Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Տեառնընդառաջի Նախատօնակը` Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի` 13 փետրուարի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակի ժամերգութիւն, որուն հանդիսապետեց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին իր հայրական պատգամը ուղղեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամին մէջ յայտնեց, որ հաւաքուած ենք նշելու Քրիստոսի 40-օրեայ հասակին տաճար այցելութեան յիշատակելի դէպքը: Սրբազան Հայրը պատմական ակնարկ մը նետեց Աւետարանի այն վկայութեան, թէ ինչպէ՛ս Յովսէփ եւ Մարիամ` իբրեւ բարեպաշտ ծնողներ, երբ Յիսուս 40 օրուան հասակին հասած էր, հրէական օրէնքին համաձայն զայն տաճար տարին ընծայելու Աստուծոյ տան, եւ թէ ինչպէ՛ս տարիքով մեծ բարեպաշտ անձնաւորութիւն մը` Սիմէոն անունով, որ Ս. հոգիէն խոստում ստացած էր, թէ մինչեւ որ Փրկիչը իր աչքերով չտեսնէ` մահ պիտի չճանչնայ, եկաւ տաճար, տեսաւ Յիսուսը, գրկեց զԱյն եւ աղօթեց, որ խաղաղութեամբ մեկնի այս աշխարհէն, որովհետեւ իր աչքերով տեսած էր Փրկիչը: Սրբազանը նկատել տուաւ, որ այդ յիշատակը կը նշենք մեր եկեղեցւոյ փառաւոր սովորութեան համաձայն, սակայն միայն այդ յիշատակի պատմութիւնը չէ, որ կը ներկայացնենք, այլ` կը փորձենք այդ յիշատակով մեր կեանքը վերադասաւորել, մեր առաջնահերթութիւնները ճշդել, յատկապէս մեր հարազատներուն ու մեր սիրելիներուն նկատմամբ մեր ունեցած պարտաւորութիւնները յստակացնել եւ այդ պարտականութիւններուն մէջ Աստուծոյ դերակատարութիւնը նշմարել: Առաջնորդ Սրբազանը յայտնեց, որ ծնողքն է, որ իր զաւակը բարեպաշտութեան մղումով Աստուծոյ տան պիտի ընծայէ, իր զաւկին առաջին քայլերը դէպի Աստուած պիտի ուղղէ, իր սեփական կենցաղին օրինակով օրինակ պիտի հանդիսանայ իր զաւկին, որպէսզի ան ալ Աստուծոյ ճամբէն քալելով ո՛չ միայն պատուէ իր հայրն ու մայրը, այլեւ` պատիւ բերէ Աստուծոյ, որ զայն աշխարհ կը ղրկէ իրմով կեանքին մէջ իրագործելու համար աստուածային ծրագիրները:

«Այս սկզբունքը մինչեւ երէկ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ կենդանի հաւատքի վերածուած իրողութիւն էր, բայց այսօր աշխարհիկ պայմաններու մէջ կարծէք բազմաթիւ սովորութիւններէ եւ բարեպաշտական արարքներէ հրաժարած ենք, որովհետեւ անպայմանօրէն կը փորձենք նորաձեւութեան հետեւելով նոր նկարագիր, նոր ուղղութիւն, նոր ձգտում եւ նոր իղձեր ունենալ, մինչդեռ մեր դարաւոր պատմութիւնը մեզի կը յուշէ, որ մեր ժողովուրդը իր տագնապներուն, տեսակաւոր վերիվայրումներու տակ իր Աստուծոյն հետ հաւատարմօրէն քալելով ինքզինք վերականգնեց եւ վերադարձաւ կեանքին», հաստատեց Առաջնորդ Սրբազանը` նկատել տալով, որ կը գտնուինք Մեծ պահոց նախօրեակին եւ կը պատրաստուինք մեր Տէրը դիմաւորելու մեր կեանքին մէջ, որպէսզի Իրմով վերստին մեր կեանքը նորոգենք եւ վերահաստատենք: Առաջնորդ սրբազանը հարց տուաւ, թ՞է ինչ սպասումներով, ի՞նչ ակնկալութեամբ, ի՞նչ տեսակի որոշումներով կը ծրագրենք զԱստուած դիմաւորել` աւելցնելով, որ պէտք է Ս. հոգին մեզի խօսի եւ մեր քայլերը կրկին անգամ դէպի եկեղեցի եւ հոգեւոր կեանք առաջնորդէ, որպէսզի մենք ալ Աստուծոյ լոյսը տեսնենք եւ անոր առաջնորդութեամբ յաղթահարենք մեր դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ կրկին վերադառնանք կեանքի արշալոյսին: Առաջնորդ Սրբազանը բացատրեց, որ այս սկզբունքը նախաքրիստոնէական շրջանին մեր նախահայրերը զարգացուցած են իրենց կեանքին մէջ տարուան այս եղանակին խարոյկ վառելով, որպէսզի այդ խարոյկին ընդմէջէն պատուեն բնութեան ծոցին մէջ գտնուող ուժերը եւ մանաւանդ լոյսը, որուն բացակայութեան պատճառով այսօր բոլորս ալ շուարած ենք եւ կը դժուարանանք ճշմարիտը, իրականը, արժէքաւորը զատորոշել կեանքը խճողող տեսակաւոր երեւոյթներուն մէջ: Առաջնորդ Սրբազանը ըսաւ, որ մենք ալ մեր կեանքին մէջ զարգացած սովորութիւններուն եւ աւանդութիւններուն համաձայն պիտի վառենք խարոյկը` աղօթելով, որ Աստուած մեր կեանքին մէջ իր լոյսը հաստատէ, մեր մթագնած ներաշխարհը լուսաւորէ եւ մեզ տանի իր անմահական պարգեւներուն:

Այնուհետեւ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ վառեցաւ աւանդական խարոյկը: