Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կողմէ 2017-ն «Վերանորոգումի տարի» հռչակուելուն առիթով` կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Կրօնական ժողովին եւ մասնակցութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի ազգային վարժարաններու 6-րդ, 7-րդ եւ 8-րդ դասարաններէն 65 աշակերտներու, շաբաթ, 25 մարտ 2017-ին, Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ միօրեայ սեմինար մը:
Օրը սկսաւ առաւօտեան ժամերգութեամբ եւ Միքայէլ քհնյ. Տեմիրճեանի կողմէ Ս. Գիրքի սերտողութեամբ, որմէ ետք առաւօտեան ժամը 10:20-ին եկեղեցւոյ սրահին մէջ Լիբանանի հայոց թեմի Տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու Րաֆֆի Տեմիրճեան կատարեց սեմինարի պաշտօնական բացումը: Տեմիրճեան շեշտեց, որ նմանօրինակ հաւաքներ մեծապէս կը նպաստեն եկեղեցի-աշակերտ կապերու ամրապնդման եւ զարգացման:
Ապա Նշան վրդ. Լախոյեան ներկայացուց «Հայ աշակերտին ծառայութիւնը ի սպաս եկեղեցւոյ եւ ազգին» նիւթը: Հայր սուրբը յայտնեց, որ ծառայութիւնը նուիրական աշխատանք է, որ տեղի կ’ունենայ առանց փոխադարձ ակնկալութիւններու:
Կարճ դադարէ մը ետք, կէսօրուան ժամը 11:30-ին Խաչիկ Ա. քհնյ. Միսիրեան խօսեցաւ եկեղեցի-աշակերտ փոխադարձ յարաբերութիւններուն եւ պարտաւորութիւններուն մասին, որմէ ետք Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան ներկայացուց խմբային աշխատանքներու հինգ խումբերուն նիւթերը` ծառայութիւն ազգին, եկեղեցիին, հայապահպանման, մշակոյթին եւ դատին: Նիւթերուն շուրջ տեղի ունեցան քննարկումներ աշակերտներուն հետ, ապա խումբերը առանձնաբար պատրաստեցին իրենց զեկուցումները:
Յետմիջօրէի ժամը 2:30-ին ճաշի ընդմիջումին յաջորդեցին խումբերու աշխատանքներուն ներկայացումները: Աշակերտները խումբ առ խումբ բծախնդրութեամբ եւ մեծ հետաքրքրութեամբ շեշտեցին ծառայութեան կարեւորութիւնը եւ վերանորոգուելուն անհրաժեշտութիւնը` պահպանելու դարաւոր ժառանգութիւնը եւ շարունակելու եկեղեցւոյ ու ազգին առաքելութիւնը:
Աւարտին, Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան յոյս յայտնեց, որ աշակերտները յառաջիկայ օրերուն առաւել եւս առնչուին եկեղեցական եւ ազգային կեանքին` հոգեւոր եւ ազգային նիւթերուն շուրջ ցուցաբերելով առաւել հետաքրքրութիւն, լրջութիւն եւ մասնակցութիւն: Սեմինարը փակուեցաւ յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին: