Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Ս. Սարգիս Տօնին Առիթով Տօնախմբութիւն Եւ Ս. Պատարագ

Անցնող շաբաթավերջին տօնախմբութիւն էր Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին համար: Արդարեւ, շաբաթ` 4 փետրուարին, եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէին Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ տօնակատարութեան յանձնախումբին, տեղի ունեցաւ փառատօն: Եկեղեցւոյ կից տեղադրուեցան կրպակներ, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին ԼՕԽ-ի «Ազիրեան» մասնաճիւղը, ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի Ընկերային յանձնախումբը, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղը, ՀՅԴ «Քրիստափոր» պատանեկան միութիւնը, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ դպրաց դասը, ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէի Ընկերային յանձնախումբը: Կրպակներուն մէջ կը վաճառուէին ուտելիք, ձեռային աշխատանքներ, հայկական զարդեղէններ եւ այլն:

Կէսօրէ ետք ժամը 4:00-5:30 ելոյթ ունեցաւ «Փաուըրֆուլ քիտզ թիմ» մանկապատանեկան խումբը, իսկ երեկոյեան ժամը 7:30-էն սկսեալ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մասնակցութեամբ տի. ճէյ. Յովսէփ Թերզեանի, ընկերակցութեամբ «Սարին» խումբի տհոլ-զուռնայի, պուզուքիստ Յարութի, Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի աշակերտներուն, Համազգայինի «Գայիանէ» պարախումբին` ղեկավարութեամբ Ժենի Քոլոյեանի, օրկանիստ` Հրակ Նագաշեանի, նաեւ երգիչներ Մհեր Չափարեանի, Անդօ Մարտիրոսեանի, Վարդան Սարգիսեանի` «Վարդանաքի», Գէորգ Մատարեանի, Էտի Նալպանտեանի, Յովիկ Ճունիըրի, Գէորգ Փարիզեանի եւ Կարէն Գազանճեանի:

Յայտնենք, որ շաբաթ առաւօտեան տեղի ունեցաւ ոչխարներու աղով օրհնութիւն եւ զենում, իսկ երեկոյեան կատարուեցաւ ժամերգութիւն, որուն զուգահեռ պատրաստուեցաւ մատաղը:

Կիրակի, 5 փետրուարին առաւօտեան ժամը 9:00-ին, եկեղեցւոյ առջեւ տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն` ի պատիւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, ապա Առաջնորդ Սրբազանը մուտք գործեց եկեղեցի, ուր մատուցեց Ս. պատարագ:

Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ դիտել տուաւ, որ կը նշենք  Սուրբ Սարգիս զօրավարի նահատակութեան յիշատակը եւ այս առթիւ նաեւ կը յիշենք Ս. Սարգիսի որդին` Մարտիրոսը եւ 14 այն զօրականները, որոնք, իրենց հաւատքը պահելուն իբրեւ հետեւանք, 4-րդ դարուն նահատակուեցան: Ան պատմական ակնարկով մը անդրադարձաւ 361 թուականին ապրած Սուրբ Սարգիս զօրավարի կեանքին, գործունէութեան,  որ ամէն առիթով կը ջանար նաեւ օգնել իրեն դիմող կարօտեալներուն եւ այդպիսով քրիստոնէական ճշմարտութիւնները կ՛աճեցնէր իր շուրջ: Շեշտը դնելով անոր նահատակութեան վրայ, Սրբազանը դիտել տուաւ, որ Ս. Սարգիս ոչ միայն հայոց, այլ նաեւ` բոլոր արեւելեան եկեղեցիներուն կողմէ ներկայացուած է ճերմակ նժոյգին վրայ` վիշապ օձը հարուածող դիրքով եւ ճանչցուած է իբրեւ հրաշագործ վկայ, ճանապարհորդին ապաւէնը, նեղութեանց մէջ գտնուողներուն ամենահաս օգնականը:

«Կրնանք Ս. Սարգիսի ճշգրիտ կենսագրութիւնը գիտնալ կամ չգիտնալ, բայց` իբրեւ հայ եկեղեցւոյ զաւակներ, պէտք է յիշենք, որ մեր ժողովուրդը դարերով հաւատացած է եւ դեռ կը շարունակէ հաւատալ, թէ Ս. Սարգիս, իր զօրականի շքեղ կերպարանքի կողքին, իր հաւատաւոր ու խոնարհ կեանքի օրինակով, նաեւ հրաշալիօրէն արտայայտած է քրիստոնէական առաքինութեանց ու սրբութիւններուն ճշմարտութիւնը եւ այդ իսկ պատճառով, դարեր առաջ արդէն իսկ սուրբի լուսապսակով զարդարած է անոր յիշատակը», հաստատեց Սրբազան Հայրը եւ ներկայ հաւատացեալներուն ուշադրութեան յանձնեց հետեւեալ կէտերը.

Ա.- Պէտք է լաւ ըմբռնենք, թէ սուրբերը, ոչ թէ աւելի տարբեր եւ աւելի հզօր են իրենց շրջապատի մարդոցմէ, այլ` պարզապէս աւելի ջերմ հաւատացեալներ են, եւ, այդ հաւատքին շնորհիւ, նաեւ ճշմարիտ ու ազդու արտայայտիչներն են աստուածային հզօր առաքինութեանց եւ ճառագայթողները երկնային շնորհներուն: Այդ պատճառով է, որ Աստուած երկինքը կը բանայ անոնց դիմաց: Հետեւաբար, սուրբ են անոնք, որոնք մարդկային կեանքով, աստուածային ծրագիրներ կ՛իրագործեն աշխարհէն ներս եւ այդպիսով եկեղեցին կը գոյաւորեն: Իսկ այն զօրութիւնը, որ կրնայ մեզի նման երկչոտ ու դիւրաբեկ մարդը գօտեպնդել ու արիացնել, մինչեւ անգամ զայն սիրով առաջնորդել դէպի նահատակութիւն` անկասկած, Յիսուս Քրիստոսն է, որ իր հետեւորդներուն կը թելադրէ  նախ աշխարհին մէջ պատուել ու փառաւորել մեզի տրուած կեանքը, որպէսզի այդպիսով նաեւ արժանանանք յաւիտենական կեանքի պարգեւին:

Բ.- Պէտք չէ մոռնանք, որ աշխարհէն ներս քրիստոնեային կեանքի փառքը Աստուծոյ ծառայելու, ճշմարտութեան համար ինքզինք ընծայելու պատիւն է: Ուստի, սուրբերու օրինակին նայելով, մենք պէտք է զգաստանանք եւ յիշենք, թէ երբ այս աշխարհի կեանքը անցնի ու վերջանայ, պէտք է մեր ետին մեզմէ յիշատակ մը մնայ` ժառանգութիւն մը, որ պէտք է ապրի եկող սերունդներուն համար:

Գ.- Սուրբերը մեզի կը յիշեցնեն, որ այստեղ` աշխարհէն ներս միայն ուտել ու խմելով ժամանակ պիտի չ՛անցընենք, այլ այստեղ պէտք է պատրաստենք մեր հոգեւոր ապագան, այստեղ պէտք է մղենք ճշմարտութեան ու սրբութեան պաշտպանութեան համար մեր պայքարները եւ այդպիսով նաեւ ներկայանանք Աստուծոյ: Եթէ պարզ ակնարկ մը նետենք մեր ներկայ կենցաղին վրայ, կը տեսնենք, թէ որքան նահանջած ու հեռացած ենք քրիստոնէական արժէքներէն ու հաւատքի սկզբունքներէն եւ` մոռնալով մեր հոգին, սկսած ենք իրական կեանքը չափել մեր առօրեայ վայելքի հասկացողութեամբ, եւ ի խնդիր ժամանակաւոր փառքի, հաճոյքի ու վայելքի, սկսած ենք նաեւ մենք մեզ մսխել ու քայքայել:

Դ.- Անկասկած, իրենց յիշատակին ընդմէջէն, սուրբերը Աստուծոյ ձայնը կը պատգամեն մեզի եւ այդ ձայնը ի վերջոյ պէտք է յաղթանակէ նաեւ մեր ալ կեանքին մէջ եւ մեր ընկերութիւնը առաջնորդէ հոգեւոր բարձունքներու:

«Այսօր, դրամէն ու հացէն աւելի, կարիքը ունինք բարի եւ սուրբ ուժերու, որպէսզի անկումային ներկայ վիճակներէն դուրս բերենք մեր կեանքը: Այսօր, դրամէն ու հացէն աւելի, կարիքը ունինք առաքինութեանց, որպէսզի մեր կեանքէն դուրս վանենք մոլութիւնները եւ աստուածային ճշմարտութիւնները պարզենք ու այդպիսով  սրբութեան շունչով ողողենք մեր շրջապատը: Քրիստոնեային ճամբան պէտք է հետեւի Քրիստոսի կեանքի օրինակին եւ ան, որ Քրիստոսի կենդանի ներկայութեան ճառագայթը ունի իր հոգիին մէջ եւ աչքին դիմաց, ան կրնայ իր կեանքը տանիլ բարձրագոյնին», եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազանը:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: