Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Վնասուած Բնակարաններու Հատուցումներուն Վճարումները Կը Շարունակուին

Երեքշաբթի, 8 սեպտեմբերին, Ազգային միացեալ վարժարանին մէջ շարունակուեցաւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով վնասներ կրած բնակարաններու ընտանիքներուն դրամական հատուցումներու յանձնման Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինի ծրագիրը:

 

Յայտնենք, որ անցնող երկու օրերուն ընթացքին 384 բնակարաններու ընտանիքներուն կատարուեցան նիւթական յատկացումներ: Նշեալ աշխատանքին կը հսկեն Վերականգնումի մարմինին անդամները` գործակցութեամբ Ազգային առաջնորդարանի պաշտօնեաներուն: Աշխատանքը պիտի շարունակուի յաջորդող օրերուն: