Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի սարկաւագներուն, կիրակի, 25 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 5:30-ին Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագի տօնին առիթով տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր ժամասացութիւն:
Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ դիտել տուաւ, որ Աւետարանին մէջ բնաւ չէ յիշատակուած, թէ Ս. Ստեփանոս ի՛նչ եռանդով կատարեց սեղանին սպասաւորութիւնը, սակայն յիշատակուած է, որ ան առաքեալներու կողքին եւ անոնց չափ եռանդով Աստուծոյ Աւետարանի քարոզութիւնը, նաեւ ժողովուրդի շարքերէն ներս հրաշագործութիւններ կը կատարէր: Սրբազանը նկատել տուաւ, որ Երուսաղէմի մէջ անոր համբաւը այնքան մեծցած էր, որ մոլեռանդ հրեաներ իրենց ժողովարանին կողմէ դրդուելով` կը փորձէին խնդիրներ յարուցել անոր հետ, որպէսզի կարողանան պատճառ մը ստեղծել զինք հրապարակէն մեկուսացնելու համար:
Շարունակելով իր խօսքը` Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ Աւետարանին մէջ գրուած է նաեւ, որ այդ աստուածային անսահման սէրը, որ մարդկութեան փրկութեան համար երկինքէն երկիր բերաւ զՔրիստոս, երկրէն երկինք տարաւ նաեւ Ստեփանոսը, եւ այսօր մենք իր բարեխօսութեան դիմելով` կը խնդրենք, որ Աստուած նոր եռանդ, նոր ոգի, աշխատանքի նոր կորով եւ շնորհք հաստատէ մեր սարկաւագներուն մէջ, բայց նաեւ` բոլոր անոնց մէջ, որոնք նուիրուած են եկեղեցւոյ սպասաւորութեան գործին:
Սրբազան Հայրը հաստատեց, որ տարուան ընթացքին միայն մէկ անգամ առիթ կը ստեղծենք անդրադառնալու անոնց մասին, որոնք իրենց մասնակցութեամբ կը ճոխացնեն ու կը հարստացնեն մեր եկեղեցւոյ արարողական կեանքը, աւելցնելով, թէ պատշաճ է, որ տարին անգամ մը հանդիսաւորապէս գնահատենք իրենց սպասաւորութիւնը` յիշելով եւ յիշեցնելով Ս. Ստեփանոսի օրինակը եւ թելադրելով, որ իրենք եւս արժանանան միեւնոյն փառքի պսակին: «Անկասկած Աստուած մեր ընկերութեան բոլոր անդամները կարողութիւններով, ձիրքերով եւ շնորհքներով օժտած է: Անցեալին մեր եկեղեցւոյ կեանքէն ներս մեր ժողովուրդին մասնակցութիւնը աւելի աշխուժ էր: Մարդիկ իրենց ունեցած շնորհքներուն եւ կարողութիւններուն աւելի գիտակ էին, բայց մասնաւորաբար կամեցող էին, որ իրենց ունեցածը նաեւ առատօրէն բաժնուի շրջապատին, որպէսզի այդ ձեւով Աստուծոյ փառքը առատանայ մեր իրականութեան մէջ: Այսօր դժբախտաբար մեր ընկերութիւնը ամէն ինչ կը սպասէ ուրիշէն: Կ՛ակնկալեն, որ ուրիշներ իրենց եկեղեցւոյ սպասաւորութեան գործը կատարեն, իսկ իրենք չէզոք հանդիսատեսի հանգամանքով միայն հեռուէն դիտող են», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը` իր գնահատանքը եւ երախտագիտութիւն յայտնելով եկեղեցւոյ սարկաւագներուն ու բոլոր սպասաւորներուն եւ աղօթելով, որ Աստուած իրենց ծառայութեան ընդմէջէն առաւել եւս ամրացնէ առաքելական մեր սուրբ եկեղեցւոյ աշխատանքն ու ծառայութիւնը մասնաւորաբար դժուարին ներկայ պայմաններու մթնոլորտին մէջ, երբ մեր ժողովուրդը կարիքը ունի մեր եկեղեցւոյ ճամբով իրեն հասնող Աւետարանի աւետիսին, նաեւ մեր եկեղեցին կարիքը ունի իր զաւակներուն, որպէսզի կարողանայ բոլորին մասնակցութեամբ իր առաքելութիւնը շարունակել աշխարհի ամբողջ տարածքին: