Հինգշաբթի, 13 փետրուարի կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին Ֆանարի Ս. Երրորդութիւն մատրան մէջ տեղի ունեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակի ժամերգութիւն` գլխաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի:
Ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ հայր սուրբը նկատել տուաւ, որ Տեառնընդառաջի արարողութիւնը` որպէս անշարժ տօն, մեր եկեղեցին կը յիշատակէ 14 փետրուարին, այսինքն` Քրիստոսի ծնունդէն 40 օրեր ետք, եւ իմաստը Քրիստոսի տաճար ընծայումն է, աւելցնելով, որ մեր եկեղեցւոյ մէջ գեղեցիկ աւանդութիւն մըն է որ մենք մեզ, մեր զաւակները կ՛ընծայենք Աստուծոյ, աւելցնելով, որ քրիստոնեայ մարդուն համար ամէն օր Տեառնընդառաջ է, որովհետեւ մենք ամէն օր որպէս Աստուծոյ զաւակներ, պէտք է երթանք Տիրոջ առջեւ, ներկայանանք տիրոջ, շնորհակալութիւն յայտնենք Անոր մեզի տուած բարիքներուն, ամէնօրեայ պարգեւներուն համար: Հայր սուրբը յայտնեց, որ մեզմէ իւրաքանչիւրին համար այսօր առաւել գիտակցութեան եւ ուրախութեան օր է, որովհետեւ մեզի կրկին անգամ առիթ կ՛ընծայուի դիմել Տիրոջ եւ Անոր առջեւ երթալ, այսինքն` վստահիլ, հաւատալ Տիրոջ եւ սիրել Զինքը: Ան նկատել տուաւ, որ այսօր մենք շատ աւելի պէտք ունինք Քրիստոսի առջեւ երթալու, քան երէկ, որովհետեւ մեր առօրեայի պահանջները, մեր կեանքի պայմանները շատ աւելի կը մղեն մեզ դիմելու Տիրոջ, սակայն մենք` որպէս քրիստոնեաներ, ամէն օր կը վայելենք անոր ներկայութիւնը մեր կեանքին մէջ: «Այսօր շատ աւելի կարեւոր է ոչ թէ միայն մեր նորածինները ընծայել Աստուծոյ, այլ մեր բոլոր զաւակները ընծայել Իրեն», շեշտեց Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան` աւելցնելով, որ մենք բոլորս կը պատկանինք Աստուծոյ եւ իր զաւակներն ենք, եւ մենք պիտի ըլլանք այն խթանը եւ պիտի հանդիսանանք այն կապը, որ մենք մեր զաւակները, երիտասարդ թէ պատանի` ընծայենք Տիրոջ:
Շարունակելով իր խօսքը հայր սուրբը ըսաւ, որ այսօր մենք որպէս երիտասարդներ, պատանիներ, աշակերտներ հեռու ենք եկեղեցական կեանքէն, աւելցնելով, որ մենք` որպէս ծնողներ եւ պատասխանատուներ, պէտք է մղիչ ուժը հանդիսանանք մեր աշակերտները, երիտասարդները, պատանիները եկեղեցի բերելու: Յիսուս` որպէս մարդ, աշխարհ եկաւ, որպէս Աստուած` հրաշքներ կատարեց եւ Իր ծնողքը որպէս մարդ Զինք տարին տաճար` ընծայելու Աստուծոյ: Քրիստոս որպէս պատանի, Իր ծնողքին կողմէ առաջնորդուեցաւ տաճար, եւ այս պատկերը պէտք է օրինակ եւ խորհրդանիշ դառնայ մեր ծնողներուն: Հայր սուրբը նկատել տուաւ, որ մենք որպէս պատասխանատուներ եւ ծնողներ, շատ ուրախ կ՛ըլլանք, երբ մեր զաւակը կամ հարազատը օտար լեզուով կ՛երգէ, եւ կը հպարտանանք եւ հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ պիտի չառաջնորդենք զիրենք մեր շարականները սորվելու: «Այսօր երբ մեր ժողովուրդի զաւակներուն հարցնենք Տեառնընդառաջի իմաստն ու խորհուրդը, պիտի ըսեն կրակ վարել եւ անոր վրայէն ցատկել: Ահաւասիկ այսպէս կը նօսրանայ եւ կ՛աւարտի յիշատակ մը, աւանդութիւն մը, տօն մը», հաստատեց Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան` աւելցնելով, որ Տեառնընդառաջ` կը նշանակէ Տիրոջ առջեւ երթալ, որ միշտ պատրաստ է մեզ ընդունելու, սակայն կարեւորը մեր ցանկութիւնն ու կամեցողութիւնն է, որպէսզի առաջնորդուինք Քրիստոսի կողմէ: Ան ըսաւ, որ մենք միշտ կ՛ընտրենք ժամանակաւոր ճամբաները, որ չարիք կ՛ընծայեն մեզի եւ ծունկի կու գանք նիւթեղէնին առջեւ` փոխան Քրիստոսի, սակայն մեր միակ ճամբան Քրիստոսի ճամբան է, եւ այսօր այս տօնին ընդմէջէն Ան մեզի կոչ կ՛ուղղէ, որ Իրեն երթանք, որպէսզի հանգիստ տայ մեզի: «Տեառնընդառաջը միայն շարականներ չէ, միայն կրակ վառել չէ, այլ հոգիով եւ սրտով Տիրոջ առջեւ երթալ է», հաստատեց հայր սուրբը` աւելցնելով, որ կրակը մենք ժառանգած ենք հեթանոսական աշխարհէն, սակայն մեր եկեղեցւոյ կեանքին մէջ դարձած է աւանդութիւն եւ սովորութիւն, որովհետեւ կրակը նաեւ մաքրութեան խորհրդանիշ է հեթանոսական կեանքին մէջ, հետեւաբար կրակը մաքրող յատկութիւն ունի:
Հայր սուրբը հրաւիրեց ներկաները` նայելու կրակի ունեցած մաքրութեան, նաեւ` լոյսի յատկութիւններուն, որով մենք մոմերը վառելով խորանէն եւ տանելով դուրս` պիտի մաքրենք եւ լուսաւորենք համայն ժողովուրդին մեղքերը եւ Քրիստոսի լոյսով լուսաւորենք մեր կեանքերը: «Ինչոր կը ստանանք Աստուծմէ, փառք տանք եւ երթանք Տեառնընդառաջ, որ մեզ պիտի ընդունի եւ խնամէ», եզրափակեց Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանը յորդորելով հաւատացեալ ժողովուրդը, որպէսզի հաւատքով Տիրոջ լոյսը տանի տուն:
Այնուհետեւ հայր սուրբը հրաւիրեց ներկայ հաւատացեալները ընծայելու իրենց զաւակները Տիրոջ, որմէ ետք մատրան շրջափակին մէջ ան վառեց Տեառնընդառաջի աւանդական խարոյկը: