մեզ առաջնորդելու եւ հովուելու: Ան նաեւ շնորհաւորեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսը, որ ծանր պարտականութիւնը իր ուսերուն վրայ առնելով կը հովուէ Լիբանանի հայոց թեմը, կ՛առաջնորդէ զիրենք իր հայրական ցուցմունքներով, իր իմաստուն եւ մանաւանդ անկեղծ հօր վերաբերմունքով` իւրաքանչիւր քահանայի եւ հոգեւորականի հանդէպ, մաղթելով եւ աղօթելով, որ Աստուած սրբազան հօր առողջ եւ երկար կեանք շնորհէ, որպէսզի երկար ժամանակ այս թեմի առաջնորդութիւնը իր ուսերուն վրայ բեռցնելով ամենայն երկիւղածութեամբ եւ անկեղծութեամբ շարունակէ հովուել ժողովուրդը եւ հոգեւորականները` իբրեւ քրիստոնեաներ եւ Աստուծոյ ժողովուրդ: Հայր սուրբը շնորհաւորեց նաեւ քահանայ հայրերը` մաղթելով, որ ներկայ պայմաններուն մէջ Աստուած առաջնորդէ զիրենք իրենց տալով համբերութիւն, առողջութիւն, իրարու եւ ժողովուրդին հանդէպ սէր, որպէսզի իրենք ալ իրենց կարգին առաջնորդեն Լիբանանի հայոց թեմը դէպի խաղաղութիւն, առողջութիւն եւ յաջողութիւն:

Ս. պատարագի աւարտին Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ «Աթայեան եղբարք» սրահին մէջ հոգեւորականաց դասը համախմբուեցաւ սիրոյ սեղանի մը շուրջ:

Ճաշէն ետք, առաջնորդ սրբազան հօր հովանաւորութեամբ տեղի ունեցաւ քահանայից համագումար, որ քննարկեց Լիբանանի հայոց թեմի քահանայ հայրերու հոգեւոր, ազգային, հովուական, վարչական եւ հասարակական ծառայութիւնը: