Առաջնորդարան Հայոց Լիբանանի

Քաղցկեղի Կանխարգիլման Դասախօսութիւններու Շարք` Թիւ 2. Տոքթ. Համբիկ Քուրիէ Դասախօսեց «Թոքերու Քաղցկեղ» Նիւթը

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արքեպիսկոպոսի, կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի ընկերային յանձնախումբին եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին, քաղցկեղի կանխարգիլման նիւթով դասախօսութիւններու շարքին երկրորդը` «Թոքերու քաղցկեղ» նիւթը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 11 ապրիլին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ: Դասախօսն էր քաղցկեղի մասնագէտ տոքթ. Համբիկ Քուրիէ:

 

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի ընկերային ծառայող Գէորգ Փոնթիկեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ յայտնեց, որ առաջնորդ սրբազան հայրը ինք նախաձեռնած է դասախօսական այս շարքին, որ կը վայելէ իր հովանաւորութիւնը: Ան յոյս յայտնեց, որ Ազգային առաջնորդարանի եւ ԼՕԽ-ի միջեւ գործակցութիւնը շարունակուի եւ ընդգրկէ այլ մարզեր: Ապա Գէորգ Փոնթիկեան անդրադարձաւ դասախօսական շարքի նպատակին, որ խորհուրդներ եւ գիտելիքներ տրամադրելն է, որովհետեւ առողջ ապրիլը կը պահանջէ աշխատանք եւ գիտելիքներու գործադրութիւն: Անհրաժեշտ է հերթականօրէն կատարել տարբեր ախտորոշիչ քննութիւններ, որոնցմով կանուխ ախտորոշելով հիւանդութիւնը կարելի ըլլայ հասնիլ լաւագոյն բուժման եւ ընդհանրապէս հիւանդութիւններու վերացման: Ան ըսաւ, թէ առողջութիւնը գանձ մըն է եւ պէտք է խնամել ու գնահատել այդ գանձը:

 

Այնուհետեւ հրաւիրեց քաղցկեղի մասնագէտ տոքթ. Համբիկ Քուրիէն ներկայացնելու «Թոքերու քաղցկեղ» նիւթը:  Ան նշեց, որ թոքերու քաղցկեղին առաջքը առնելը քննութիւններով չի ճշդուիր: Թոքերու քաղցկեղին բուն պատճառը ծխախոտն է, որուն մէջ ներառուած են նաեւ կլկլակը եւ սիկառը, որոնք մեծ համեմատութիւն կը կազմեն: Այս հիւանդութիւնը շատ արագ կը զարգանայ:

Տոքթ. Համբիկ Քուրիէ յայտնեց, որ տարեկան մէկուկէս միլիոն մարդ կը մեռնի աշխարհի վրայ թոքերու քաղցկեղի պատճառով: Ծխախոտէն զատ օդի ապականումը երկրորդ գլխաւոր պատճառն է այս հիւանդութեան: Երրորդ պատճառը աւելի նուազ համեմատութեամբ ժառանգական ազդակն է: Ան ըսաւ, թէ ծխախոտը հասարակաց բոլոր վայրերուն մէջ պէտք է արգիլուի` նկատի ունենալով իր գործած աւերը: Ծխախոտը միայն թոքերու քաղցկեղ  չի պատճառեր, այլ նաեւ կոկորդի, խռչափողի: Լիբանանի մէջ ծխողներու համեմատութիւնը շատ բարձր է` մօտաւորապէս 40 – 45 առ հարիւր: Ասոնք ահազանգային թիւեր են, որոնք կը պատճառեն թոքերու քաղցկեղ: Այս հիւանդութիւնը մահացու է, որովհետեւ բուժման ձեւերը շատ դժուար են: Եթէ հիւանդը գործողութեամբ չառողջանայ, վեցէն տասներկու ամիս միայն կ՛ապրի: Թոքերու քաղցկեղի հիւանդութեան 87 առ հարիւրը ծխախոտի պատճառով է:

Ապա ան նշեց այս հիւանդութեան ախտանշանները, ինչպէս` արիւնով հազը, տաքութիւնը, բորբոքումը, շունչի նեղութիւնը, ձայնի փոփոխութիւնը, կշիռք կորսնցնելը: Պէտք է զգուշ ըլլալ յարատեւ անթիպայոթիք առնելէ եւ անմիջապէս պէտք է թոքերու նկար կատարել: Եթէ անհատ մը երկու անգամ պրոնշիթ ըլլայ, պէտք է կանխազգուշանալ: Անմիջապէս պէտք է ծխելը դադրեցնել: Երբ հիւանդութեան ախտանշանները տեսնուին, պզտիկ արեան քննութիւն եւ կուրծքի էքս ռէյ ու սքանըր նկար պէտք է կատարել:

Ի՞նչ են ձեւերը թոքերու քաղցկեղը բուժելու: Միակ ձեւը գործողութիւնն է, եթէ տարածուած չէ այլ տեղ մարմնին մէջ: Ապա կայ քիմիոթերափին եւ իմիունոթերափին, որոնց դեղահատերը աժան չեն:

Տոքթ. Համբիկ Քուրիէ ահազանգ հնչեցուց թոքերու քաղցկեղի հիւանդութեան համեմատութեան բարձրացման իմաստով եւ յոյս յայտնեց, որ համեմատութիւնը նուազի հասարակաց վայրերու մէջ ծխելը արգիլելու օրէնքը վերահաստատելով:

Աւարտին ներկաները հարցումներ ուղղեցին տոքթ. Համբիկ Քուրիէին, որ սպառիչ լուսաբանական պատասխաններ տուաւ: Ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: