Կիրակի, 23 հոկտեմբեր 2022-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-էն սկսեալ, Լիբանանի հայոց թեմի 15 եկեղեցիներու շրջափակերուն մէջ տեղի ունեցան Ազգային երեսփոխանական ընտրութիւնները ժողովրդային ազատ քուէարկութեամբ, ընտրելու թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովին համար 36 նոր Ազգային աշխարհական երեսփոխաններ:
Ընտրութիւնները տեղի ունեցան հեզասահ ընթացքով եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ:
Ընտրական աշխատանքներու ընդհանուր ընթացքին եւ մթնոլորտին մօտէն հետեւելու նպատակով, Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետ Պարոյր Տէր Ղուկասեան այցելեց թեմի եկեղեցիները եւ հանդիպում ունեցաւ թաղականութիւններուն հետ, ինչպէս նաեւ բոլոր շրջաններուն մէջ Ազգային երեսփոխանական ընտրութիւններուն համար նշանակուած ընտրական յատուկ յանձնախումբերուն հետ:
Ազգային վարչութեան անդամները եւս ացելեցին բոլոր շրջանները եւ հետեւեցան ընտրական աշխատանքներուն:
Յայտնենք, որ Ազգային երեսփոխանական ժողովը Լիբանանի հայոց թեմի օրէնսդիր բարձրագոյն ժողովն է, բաղկացեալ` 42 երեսփոխաններէ, որոնցմէ 36-ը` աշխարհական, որոնք կ՛ընտրուին ժողովուրդին կողմէ, իսկ 6 հոգեւորական երեսփոխաններ (ընդհանուր համեմատութեան մէկ եօթներորդը) կ՛ընտրուին թեմի հոգեւորականաց համագումարին կողմէ:
Ազգային երեսփոխանական ժողովը հիմնական դերակատարութիւն ունի մեր ազգի պահպանութեան ճիգին մէջ եւ այդ ժողովին պարտաւորութիւնը մեծ է ազգին նկատմամբ: