Վարդավառի եւ Քրիստոսի Այլակերպութեան կամ Պայծառակերպութեան զոյգ տօներուն առիթով կիրակի 11 յուլիս 2021-ին Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր Ս. պատարագ մատուցեց եւ օրուան պատգամը փոխանցեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահէ Արք. Փանոսեան:
Իր քարոզին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը` անդրադառնալով կրկնակի առիթներուն, յայտնեց, թէ Վարդավառը հակաքրիստոնէական պատմական ժամանակներէն մեզի եկող յիշատակ մըն է, որուն առիթով մեր ժողովուրդի զաւակները, կեանքի առատութիւն խնդրելով բարերարէն, իրարու վրայ ջուր կը սրսկէին եւ կը հաղորդուէին իրենց նախորդներու կեանքին յիշատակին հետ:
Իսկ երկրորդ առիթին մասին, որ Քրիստոսի Այլակերպութեան կամ Պայծառակերպութեան տօնն է, Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ մեր եկեղեցւոյ մեծագոյն առիթներէն մին է, որովհետեւ Քրիստոս երկրաւոր կեանքի պայմաններուն մէջ քանի մը հարազատներու դիմաց կը յայտնուի երկնային իր պայծառ փառքով: Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, թէ ուշագրաւ է այս պատահարը Քրիստոսի երկրաւոր կեանքին ընթացքին` աւելցնելով սակայն, թէ անցեալը չէ, որ մեր ուշադրութիւնը պէտք է գրաւէ, այլ մեր սեփական կեանքը, որովհետեւ այս առիթը մեր եկեղեցին կը նշէ, որպէսզի անով մենք նոր պայծառութիւն բերենք մեր առօրեային: «Այս երկու սրբազան առիթները այսօր կը յիշենք, որպէսզի մենք ալ զգաստանանք եւ անդրադառնանք, որ կեանքի մէջ երբեմն ուխտաւորին հաւատքով ու քայլերով պէտք է Աստուածութեան մօտենանք», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը` աւելցնելով, որ շատ հեռացած ենք մեր պատմական անցեալէն եւ աշխարհի պայմաններուն բերումով նաեւ շատ անջատուած մեր եկեղեցւոյ հոգեւոր ժառանգութենէն: «Տագնապի մէջ է մեր կեանքը եւ, վստահաբար, բոլորս ալ հրաշքի կը սպասենք, որ երկնային միջամտութեամբ լուսաւորուի մեր առօրեան, սակայն Աստուծոյ կապուած հաւատքը եւ ուխտաւորին ջերմեռանդութեամբ կատարած աղօթքը հրաշք կրնան ստեղծել մեր կեանքին մէջ», եզրափակեց Սրբազան Հայրը: