Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Տօնախմբութեան Մթնոլորտ` Լէյլաւանի Մէջ. Օծում` Ֆանարի Մատրան Նորակառոյց Մկրտարանի

Անցնող շաբաթավերջին տօնախմբութիւն էր Ֆանարի շրջանի հայութեան համար: Արդարեւ, շաբաթ, 21 հոկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Ֆանարի մատրան մէջ տեղի ունեցաւ ժամերգութիւն եւ ոչխարներու զենում, որուն յաջորդեց մատաղի պատրաստութիւնը, որ տեւեց մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամեր:

Մատաղի պատրաստութեան զուգահեռ, մատրան կողքին գտնուող շրջափակին մէջ տիրեց ընկերային ճոխ մթնոլորտ մը: Շրջանին մէջ գործող միութիւնները, ինչպէս` ՀՄԸՄ, ԼՕԽ, ԼԵՄ, Ֆանարի մատրան տիկնանց յանձնախումբը, տարբեր կրպակներու մէջ համադամ ճաշեր վաճառեցին, մինչ «Բարեւ փոքրիկներ» խումբը զուարճացուց մանուկները` երգերով եւ խաղերով: Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը:

Կիրակի, 22 հոկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Լէյլաւանի մուտքին տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն` ի պատիւ Լիբանանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ.  Շահէ Եպս. Փանոսեանի: Այնուհետեւ թափօրը, առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, ուղղուեցաւ դէպի մատուռ, ուր Սրբազան Հայրը մատուցեց Ս. պատարագ: Պատարագի ընթացքին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը օծեց նորակառոյց մկրտարանը, որուն բարերարն էր Սարօ Տաւոյեան:

Իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը յորդորեց ներկաները սիրով ճանչնալու զԱստուած` աւելցնելով, որ բաւարար չէ միայն ճանչնալ եկեղեցին, զԱստուած, հայութիւնը, ազգը, այլ նաեւ պէտք է մօտենանք, սիրենք, որպէսզի լաւապէս ճանչնանք:

Անդրադառնալով հաւատքի եւ ինքնութեան պահպանման հարցին` Սրբազան Հայրը ցաւով յայտնեց, որ ներկայիս վտանգուած է մեր ինքնութիւնը, մեր աւանդութիւնները հետզհետէ կը կորսուին, եւ պահը հասած է, որ սթափինք եւ վերականգնենք մեր աւանդութիւնները:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք, որմէ ետք «Է. Ակնունի» ժողովրդային տան մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան: Ֆանարի մատրան թաղականութեան ատենապետ Խաչիկ Էլէյճեան, բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, նկատել տուաւ, որ թաղականութիւնը աշխատանք պիտի տանի բարգաւաճեցնելու մատուռը, որպէսզի անիկա աւելի մօտենայ ժողովուրդին եւ նոյնպէս ժողովուրդը մօտենայ մատրան:

Սրբազան Հայրը իր ելոյթին մէջ վեր առաւ Լէյլաւանի շրջանի հայութեան կապուածութիւնը մատրան հետ` գնահատելով եւ քաջալերելով թաղականութեան տարած աշխատանքը մատրան վերականգնման եւ բարեզարդման հոլովոյթին մէջ:

Այնուհետեւ իր երկար տարիներու ծառայութեան համար` իբրեւ թաղականութեան անդամ եւ դպրաց դասի ատենապետ, Նազարէթ Սթիլեանին յանձնուեցաւ յուշանուէր մը:

Սիրոյ սեղանի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր. Րաֆֆի Կէօվօղլանեան մեկնաբանեց երգերու փունջ մը, Արազ Էլէյճեան ասմունքեց Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին հայկական» բանաստեղծութիւնը, Նուշիկ Սէֆէրեան մեկնաբանեց «Տունն իմ հայրենի» երգը: